ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ

Այ­սօր Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան Բարձր մա­կար­դա­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը։ Այս առ­թիւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը մեկ­նի Մոս­կուա, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։ Էր­տո­ղա­նին կ՚ըն­կե­րա­նան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք, Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Նի­հատ Զէյ­պէք­ճի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ծա­գած ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման զու­գա­հեռ՝ վեր­ջին եօթ ամ­սուան ըն­թաց­քին եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը այ­սօր կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց չոր­րորդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ Էր­տո­ղա­նի այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ Մոս­կուա­յի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նիյ­ա­հու։

Մոս­կուա­յի այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ու­նին ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կարգ մը։ Երկ­­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ կ՚առնուին ի­րենց բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան՝ Սու­րիոյ գլխա­ւո­րու­թեամբ այն տա­րած­­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք մաս կը կազ­մեն Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գին։

Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջին մէջ ման­րա­մաս­նօ­րէն պի­տի շօ­շափուի ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը։ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում), ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի եւ մնա­ցեալ բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­­պու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րը կը գտնուի կող­մե­րու ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ աչ­քէ կ՚ան­ցուին Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քը, ինչ­պէս նաեւ Ռաք­քա­յի ա­զա­տագր­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։

Բաց աս­տի, ռազ­մաար­դիւ­նա­­բե­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­­թեան տե­սան­կիւ­նէն ալ կա­­րե­ւոր ծրագ­րե­րու շուրջ պի­տի բա­նակ­ցին եր­կու կող­մե­րը։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիա կը ծրագ­րէ Ռու­սաս­տա­նէն S-400 հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր ա­պա­հո­վել։ Փոր­ձա­գի­տու­թեան փո­խանց­ման եւ կամ հա­մա­տեղ ար­տադ­րու­թեան տար­բե­րակ­նե­րը կը քննար­կուին նա­խա­գահ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Ի լրումն այս բո­լո­րին Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զա­ր­գաց­ման հե­ռան­կար­ներն ալ Մոս­կուա­յի մէջ կու գան օ­րա­կար­գի վրայ։ Այ­սօ­րուան ժո­ղով­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Այս առ­թիւ ռուս վար­չա­պե­տը տե­ղե­կա­ցուց, որ ջնջուած են սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Թուր­քիա­յէն ար­տա­ծուած շարք մը գիւ­ղատն­տե­սա­կան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Այ­սօ­րուան քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Թուր­քիոյ դէմ հաս­տա­տուած բռնա­մի­ջոց­նե­րու ամ­բող­ջու­թեամբ ջնջուե­լուն վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ կը քըն-նար­կուին։ Բաց աս­տի, կը նա­խա­տե­սուի եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ նոր հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ստո­րագ­րու­մը։

Գոր­ծա­րար աշ­խար­հը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի Մոս­կուա­յի այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, քա­ղա­քա­կան կլի­ման թէեւ փո­խուած է եւ կող­մե­րը քա­ղա­քա­կան կամք կը ցու­ցա­բե­րեն տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար, սա­կայն գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ թեքս­թի­լի ո­լորտ­նե­րուն մէջ առ­կայ են հար­ցա­կան­ներ։ Ռու­սա­կան կող­մը կը նա­խա­տե­սէ մին­չեւ 2020 թուա­կա­նը նուա­զեց­նել Թուր­քիա­յէն նե­րա­ծում­նե­րը այս եր­կու բնա­գա­ւառ­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն ռուս բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րած են այս ուղ­ղու­թեամբ։ Հե­տե­ւա­բար, այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն տնտե­սա­կան ե­րե­սա­կը կը ներ­կա­յաց­նէ չա­փա­զանց կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017