ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՊԵՏՐՈՍ ՏԷՐ-ՄԱԹՈՍԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Պետրոս Տէր-Մաթոսեան վերջերս արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Այսպէս, պատմաբան Տոց. Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի կողմէ հեղինակուած գիրք մը վերջերս արժանացած է պարգեւի մը՝ որպէս լաւագոյն գործ։
Պետրոս Տէր-Մաթոսեան Նեպրասքայի համալսարանի Պատմութեան ամպիոնէն ներս կը դասախօսէ արդի Մերձաւոր Արեւելքին վրայ։ Ան ծնած է Երուսաղէմի մէջ եւ իր տոքթորականը 2008 թուականին աւարտած՝ Քոլոմպիա համալսարանի Պատմութեան ամպիոնին մէջ պաշտպանած թեզով։ Սթենֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւնը 2014 թուականին լոյս ընծայած էր իր կողմէ հեղինակուած գիրքը, որ կը կոչուի «Shattered Dreams of Revolution: From Liberty to Violence in the Late Ottoman Empire»։ Միացեալ Նահանգներէ ներս գործող Հայկական հետազօտութիւններու ընկերակցութիւնը (SAS) վերջերս այս գործը ճանչցաւ՝ որպէս լաւագոյն գիրք։ Այս առթիւ Պետրոս Տէր-Մաթոսեան արժանի նկատուեցաւ պարգեւատրման։ 2016 թուականին ալ, «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւնը Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի այս գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը հրատարակեց՝ «Hüsrana Uğrayan Devrim: Geç Dönem Osmanlı İmparatorluğu’nda Hürriyet ve Şiddet» անունով։
Սփիւռքահայ հեղինակաւոր պատմաբանի այս գործը կեդրոնացած է Օսմանեան կայսրութենէն ներս 1908 թուականին տեղի ունեցած յեղափոխութեան վրայ։ Ան խտացեալ աշխատանք մը տարած է կայսրութեան կարեւորագոյն երեք տարրերուն՝ արաբներու, հայերու եւ հրեաներու ապրումներու պարզաբանումով։ Գիրքին մէջ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին այդ շրջանին Օսմանեան կայսրութենէն ներս ապրուած յոյսերն ու յուսալքութիւնները։ Յեղափոխութեան այդ փորձառութեան լոյսին տակ բաղդատութիւններ կը կատարուին Մերձաւոր Արեւելքի մերօրեայ յեղափոխութեան փորձառութիւններուն հետ։ Այս բոլորը գիտական խորութիւնով մը լոյս կը սփռեն Մերձաւոր Արեւելքի մերօրեայ տարածքաշրջանային իրադրութեան վրայ։
Փրինսթընի համալսարանի դասախօս Շիւքրիւ Հանիօղլու բարձր գնահատանքով արտայայտուած է Պետրոս Տէր-Մատթէոսեանի այս գործին շուրջ։ Ըստ իրեն, Պետրոս Տէր-Մատթէոսեանի արժէքաւոր նպաստէն մեծապէս պիտի օգտուին այն ուսանողները, որոնք կ՚աշխատին Օսմանեան կայսրութեան, հայկական, արաբական եւ արդի հրեաներու պատմութեան վրայ։ Արիզոնայի համալսարանի դասախօս Պենճամին Ֆորթնա եւս բարձր գնահատանքով անդրադարձած է Պետրոս Տէր-Մատթէոսեանի այս գործին։ Ըստ իրեն, այս աշխատանքը կարեւոր ազգային խմբաւորումներու տարբեր ձայներուն մի առ մի ականջ տուած է եւ այս իսկ հանգամանքով պայմանաւորուած է անոր ապահոված մեծ նպաստը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տոց. Պետրոս Տէր-Մատթէոսեանը, որ կը շարունակէ իր վերելքը ակադեմական կեանքէ ներս։ Իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։