ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԱՐԵՒԱԳԱԼԸ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի երկրորդ Արեւագալի արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ղեկավարութեամբ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի։ Ներկայ էին նաեւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ եկեղեցին լեցուած էր մեր զանազան թաղերէն փութացած հաւատացեալներով։ Օրուան քարոզին մէջ հանդիսադիր հայր սուրբը շնորհաւորեց Համաշխարհային կանանց օրը եւ բացատրեց, որ Աստուծմէ հեռու մնալը ինչպիսի զրկանքներ կը պատճառէ մարդ արարածին։
«Տէր ողորմեայ»ի երգեցողութեամբ եւ ջրօրհնէքով օրուան արարողութիւնները հասան իրենց աւարտին։
Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը աւելի վերջ յարակից սրահին մէջ սարքեց պահքի սեղան մը։ Տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան հաւատացեալները, որոնք անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։