ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ԿԱՊԵՐԸ

Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Քո­ցիաս ե­րէկ ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ե­րե­ւան։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­­պան­տեա­նի հետ, նաեւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս հիւր նա­խա­րա­րին շնոր­հուե­ցաւ պա­տուա­կալ տոք­թո­րի կո­չում։ Հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սու­չը՝ Ա­րամ Սի­մո­նեա­ն յանձ­նեց հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կա­նը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հիւր նա­խա­րա­րին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ Հա­յաս­տան կը փա­փա­քի ա­ւե­լի խո­րաց­նել եւ ընդ­լայ­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Յու­նաս­տա­նի հետ։ Քո­ցիասն ալ նման հա­մո­զում­ներ յայտ­նե­լով շեշ­տեց, որ Ա­թէն­քի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ու­նի հա­մա­պա­տաս­խան քա­ղա­քա­կան կամք։ Ըստ ի­րեն, գո­յու­թիւն ու­նին բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ որ­պէս­զի Յու­նաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ հաս­տա­տուին ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւն։

Սերժ Սարգ­սեան ընդ­գծեց, թէ հա­յոց եւ յու­նաց ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րը ու­նին հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն, որ լի է բա­րե­կա­մու­թեան բազ­մա­թիւ դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Այդ հի­ման վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ի վեր ան­ցած քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րը ձե­ւա­ւո­րած են սերտ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017