Ծաղ­կա­ձո­րի Մէջ Ե­ռօ­րեայ Հան­գիս­տ

Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­սա­նո­ղա­կան աշ­խոյժ հան­գիստ: Ծաղ­կա­ձոր գա­ցին 200 ջա­ւախք­ցի ու­սա­նող­ներ՝ հանգս­տա­նա­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու բազ­մա­թիւ մրցում­նե­րու:

Այս հան­գիս­տը շատ մեծ կա­րե­լիու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ ջա­ւախ­ցի ու­սա­նող­նե­րուն՝ ան­գամ մը եւս հա­ւա­քուե­լու նոյն յար­կին տակ, ա­ռա­ւել սերտ հա­ղոր­դակ­ցե­լու եւ ի­րա­րու հետ հե­տաքրք­րա­կան ժա­մա­նակ ան­ցը­նե­լու:

Ա­ռա­ջին օ­րը մաս­նա­կից­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան «Մայ­րա­քա­ղաք» մրցոյթ-խա­ղին՝ ցու­ցա­բե­րե­լով աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն, խա­ղը ըն­թա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ եւ բուռն մրցակ­ցա­յին քննար­կում­նե­րով: Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցան այլ մրցոյթ­ներ եւ ազ­գա­յին պա­րե­րու ու­սու­ցում: Մրցոյթ-խա­ղե­րուն մէջ յաղ­թող­նե­րը պար­գե­ւատ­րուե­ցան բա­ժակ­նե­րով եւ մե­տայլ­նե­րով:

Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ մաս­նա­կից­նե­րը հան­դի­պե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր, «Ջա­ւախք» հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Շի­րակ Թո­րո­սեա­նի, «Ջա­ւախք» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ար­մէն Ա­ւե­տի­սեա­նի, «Ջա­ւախք» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ար­տիու­շա Գրի­գո­րեա­նի, «Ջա­ւախք» ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Էտ­կար Չա­խո­յեա­նի հետ: Ա­նոնք պա­տաս­խա­նե­ցին ու­սա­նող­նե­րուն հար­ցում­նե­րուն եւ քննար­կե­ցին զա­նոնք մտա­հո­գող հար­ցե­րը: Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ ձեռ­նար­կի հո­վա­նա­ւոր «Տա­շիր» հիմ­նադ­րա­մին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

Ե­լոյթ մը ու­նե­նա­լով, Էտ­կար Չա­խո­յեան նախ ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը, ա­պա ներ­կա­յա­ցուց 200 ջա­ւախք­ցի­նե­րուն ե­ռօ­րեայ աշ­խոյժ ծրագ­րին կազ­մա­կերպ­ման օ­րա­կարգն ու մաս­նակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րը։

Խօս­ք ա­ռաւ նաեւ Շի­րակ Թո­րո­սեան: «Այս ձեռ­նար­կը ան­նա­խա­դէպ է ջա­ւա­խ­քա­հայ ու­սա­նո­ղու­թեան պատ­մու­թեան մէջ: Մեր նպա­տակն է ա­ւե­լի միաս­նա­կան դարձ­նել ձեզ: Մենք միաս­նա­կա­նու­թեամբ է, որ ու­ժեղ ենք: Կ՚ապ­րինք այլ պե­տու­թեան տա­րած­քի վրայ եւ կրնանք պա­հել մեր ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը՝ ա­ռա­ւել բարձր մա­կար­դա­կով», ը­սաւ ան ու նշեց նաեւ, որ միշտ, ո­րե­ւէ հար­ցով պատ­րաստ է ա­ջակ­ցե­լու ջա­ւախ­ցի ու­սա­նող­նե­րուն: Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին Ջա­ւախ­քի հար­ցե­րը եւ փոր­ձե­ցին միա­սին լու­ծում­ներ գտնել: Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին ու­սա­նող­նե­րը ի­րենց խոր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ ծրագ­րի հո­վա­նա­ւոր­նե­րուն:

Բաց աս­տի, մաս­նա­կից­նե­րուն նպա­տակ­նե­րէն մէկն էր ձեռք բե­րել նոր ըն­կեր­ներ եւ հա­ճե­լի ժա­մա­նակ ան­ցը­նել մտեր­միկ մի­ջա­վայ­րի մէջ: Մաս­նա­կից­նե­րէն Ա­նի Մեհ­րա­բեան լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ. «Ծաղ­կա­ձո­րի մեր հան­գիս­տը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ճիշդ այն­պի­սին էր, ինչ­պի­սին պէտք էր որ ըլ­լար: 200 ջա­ւախ­ցի ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­ւա­քուե­ցան այն­պի­սի վայ­րի մը մէջ, ուր ա­պա­հո­վուած էին բո­լո­րին լաւ ժա­մա­նակն ու հան­գիս­տը: Յու­սամ, որ շու­տով կրկին այս­պի­սի ձեռ­նարկ­ներ կը կրկնուին եւ կը հա­մախմ­բեն ջա­ւա­խա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը»:

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017