Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Իսթանպուլահայ զանազան հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ կանայք երէկ Մարտի 8-ի առթիւ համախմբուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ «Կիւլպէնկեան» սրահի մէջ սարքուած սիրոյ սեղանով անոնք նշեցին Համաշխարհային կանանց օրը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիւրընկալ Սկիւտարի տիկնանաց կազմի ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան եւ Թագուհի Կիւլ, որ կը գլխաւորէ տիկնանց յանձնախումբերը համակարգող մարմինը։
Սիրոյ սեղանի աւարտին տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները խորհրդակցեցան այս եղանակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցին շուրջ։
Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017