ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին շփումներ կ՚ունենան Պաքուի մէջ, ուր կը տեսակցին Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։
Միջնորդներու այցելութեան ընդառաջ Մինսքեան խմբակի նախկին ամերիկացի համանախագահը՝ Ճէյմս Ուորլիք հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի Ձայն» ռատիօկայանին։ Ըստ իրեն, ցարդ պարզ չէ, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ։ Արդարեւ, գոյութիւն չունի անկախ աղբիւր մը, որ պիտի տեղեկացնէ, թէ ո՛վ առաջին հերթին կրակ բացած է։ Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, խաղաղութիւնը իր հետ կը բերէ որոշ ռիսքեր եւ պէտք է քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը։ Ուորլիքի խօսքերով, հակամարտութեան գօտիէն ներս կարգավիճակի պահպանումը իրականութեան մէջ խաղաղութիւն չ՚ապահովեր։ Կարգավիճակը կայուն չէ, ինչ որ աւելի հաւանական կը դարձնէ պատերազմի վտանգը։ Մինչդեռ խաղաղութիւնը ամէն ինչ պիտի փոխէ, տարածքաշրջանէ ներս ամէն ինչը պիտի փոխէ։ Հայաստանի պարագային ան պիտի ապահովէ տնտեսական աճ՝ նոր հնարաւորութիւններու հսկայական ուղիներու բացումով։ Ըստ Ուորլիքի, հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական արգելքը կողմերու մօտ քաղաքական կամքի պակասն է։ «Երկու նախագահներն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան յառաջ շարժելու։ Երկուքն ալ, ոչ թէ մէկը կամ միւսը, այլ երկուքն ալ պէտք է որոշեն, թէ եկած է խաղաղութեան ժամանակը, իսկ խաղաղութիւնը իր հետ կը բերէ ռիսքեր», ըսաւ Ճէյմս Ուորլիք։
Հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը բաղկացած է բազմաթիւ գործօններէ եւ անոնք բոլորն ալ պէտք է մշակուին։ Երկու նախագահներն ալ պէտք է խաղաղութեան պատրաստեն իրենց ժողովուրդները։ Կարեւոր է հասկնալ, որ պէտք է քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, պէտք է խօսիլ նաեւ Ատրպէյճանի տարածքներու վերադարձուելուն մասին։
Հարցազրոյցի ընթացքին Ճէյմս Ուորլիք յիշեցուց, որ նոյնիսկ Ռուսաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու սառեցման տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը մնացած էր Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի սերտ համագործակցութեան առարկայ։ «Իմ նախկին ռուս գործընկեր, համանախագահ դեսպան Փոփովը ես կը համարեմ ոչ միայն գործընկեր, այլ նաեւ ընկեր», ըսաւ Ուորլիք։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ ան կը հաւատայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարելի է խաղաղութիւն հաստատել։ «Տարածքաշրջանի ժողովուրդը արժանի է խաղաղութեան։ Այժմ եկած է ժամանակը, եւ եթէ ոչ հիմա, ապա ե՞րբ», ըսաւ Ճէյմս Ուորլիք։
Հարցազրոյցի տեւողութեան ամերիկացի դիւանագէտը յիշեցուց, որ անցեալ տարի Ապրիլին կողմերը տուին բազմաթիւ զոհեր, սակայն ցարդ յայտնի չէ այդ զոհերուն յստակ թիւը։ «Ես կը փափաքիմ լսել մարդոց ձայնը, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիները բարձրաձայնեն, թէ եկած է խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը եւ նախագահները ստիպեն՝ կարգաւորման ճանապարհ գտնելու», եզրակացուց ամերիկացի դիւանագէտը։
Միջնորդներու Պաքու այցելութեան ընդառաջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսա։ Պաքուի մէջ եռանախահները հիւրընկալելէ վերջ, յառաջիկայ օրերուն Ալիեւն ալ պիտի մեկնի Փարիզ։ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ նախընթաց օր Սերժ Սարգսեանը հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, թէ իր երկիրը կրնայ օգտակար ըլլալ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Մենք Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր ենք։ Կ՚ուզենք գտնել պարտադիր քաղաքական լուծում մը եւ խուսափիլ վերջին ամիսներու եւ շաբաթներու ողբերգական դէպքերու կրկնութենէն։ Անհրաժեշտ է մշակել դրութիւն մը, որ թոյլ պիտի տայ իրականացնել դիտորդական առաքելութիւն եւ կանխարգիլել այն գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են խաղաղութեան դէմ», ըսաւ Ֆրանսուա Օլանտ՝ Սերժ Սարգսեանի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Իր կարգին, Սերժ Սարգսեանն ալ Փարիզի մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի միջազգային ուժերը ճնշում գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ պատերազմ մը կանխելու համար։ AFP-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ պատերազմի վտանգը մշտապէս առկայ պիտի ըլլայ այնքան ժամանակ, որ Ատրպէյճան չհամոզուի, թէ իսկապէս Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չունի ռազմական լուծում։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Ատրպէյճան չի պատկերացներ փոխադարձ զիջումներ, այլ կը կատարէ շանթաժ։ «Իրենց փոխզիջումը այն է, որ եթէ մենք ընդունինք իրենց բոլոր պահանջները, ապա անոնք ռազմական գործողութիւններու պիտի չվերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի հասարակութեան մօտ ձեւաւորուած է այն կարծիքը, որ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը ընդամէնը ժամանակի հարց է։
Միջնորդներու այս շաբաթավերջի շփումներուն ընդառաջ Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռապըրթ Սեքութան ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շատ ձգձգուած է եւ հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում։ Ամերիկացի դեսպանին համոզմամբ, խնդիրը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցաւ։ «Մենք մեր ուժերէն կախեալ ամէն ինչ կ՚ընենք՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսաւ Սեքութա։