ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պան Ռու­բէն Մե­լի­քեան վեր­ջերս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ պլո­քըր Ա­լեք­սանտր Լափ­շի­նի հար­ցին շուրջ։ Այս վեր­ջի­նը թէ՛ Ռու­սաս­տա­նի եւ թէ Իս­րա­յէ­լի քա­ղա­քա­ցի է։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին դէ­պի Ար­ցախ այ­ցե­լու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ըլ­լա­լու բե­րու­մով Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ սկսած էր հե­տա­խու­զուիլ։ Ի վեր­ջոյ, Մինս­քի մէջ գտնուե­լու ժա­մա­նակ Ա­լեք­սանտր Լափ­շին նախ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ եւ ա­ւե­լի վերջ Սպի­տակ Ռու­սիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­տա­յանձ­նուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճան։

Այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը։ Ըստ Ռու­բէն Մե­լի­քեա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան, Լափ­շի­նի քրէա­կան հե­տապնդ­ման նա­խա­ձեռ­նե­լով՝ Ատր­պէյ­ճան հե­տապն­դած է նա­խա­դէպ մը ձե­ւա­ւո­րե­լու նպա­տա­կը՝ լռեց­նե­լու հա­մար Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ ա­զատ խօս­քը եւ վախ պատ­ճա­ռե­լով բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը փա­փա­քին այ­ցե­լել Ար­ցախ։ Այ­դու­հան­դերձ, Պա­քու չի յա­ջո­ղիր Լափ­շի­նի գոր­ծին մի­ջո­ցաւ ի­րա­ւա­կան նա­խա­դէպ մը ստեղ­ծել։ Ար­դա­րեւ, այս գոր­ծի հիմ­քին գտնուող փաս­տար­կու­մը մեր­ժե­լի է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հե­տա­մուտ ո­րե­ւէ պե­տու­թեան կամ հաս­տա­տու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Ա­ւե­լի՛ն, ըստ Ռու­բէն Մե­լի­քեա­նի կան­խա­տե­սում­նե­րուն, Լափ­շի­նի գոր­ծը պի­տի դառ­նայ հա­կա­դարձ նա­խա­դէպ մը՝ ա­ւելց­նե­լով մար­դու ի­րա­ւանց գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ազ­նի­ւօ­րէն նուի­րուած ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րու, խօս­քի ա­զա­տու­թեան ազ­նի­ւօ­րէն նուի­րուած լրագ­րող­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի նկատ­մամբ։

Հուսկ, ան կոչ ուղ­ղեց Սփիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րուն, հայ­կա­կան ի­րա­ւա­պաշտ­պան կամ լրա­տուա­կան շրջա­նակ­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ներգ­րա­ւուին այս գոր­ծը հե­տա­դարձ նա­խա­դէ­պի մը վե­րա­ծե­լու ջան­քե­րուն։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017