ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Մար­տի 27-ին պի­տի այ­ցե­լեն Ե­րե­ւան։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը այս շա­բա­թա­վեր­ջին կ՚այ­ցե­լեն Պա­քու եւ յայ­տա­րա­րուած էր, թէ ա­նոնք այլ ժա­մա­նակ մը պի­տի այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը ըն­թաց­քին ար­դէն յայտ­նի դար­ձած է ա­նոնց Հա­յաս­տան կա­տա­րե­լիք ու­ղե­ւո­րու­թեան ժամ­կէ­տը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղե­կա­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րը Մար­տի 27-ին պի­տի այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան։ Ա­նոնք պի­տի ըլ­լան նաեւ Ար­ցա­խի մէջ։ «Պէտք է փոր­ձենք շա­րու­նա­կել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու գոր­ծըն­թա­ցը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։ Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով, նախ եւ ա­ռաջ պէտք է բա­ցա­ռուին այն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան նա­խորդ տա­րուան Ապ­րի­լին։ Պէտք է ա­ւե­լի բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ստեղ­ծուին բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին հա­մար։

Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Քո­ցիա­սի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ը­սաւ. «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը չեն ըն­թա­նար, ո­րով­հե­տեւ ան­ցեալ տարուան Ապ­րի­լին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ կա­տա­րուած բռնու­թիւ­նը շատ լուրջ հա­րուած մը հաս­ցուց բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով է, որ Հա­յաս­տան եւ ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր ըլ­լայ պայ­ման­ներ ստեղ­ծել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­նե­լու հա­մար։ Այդ իսկ նպա­տա­կին մի­տուած էին Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րը։ Ակն­յայտ է, որ Հա­յաս­տանն ու ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը կը խօ­սին մէկ լե­զուով, Ատր­պէյ­ճան՝ մէկ այլ։ Ատր­պէյ­ճան կը հրա­ժա­րի կեան­քի կո­չե­լէ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեան ա­ւել­ցուց՝ երբ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ ձեռք կը բե­րուին, սա­կայն յե­տոյ Ատր­պէյ­ճան կը հրա­ժա­րի զա­նոնք կեան­քի կո­չե­լէ, հարց կը յա­ռա­ջա­նայ. ար­դեօք այդ եր­կի­րը պատ­րա՞ստ է խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման, ար­դեօք կը փա­փա­քի՞ հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար այ­լընտ­րանք չկայ։

Իր կար­գին, Քո­ցիասն ալ յայտ­նեց, որ Յու­նաս­տան կը սա­տա­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա մտա­դիր է շա­րու­նա­կել միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Մինս­քեան խմբա­կի միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Փա­րի­զի հետ։ Ռու­սա­կան կող­մը միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ այն հինգ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ, ո­րոնք ըն­դու­նուած են Ռու­սաս­տա­նի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ։ «Այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ կը խօ­սուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը բռնի ու­ժով կար­գա­ւո­րե­լու ան­թոյ­լա­տուու­թեան մա­սին։ Ա­նոնք կոչ կը պա­րու­նա­կեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն՝ վի­ճե­լի հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րել ու­ժի կամ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի չկի­րառ­ման, պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հի­ման վրայ։ Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան մէջ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար ռու­սա­կան կող­մը ջան­քեր պի­տի գոր­ծադ­րէ հա­մա­ձայ­նե­ցուած մօ­տե­ցում­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ հա­շուի առ­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի հետ Մոս­կուա­յի սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Մարիա Զա­խա­րո­վա։

Բաց աս­տի, Զա­խա­րո­վա յի­շե­ցուց նա­խա­պէս կնքուած հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն մէջ Ռու­սաս­տա­նի ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, ցայ­սօր ա­նոնք կա­րե­ւոր կէ­տեր կը հա­մա­րուին խնդրի կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ։ «Նա­խորդ բո­լոր հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն հե­տե­ւի­լը կա­րե­ւոր քայլ է ղա­րա­բա­ղեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ կա­յուն խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին», ը­սաւ Զա­խա­րո­վա։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017