ՍԿԶԲՈՒՆՔԷ ԶՈՒՐԿ ԸԼԼԱԼ…

Մարդ էա­կին հա­մար յա­ճախ կ՚ը­սուի, թէ ա­նոր ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւնն է իր բա­նա­կա­նու­թիւ­նը՝ նկատ­մամբ բո­լոր միւս ապ­րող էակ­նե­րուն։ Ան ու­նի նաեւ «կամք» մը, որ կը գոր­ծա­ծէ իր բա­նա­կա­նու­թեա­նը շնոր­հիւ, եւ այս ալ կա­րե­ւոր ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է ու­րիշ էակ­նե­րու բաղ­դատ­մամբ։ Եւ մարդ կը խոր­հի, կը դա­տէ, կը խօ­սի եւ վեր­ջա­պէս այս ուղ­ղու­թեամբ կը գոր­ծէ, կը շար­ժի միշտ ըստ իր ո­րո­շում­նե­րուն եւ իր կամ­քը կը գոր­ծադ­րէ բա­նա­կա­նու­թեամբ։

Մարդ չի՛ գոր­ծեր եւ չի՛ շար­ժիր բնազ­դա­բար։

Բայց կա­րե­լի է որ իր դա­տո­ղու­թիւ­նը սխալ ճամ­բու ա­ռաջ­նոր­դէ մարդս եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ա­նի­րաւ ո­րո­շում­ներ առ­նէ եւ կամ ճիշդ ըլ­լայ իր դա­տո­ղու­թիւ­նը եւ ու­ղիղ ո­րո­շում­ներ առ­նե­լու ա­ռաջ­նոր­դէ զինք։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ «դա­տո­ղու­թիւն» կայ, կա՛յ նաեւ սխա­լանք, կա՛յ նաեւ տա­րօ­րի­նակ ո­րո­շում։ Բայց երբ կայ դա­տո­ղու­թիւն, պէտք է ըլ­լայ նաեւ «սկզբո՛ւնք»։­

Այս­պէս, սկզբուն­քի մը շուրջ կա­րե­լի է եւ «հա­ճե­լի՛»՝ ե­րի­տա­սարդ կամ տա­րի­քոտ, ու­սում­նա­կան կամ ա­նուս, ժա­մե­րով բա­նակ­ցին, հա­մո­լում­նե­րու փո­խա­նա­կու­թիւն ու­նե­նան եւ մին­չեւ իսկ ո­րո­շու­մի մը հաս­նին եւ հա­մա­ձայ­նու­թեան հիա­նա­լի՜ օ­րի­նակ մը տան։

Ուս­տի այս հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր պատ­ճառն է՝ սկզբուն­քի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը, սկզբուն­քի մը գո­յու­թիւ­նը՝ ինչ­պէս անն­շան եւ չնչին, նո՛յն­պէս եւ կա­րե­ւոր եւ յայտ­նի նիւ­թե­րու նկատ­մամբ։ Սկզբունք եւ կար­ծիք յայտ­նել ու պաշտ­պա­նել, գա­ղա­փար տալ եւ ըն­դու­նիլ, խնդալ եւ ու­րա­խա­նալ, նաեւ դա­տել, տրա­մա­բա­նել ա­մէն հար­ցի վրայ ա­զա­տօ­րէն՝ ըն­դու­նիլ, ի՛նչ որ միտ­քը կ՚ըն­դու­նի եւ մեր­ժե՛լ՝ ինչ որ միտ­քը կը մեր­ժէ։

Մար­դուս թէ՛ միտ­քը եւ սիր­տը եւ թէ՛ աչ­քը եւ ա­կան­ջը նո­րու­թիւ­նը եւ փո­փո­խու­թիւ­նը կը սի­րէ եւ այս կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը միա­ձեւ ա­ռար­կա­նե­րով ա­ռանց ձանձ­րու­թեան ա­նընդ­հատ գոր­ծա­ծե­լը եւ զբա­ղի­լը շատ քիչ ան­գամ կը տես­նուի։

Ու­րիշ խօս­քով՝ կը ձգտի նո­րու­թիւն­նե­րու եւ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, բայց ա­նոնք ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար եր­բեմն ո՛­չինչ կ՚ը­նէ, կը խոր­հի, կը խօ­սի բայց քիչ կը գոր­ծէ։ Մարդ­կա­յին բնու­թեան ընդ­հա­նուր տկա­րու­թիւն մը, թե­րու­թիւն մըն է ա­սի­կա։ Ուս­տի, սիր­տը մի եւ նոյն ա­ռար­կա­յի նկատ­մամբ տե­ւա­պէս մի եւ նոյն զգա­ցու­մը չի կրնար ու­նե­նալ. միտ­քը մի եւ նոյն մտա­ծու­թեամբ, աչ­քը մի եւ նոյն ա­ռար­կա­յին տե­սու­թեամ­բը եւ ա­կան­ջը մի եւ նոյն ձայ­նը լսե­լով չի կրնար շա­րու­նակ ժա­մա­նակ ան­ցը­նել։

Մար­դիկ երբ յար­մար մի­ջա­վայ­րը գտնեն՝ հա­ճոյք կը զգան եւ կը սկսին խորհր­դա­ծել ու խօ­սակ­ցիլ զա­նա­զան նիւ­թե­րու վրայ։ Մինչ «կա­րե­ւոր» հար­ցեր կը սկսին հետզհե­տէ յու­զել եւ վի­ճիլ բնա­կան մղու­մով մը։ Բայց եր­բեմն այդ «յար­մար մի­ջա­վայր»ին մէջ կրնան գտնուիլ նաեւ սկզբուն­քէ եւ գի­տակ­ցու­թե­նէ զուրկ «ան­յար­մար ան­ձեր» նաեւ։

Վտան­գէ մը չվնա­սուե­լու ա­մե­նէն կարճ եւ ազ­դու ճամ­բան՝ վնաս պատ­ճա­ռե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը զօ­րա­ւոր «վտանգ»էն հե­ռա­նա՛լն է։

Մարդ որ­քան հե­ռու մնայ «վտանգ»էն, այն­քան քիչ կը վնա­սուի, քիչ կը վի­րա­ւո­րուի։

Մի­ջա­վայ­րի մը մէջ՝ ըն­կե­րու­թեան մը մէջ, խորհր­դակ­ցու­թեան, խօ­սակ­ցու­թեան եւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման ա­տեն «վտանգ»ը այն է՝ որ սկզբուն­քէ զուրկ մէկն է. այն որ «գա­ղա­փար»ի գի­տակ­ցու­թիւ­նէ զուրկ է, այն որ չի գի­տեր իր չա­փը եւ կշի­ռը, այն որ «ինք­զինք ա­մե­նա­գէտ հա­մա­րե­լու դժբախտ նա­խա­պա­շա­րու­մին գե­րի»ն է դար­ձած եւ պատ­րաստ է ա­մէն կար­ծիք մեր­ժե­լու։ Ա­հա­ւա­սիկ ա­սի­կա ա­մե­նա­մեծ վտա՛նգն է հա­մա­խո­հու­թեան, հա­մա­ձայ­նու­թեան, հա­սա­րա­կաց եր­ջան­կու­թեան, հա­սա­րա­կաց զօ­րու­թեան եւ հե­տե­ւա­բար հա­սա­րա­կաց բա­րի­քին եւ օգ­տին։ Եւ այս պա­րա­գա­յին, ընտ­րե­լի է տար­բեր նիւ­թի մը մա­սին խօ­սիլ քան թէ՝ սկզբուն­քէ զուրկ, նա­խա­պա­շա­րուած եւ կան­խա­կալ «վտանգ»ի մը հետ վի­ճիլ։ Ուս­տի այդ­պի­սի վէճ մը՝ «հո­սան­քի դէմ թիա­վա­րել» կը նշա­նա­կէ՝ պա­տե­րուն խօ­սիլ եւ ա­նոնց ար­ձա­գան­գը միայն լսել։

Ա­նի­մաստ եւ ա­պար­դիւն զբա­ղում մը, ժա­մա­նա­կի վատ­նում մըն է սկզբուն­քէ զուրկ՝ նա­խա­պա­շա­րուած եւ կան­խա­կալ ան­ձե­րու հետ վի­ճիլ, կար­ծիք յայտ­նել ա­նոնց՝ որ «հա­սա­րա­կաց վտանգ»ներ են եւ ո­րե­ւէ կեր­պով կրնան վնաս պատ­ճա­ռել ըն­կե­րու­թեան։ Ա­յո՛, փա­փա­քե­լի է սր­­տա­գին՝ ո՛չ իսկ վանկ մը, բառ մը ար­տա­սա­նել այդ­պի­սի ան­ձի մը առ­ջեւ, ո­րե­ւէ նիւ­թի մը նկատ­մամբ, քա­նի որ ա­նի­կա միա՛յն «կա­տա­կեր­գու­թեան» մը ար­ժէ­քը կրնայ ներ­կա­յաց­նել, ո­րուն դե­րա­կա­տա­րը՝ իր ամ­բողջ ո­գիո­վը եւ ըն­թաց­քո­վը ար­դէն կան­խաւ դի­տուած, քննուած, հասկ­ցուած եւ միշտ ժպտե­լու պայ­մա­նա­ւո­րուած է մարդ։ Կար­ծե­ցեալ ան­կողմ­նա­կալ, կամ լա՛ւ է ը­սել, յե­տա­դի­մու­թեան գաղտ­նի հե­տե­ւորդ մը միշտ կրնայ գտնուիլ մար­դուս «յար­մար մի­ջա­վայր» կար­ծած հա­ւա­քոյթ­նե­րուն մէջ։ Բնա­կան է ա­սի­կա, քա­նի որ ցո­րե­նի ար­տե­րու մէջ միշտ կը բուս­նին նաեւ ան­բաղ­ձա­լի վնա­սա­կար բոյ­սեր՝ ո­րո­մի հաս­կեր։

Ան­շուշտ «հե­ռու մնալ», հե­ռա­նալ լու­ծում մըն է, բայց լու­ծում մըն է նաեւ՝ վտան­գին դէմ պայ­քա­րիլ, որ­քան ալ դժուար ըլ­լայ ա­նի­կա։ Եւ ի՜նչ զզուե­լի, ան­տա­նե­լի վի­ճակ է՝ խօսք չհասկ­ցո­ղին, չհասկ­նա­լու հա­մար յա­մա­ռո­ղին, ան­տե­ղի­տա­լիօ­րէն պնդող մէ­կու մը կար­ծիք մը յայտ­նել, կար­ծի­քը պաշտ­պա­նել եւ վի­ճիլ։ Բայց քիչ բան գիտ­ցո­ղը՝ կը կար­ծէ, թէ իր քիչ գիտ­ցա­ծը ա­մէն ինչ է՝ ամ­բողջ գի­տու­թիւնն է։ Ան կը նմա­նի ջրհո­րին յա­տա­կը գտնուող այն խե՜ղճ գոր­տին՝ որ ամ­բողջ տիե­զեր­քը կը կար­ծէ թէ՝ վե­րը, ջրհո­րին բա­ցուած­քէն տե­սա­ծին չափ է։ Կար­ճա­միտ եւ կար­ճա­տես մարդն ալ կը նմա­նի այդ գոր­տին, որ կը կար­ծէ, թէ իր գիտ­ցա­ծը ա­մէն ինչ է, ամ­բողջ գի­տու­թիւնն է եւ ան­մ­­տօ­րէն, ան­խոր­հուրդ կեր­պով կը յա­մա­ռի ա­մէն նո­րու­թեան, ա­մէն փո­փո­խու­թեան եւ մա­նա­ւա՛նդ ճշմար­տու­թեան դէմ։ Եւ դժբախ­տա­բար, յե­տա­դի­մու­թեան, խա­ւա­րա­պաշ­տու­թեան յաղ­թու­թիւ­նը այս­պէս կը սկսի. ակ­նե­րեւ կ՚ա­պա­ցու­ցուի, թէ՝ ի­րա­ւուն­քը կեղ­ծիք մըն է՝ պարտք, պար­տա­կա­նու­թիւն, պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն, բո­լոր այդ ար­ժէք­նե­րը՝ պարզ բա­ռեր միայն, ար­դա­րու­թիւ­նը ա­նըմբռ­նե­լի վե­րա­ցա­կա­նու­թիւն մը եւ յա­ռաջ­դի­մու­թիւնն ու լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը՝ նո­րո­գու­մը եւ բա­րե­փո­խու­թիւ­նը՝ կրա­կոտ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն­նե­րու խա­բու­սիկ սնունդ տուող ու­րուա­կան մը՝ ստուեր մը։ Ա­յո՛, խա­ւա­րամ­տու­թիւ­նը, յե­տա­դի­մու­թիւ­նը՝ մութ միտ­քը իր սնուն­դը կը ստա­նայ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէ, կան­խա­կա­լու­թիւն­նե­րէ եւ տգէտ, ան­գի­տա­կից, կար­ծե­ցեալ «գի­տուն»նե­րու խոր­հուրդ­նե­րէն, խօս­քե­րէն եւ գոր­ծե­րէն։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ պայ­քա­րիլ ա­մէն տե­սակ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու դէմ՝ հա­սա­րա­կաց խա­ղա­ղու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան նա­խա­պայ­մա՛նն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017