ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ այ­ցե­լեց Մոս­կուա, ուր Քրեմ­լի­նի պա­լա­տէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը նախ ու­նե­ցան նեղ շրջա­նա­կով հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նի կող­քին էին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, ՄԻԹ-ի խորհր­դա­կան Հա­քան Ֆի­տան եւ իր բան­բե­րը՝ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն։ Ա­ւե­լի վերջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան Բարձր մա­կար­դա­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը։ Հարկ է նշել, որ այս խոր­հուր­դին նիս­տը 2014 թուա­կա­նէն ի վեր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին ան­գամ։

«Պի.Պի.Սի.»ի եւ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, թուրք-ռու­սա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, կա­զա­մուղ­նե­րու կա­ռու­ցու­մէն սկսեալ մին­չեւ հիւ­լէա­կա­յա­նի մը շի­նու­թիւ­նը՝ եր­կու եր­կիր­նե­րը այս ո­լոր­տին մէջ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին սեր­տօ­րէն։

Մոս­կուա­յի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վլա­տի­միր Փու­թին գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը թա­փով կը բա­րե­լա­ւուին։ Ըստ Փու­թի­նի, եր­կու եր­կի­նե­րը միաս­նա­բար աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լեն աշ­խար­հի օ­րա­կար­գի զա­նա­զան հար­ցե­րուն շուրջ, մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Էր­տո­ղա­նի եւ Փու­թի­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Մոս­կուա­յի մէջ բազ­մա­կող­մա­նի քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան նաեւ կող­մե­րու ելմ­տատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Փու­թին տե­ղե­կա­ցուց, թէ պի­տի ջնջուի թրքա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար սահ­մա­նուած գոր­ծա­րար վի­զա­յի ար­գել­քը։

Հարկ է նշել, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը ներ­կա­յիս կը ծրագ­րեն ստեղ­ծել հա­մա­տեղ հիմ­նադ­րամ մը՝ ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու հա­մար։ Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­լեք­սանտր Նո­վաք յայտ­նեց, թէ Աք­քու­յուի հիւ­լէա­կա­յա­նի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը 2023 թուա­կա­նին պի­տի հաս­նին ի­րենց ա­ւար­տին։

Մոս­կուա­յի մէջ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ծա­ւա­լուն քննարկ­ման կ՚են­թար­կուին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հիւ­րըն­կա­լե­լու ժա­մա­նակ Փու­թին իր կող­քին ու­նէր՝ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վը, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուն, Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով իր ա­ւագ խորհր­դա­կա­նը՝ Եու­րի Ու­շա­քո­վը եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017