ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Դէ­պի Փա­րիզ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան սկիզ­բին Սերժ Սարգ­սեան ֆրան­սա­կան գոր­ծա­րար աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ հա­ւա­քոյ­թի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ՝ «Ֆրան­սա­յի ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու շար­ժում» (MEDEF) կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն ներս։ Այս հան­դի­պու­մէն վերջ ան ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի Պուր­կո­նեան պա­լատ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Քլոտ Պար­թո­լո­նի հետ։ Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­կօ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս հիւ­րըն­կա­լեց Սերժ Սարգ­սեա­նը, ո­րուն ի պա­տիւ սար­քուե­ցաւ նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Լիւք­սեմ­պուր­կեան պա­լա­տէն ներս Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահ Ժե­րար Լար­շէի հետ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, բնա­կա­նա­բար, օ­րուան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ։ Սերժ Սարգ­սեան ըն­դու­նուե­ցաւ իր ֆրան­սա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի կող­մէ։ Նա­խա­գահ­նե­րը նախ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, որ­մէ վերջ գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր ստո­րագ­րուե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Սարգ­սեան եւ Օ­լանտ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Օ­րուան ա­ւար­տին Ֆրան­սուա Օ­լանտ Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մըն ալ սար­քեց ի պա­տիւ իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցին։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017