ՄԱՌԱԽՈՒՂԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Ի՞նչ է «մա­ռա­խուղ»ը։ Բնու­թեան ա­նո­րա­կե­լի «խա­բե­բան» է ան, որ ո՛չ մար­մին ու­նի, ո՛չ նպա­տակ, ո՛չ գոյն եւ ո՛չ ալ հոտ՝ որ իր յայտ­նու­թիւ­նը ար­դա­րաց­նէ։ Բնու­թեան մէջ չա­րա­դէպ եւ չա­րա­դէտ մի­ջամ­տու­թիւն մը՝ ա­նի­մաստ ու անն­պա­տակ ե­րե­ւոյթ մըն է ան, ան­շուշտ ե­թէ կա­րե­լի է ը­սել ա­նոր «ե­րե­ւոյթ»։ Մա­ռա­խու­ղը ար­գե՛լք մըն է բա­րիին, դրա­կա­նին, օգ­տա­կա­րին, լոյ­սին եւ լու­սե­ղէն ա­մէն էու­թեան՝ քաղցր ժպի­տին, ան­կեղծ ա­մէն ար­տա­յայ­տու­թեան։ Խա­փա­նա­րար մըն է մա­ռա­խու­ղը՝ անն­պա­տակ եւ ա­նի­մաստ։ Խնդու­թիւ­նը տրտմու­թեան, ու­րա­խու­թիւ­նը տխրու­թեան վե­րա­ծող, ի՜նչ ը­սենք, «սա­տա­նա­յա­կան դա­ւադ­րու­թի՛ւն» մը՝ Աս­տու­ծոյ կամ­քին եւ սի­րոյն դէմ. խառ­նա­կիչ մը՝ գի­շեր ու ցե­րեկ, տե­ւա­պէս չա­րիք ստեղ­ծող։ «Գո՛ղ» մըն է ան՝ խա­ւա­րին եւ լոյ­սին, պատ­ճա­ռը՝ «մա­հուան շու­քի ձո­րին»։ Խառ­նա­ծի­նու­թեան ար­դիւնք ե­րե­ւոյթ մըն է մա­ռա­խու­ղը։ Մա­ռա­խու­ղը իր այս նկա­րագ­րով եր­բեք սի­րե­լի չէ՝ ո՛չ բնու­թեան մէջ եւ ո՛չ ալ մար­դուս մէջ։

Իր այս ե­րե­ւոյ­թով եւ նկա­րագ­րով ան «վա­տու­թեան» հո­մա­նիշն է. որ­քան բնու­թեան մէջ եւ նո՛յն­քան մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ, քա­նի որ ա­նոր ա­մէն գոր­ծը ժխտա­կան է եւ խա­փա­նա­րա՛ր։

Այն մարդ­կա­յին բնա­ւո­րու­թիւ­նը որ ան­կեղ­ծու­թիւն եւ վստա­հու­թիւն չի ներշն­չեր, «մա­ռա­խու­ղա­յին» է, քա­նի որ յայտ­նի չէ՛ թէ՝ բա­րի է, թէ չար, յայտ­նի չէ՛ թէ՝ լոյս է թէ խա­ւար, լու­սա­ւոր թէ մութ։ Եւ այն նկա­րա­գիր­նե­րը ո­րոնք ան­կա­յուն են, յա­րա­փո­փոխ, ա­նոնք անվս­տա­հե­լի են եւ ան­սի­րե­լի՝ ի­րենց բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Ի՞նչ պէտք է հասկ­նալ «մա­ռա­խու­ղա­յին նկա­րա­գիր» բա­ցատ­րու­թեամբ։

«Մա­ռա­խու­ղա­յին նկա­րա­գիր» ա­սա­ցուած­քէն այն կը հասկ­նանք, ի՛նչ որ կը հասկ­նանք «մա­ռախ­լա­պատ օդ» բա­ցատ­րու­թե­նէն։ Քա­նի որ մա­ռա­խու­ղը ա­նո­րո­շու­թի՛ւն կը ներ­կա­յաց­նէ, քա­նի որ ան՝ լոյ­սին վրայ նե­տուած «թաց քօղ»ի մը նման կը ծած­կէ ա­մէն ճշմար­տու­թիւն, կը յե­ղաշր­ջէ ա­մէն ճշդու­թիւն։ Մա­ռա­խու­ղին մէջ հասկ­նալ կա­րե­լի չէ՛ թէ ո՛րն է շի­տա­կը, ո՛րն է սխա­լը, ո­րը՝ ի­րաւ եւ ո­րը սուտ է, կա­րե­լի չ՚ըլ­լար հասկ­նալ, երբ ան պա­տած ու ծած­կած է ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն։

Նոյն­պէս է նաեւ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը, եր­կե­րե­սու­թիւ­նը, նեն­գու­թիւ­նը, խար­դա­խու­թիւ­նը՝ ո­րոնք կը քօ­ղար­կեն մարդ­կա­յին հո­գիին բիւ­րե­ղեայ յստա­կու­թիւ­նը, հա­րա­զա­տու­թիւ­նը, սպի­տակ մաք­րու­թիւ­նը, ան­խար­դախ ճշմար­տու­թիւ­նը եւ սրբու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ կեղ­ծա­ւոր եւ նեն­գա­միտ մար­դու մը նկա­րա­գի­րը կ՚աղ­տե­ղէ, ցե­խով կը պա­տէ ճշմար­տու­թիւ­նը, կ՚ան­պա­տուէ եւ կ՚ա­պա­կա­նէ պա­տուա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը պղծէ հո­գին։

Ուս­տի բնու­թեան մէջ օրհ­նու­թիւն է անձ­րե­ւը, օրհ­նու­թիւն է նաեւ ձիւ­նը, իսկ մա­ռա­խու­ղը ա­նէծ­քի մը նման կ՚իջ­նէ բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն՝ օրհ­նու­թիւն­նե­րուն վրայ, կ՚ա­պա­կա­նէ ա­մէն բա­րիք, ա­մէն գե­ղեց­կու­թիւն եւ կը խա­փա­նէ ճշմար­տու­թիւ­նը։

Բայց ցա­ւա­լին այն է, որ մա­ռա­խու­ղը կ՚ը­նէ այս բո­լո­րը՝ բո­լո­րո­վին անն­պա­տակ եւ ա­նի­մաս­տօ­րէն։ Եւ մա­ռա­խու­ղին առ­կա­խեալ ան­տե­սա­նե­լի գո­լոր­շի­նե­րուն նման՝ մարդ­կա­յին հո­գիին մէջ ալ, ա­նոր ջինջ ու մա­քուր մթնո­լոր­տին մէջ կը ստեղ­ծուին եւ կը խտա­նան ա­մէն չա­րու­թիւն՝ չա­րա­կա­մու­թիւն, փա­ռա­մո­լու­թիւն, ստա­խօ­սու­թիւն, նա­խանձ, սնա­պար­ծու­թիւն, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, անհ­նա­զան­դու­թիւն, հպար­տու­թիւն եւ մեղ­քի ամ­բողջ վա­տա­ռողջ ըն­տա­նի­քը՝ մին­չեւ տա­սը սե­րո՜ւնդ։

Եւ երբ նա­յինք մեր շուր­ջը, դժբախ­տա­բար ներ­կայ ըն­կե­րու­թեան մէջ, ա­ւա՜ղ, բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր մա­ռա­խու­ղը հետզ­հե­տէ կը տա­րա­ծուի, կը տի­րա­պե­տէ եւ տա­կաւ վա­նե­լու վրայ է ճշմար­տու­թեան, գե­ղեց­կու­թեան եւ բա­րու­թեան պայ­ծառ լոյ­սը, ար­դա­րու­թեան եւ սի­րոյ փայ­լը եւ ա­նոնց տեղ կը զե­տե­ղէ ա­տե­լու­թիւն, ա­նի­րա­ւու­թիւն, ա­նար­չա­րու­թիւն, ա­մէն տե­սակ չա­րիք, կաս­կած, անվս­տա­հու­թիւն, ա­նա­պա­հո­վու­թիւն, դաւ, խա­բէու­թիւն եւ ա­մէն ինչ որ հետզ­հե­տէ մարդ էա­կին այ­լա­սեր­ման պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նան։

Ի­րա՛ւ է որ Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ ան­պայ­ման պի­տի պա­տա­հին, քա­նի որ մար­դուս հա­մար ան­խու­սա­փե­լի են փոր­ձու­թիւն­ներ այս աշ­խար­հի վրայ եւ քա­նի որ հոն միշտ կա՛ն նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ։

«Վա՜յ աշ­խար­հին, քա­նի գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րը ան­պա­կաս են հոն։ Գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ ան­պայ­ման պի­տի պա­տա­հին…» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։

«Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք…» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուս­տի մարդ չկա՛յ որ ան­մեղ, անս­խալ ըլ­լայ, խա­բե­բա­յու­թիւն, սուտ, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, խար­դա­խու­թիւն եւ բո­լոր մեղ­քեր, փոր­ձու­թիւն­ներ ան­խու­սա­փե­լի են մարդ էա­կին հա­մար։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլ­լայ մարդ ա­նոնց հան­դէպ, քաջ ըլ­լայ ա­նոնց դէմ մղուած ար­դար պայ­քա­րին մէջ, եւ մա­նա­ւա՛նդ, երբ իյ­նայ, պէտք է գիտ­նայ կանգ­նի՛լ, կանգ­նե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ քա­ջու­թիւ­նը պէտք է զգայ իր հո­գիին մէջ եւ մտա­պէս պատ­րաստ ըլ­լայ զա­նոնք գոր­ծադ­րե­լու իր ա­լե­կոծ կեան­քին մէջ…։

Մարդ որ­քան ալ մարմ­նա­պէս ինք­զինք կա­տա­րեալ եւ զօ­րա­ւոր կար­ծէ, պէտք է գիտ­նայ ար­ժէ­քը զա­նոնք պահ­պա­նե­լու, տե­ւա­կա­նաց­նե­լու, այ­սինքն հո­գիի եւ մտա­ւոր կեան­քի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նայ։ Այ­լա­պէս իր ֆի­զի­քա­կան էու­թիւ­նը ա­նա­պա­հով կ՚ըլ­լայ եւ թե­րի կը մնայ բան մը՝ որ պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ իր մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թեան վատ­թա­րաց­ման։ Թէ ի՞նչ է այդ հո­գե­կան եւ մտա­ւոր զօ­րու­թիւ­նը, որ կ՚ազ­դէ մար­դուս մարմ­նա­կան կեան­քին վրայ։

Մար­դուս «ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն»ն է այն, որ բա­րո­յա­պէս կը զօ­րաց­նէ, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ մար­դը։ Եւ այս ներ­քին խա­ղա­ղու­թեան ար­ծա­թա­շող հո­րի­զո­նին վրայ՝ կը փա­րա­տի, կը չքա­նայ մարդ­կա­յին ան­բա­րոյ կիր­քե­րուն «մա­ռա­խուղ»ը՝ որ սփռած է իր թաց քօ­ղը։ Մա­ռա­խու­ղի այս քօ­ղին ներ­քեւ կը ծած­կուին ա­մէն ա­ռա­քի­նու­թիւն, բա­րու­թիւն եւ գե­ղեց­կու­թիւն եւ մարդ­կա­յին ան­կեղծ յոյ­սով ակն­կա­լուած «նոր եր­կինք»ի եւ «նոր կեանք»ի փո­խա­րէն ե­րե­ւան կու գայ «հին եր­կինք»ը, «հին կեանք»ը եւ մարդս կը թո­ղու ա­ռանց եր­կին­քի, իր զզուե­լի տգե­ղու­թեամբ եւ զազ­րե­լի չա­րու­թեամբ։ Եւ բնու­թեան մա­ռա­խու­ղէն շա՜տ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար ըլ­լալ կը թուի մարդ­կա­յին մա­ռա­խու­ղա­յին նկա­րա­գի­րը։ Ան վտան­գա­ւոր է եւ վնա­սա­կար, քա­նի որ կը խան­գա­րէ մար­դուս ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որ կ՚ազ­դէ նաեւ մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թեան վրայ։

Ներ­քին խա­ղա­ղու­թեան եւ մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թեան ար­գելք հան­դի­սա­ցող մա­ռա­խու­ղա­յին ա­մէն նկա­րա­գիր՝ եր­ջան­կու­թեան եւ ե­րա­նու­թեան խոս­տա­ցեալ ա­րե­ւը ծած­կող «դա­ւա­ճան»ներ են մարդ­կու­թեան, մարդ­կա­յին կեան­քի։ Եւ ու­րեմն զգոյշ ըլ­լա­լու է՝ հե­ռու մնա­լու է մա­ռա­խու­ղա­յին նկա­րա­գիր­նե­րէ, եր­ջան­կու­թեան լու­սա­պայ­ծառ ա­րե­ւը՝ խա­փա­նող այս դա­ւա­դիր­նե­րէն, ո­րոնք ո՛չ մէկ օ­գուտ ու­նին մարդ­կու­թեան, ե­թէ նոյ­նիսկ հա­շուի չառ­նուի ի­րենց պատ­ճա­ռած բազ­մա­տե­սակ վնաս­նե­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 2, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017