ԱՆԱՌԱԿԻՆ ԿԻՐԱԿԻՆ

Պեր­ճա­շուք կեանք մը ապ­րե­լու յոյ­սով իր հայ­րե­նի տու­նը լքո՛ղ եւ ան­կէ հե­ռա­ցող ե­րի­տա­սար­դի մը պատ­մու­թիւնն է ա­սի­կա։ Մէ­կը, որ իր ու­նե­ցա­ծէն ա­ւե­լին կը փա­փա­քի ու­նե­նալ, մէ­կը՝ որ ան­յագ է եւ չի՛ բա­ւա­րա­րուիր իր ու­նե­ցա­ծով, միշտ ա­ւե­լիին կը ձգտի, բայց ի վեր­ջոյ յու­սա­խաբ՝ կը վե­րա­դառ­նայ դար­ձեալ իր հայ­րե­նի տու­նը. ա­հա­ւա­սիկ պատ­մու­թիւն մը, որ յա­ճախ կը կրկնուի մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ՝ տար­բեր տե­սա­րան­նե­րով, տար­բեր ձե­ւե­րով։ Եւ յա­ճախ կը պա­տա­հին նման ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ ըն­տա­նիք­նե­րու կեան­քին մէջ։

Այս ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ­մու­թիւ­նը մե­զի կը յի­շեց­նէ՝ Գա­մառ-Քա­թի­պա­յի հե­տե­ւեալ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։

ՊԱՆԴԽ­ՏՈՂ­ՆԵ­ՐԻՆ
Ի՞նչ էք ա­նում, ա՛յ խեղճ հա­յեր,
Որ երկ­րու­մը ցան­կա­լի
Թո­ղած ա­նուշ օդն ու ա­յեր
(ա­յեր=մթնո­լորտ)
Դի­մում էք գիրկն օ­տա­րի։
*
Օ­տարն եր­բէք չի ճա­նա­չում
Ձեր ցա­ւին էլ, կո­ծին է՛լ,
Օ­տար հո­ղի ո՛չ մէկ խոր­քում
Հա­յին չը պէտք կեանք սի­րել։

Ինչ­պէս ը­սինք, ան­յա­գու­թիւ­նը եւ օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը կը յայտ­նուի մարդ­կա­յին կեան­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն՝ տար­բեր կեր­պե­րով, ե­րե­ւոյթ­նե­րով, ա­մէն ժա­մա­նակ եւ ա­մէ­նու­րեք։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, վե­րո­յի­շեալ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնն ալ ի­մաս­տա­լից կեր­պով կը պատ­կե­րաց­նէ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ ա­ւե­տա­րա­նա­կան այս պատ­մու­թիւ­նը կը բո­վան­դա­կէ ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­կան մարդ­կա­յին ցաւ մը, հարց մը կամ ը­սենք, մար­դուն ո­դի­սա­կա՛­նը։

Ուս­տի ա­ւե­տա­րա­նա­կան այս պատ­մու­թիւ­նը՝ այս ա­ռա­կը մարդ­կա­յին կեան­քի եւ ապ­րում­նե­րու, սրտի ու մտքի պատ­մու­թիւնն է. այն՝ ի՛նչ որ մարդ կը զգայ եւ կը մտա­ծէ ընդ­հան­րա­պէս։ Այս ա­ռա­կը՝ կեա՛նքն իսկ է։

Ա­նա­ռակ որ­դիին պատ­մու­թիւ­նը կ՚ար­տա­յայ­տէ քրիս­տո­նէու­թեան ամ­բողջ էու­թիւ­նը։

Ա­սի­կա ա­ռակ մըն է՝ թէ մարդ ի՛նչ­պէս ան­գի­տակ­ցօ­րէն, միամ­տու­թեամբ եւ ան­մեղ զգա­ցում­նե­րով կրնայ իյ­նալ յան­ցան­քի մէջ, թէ ի՛նչ­պէս կրնայ մո­լո­րիլ՝ կար­ծե­լով թէ նպաս­տա­ւոր, լաւ բան մը կ՚ը­նէ ինքն ի­րեն հա­մար։ Եւ մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կ՚իյ­նան այս «ծու­ղակ»ին մէջ եւ չա­րա­չար կը տու­ժեն ի­րենց միամ­տու­թեան պատ­ճա­ռով։ Դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ պի­տի գտնէք հոն, ձեր մօտ, որ շատ հե­ռու չէ ձեր մի­ջա­վայ­րէն։

Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը, որ կեր­պով մը ան­յա­գու­թիւն է ներ­կայ վի­ճա­կին եւ վնաս­նե­րու, նոյ­նիսկ ան­հա­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ա­ւե­րում­նե­րուն պատ­ճառ կը դառ­նայ։

Պարզ օ­րի­նակ մը, սի­րե­լի՜­ներ. ծա­ռը ա­մուր կը մնայ հոն՝ ո՛ւր է իր ար­մա­տը։ Ե­թէ փոր­ձենք ծա­ռը փո­խադ­րել ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­բեր կար­ծուած տեղ մը, այ­լա­պէս կը կոր-սընց­նէ իր կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, իր էու­թիւ­նը եւ չ՚ըլ­լար այ­լեւս այն­պէս՝ ինչ­պէս որ էր հոն՝ ուր իր ար­մատ­նե­րը կը զօ­րաց­նէին, կը սնու­ցա­նէին զինք։ Թէեւ նոյն պայ­ման­նե­րը ցոյց չի տար մար­դուն տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, քա­նի որ մարդ ա­ռա­ւել եւս բա­նա­ւոր էակ մըն է քան բոյ­սը եւ սա­կայն ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ մա՛րդն ալ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր է հոն՝ ուր կան իր ար­մատ­նե­րը։

Ա­ւե­տա­րա­նը, ա­հա­ւա­սիկ, ա­նա­ռակ որ­դիի ա­ռա­կով կը պար­զէ մարդ­կա­յին կեան­քի կա­րե­ւոր հարց մը, որ կը հե­տաքրք­րէ նաեւ ամ­բողջ կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հը։ Ար­դա­րեւ, այն որ կ՚ապ­րի, պէտք է սնա­նի եւ ա­պա­հով, վստա­հե­լի յե­նա­կէտ մը ու­նե­նայ։ Ար­կա­ծախնդ­րա­կան, ա­նո­րոշ ա­մէն ո­րո­շում եւ ձեռ­նարկ վտան­գա­ւոր եւ յա­ճախ ալ վնա­սա­բեր ե­ղած են մարդ էա­կին հա­մար։

Թէեւ ֆրան­սա­ցի­ներ կ՚ը­սեն, թէ՝ շա­հե­լու հա­մար պէտք է վնա­սին յանձ­նա­ռու ըլ­լալ, բայց այն որ ա­պա­հով ըլ­լալ կ՚ու­զէ, պէտք չէ դի­մէ վնա­սա­կա­րին, նոյ­նիսկ վնա­սի ու վտան­գի հա­ւա­նա­կա­նու­թեան։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս ի­մաս­տով, ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը, մարդս կրնայ տա­նիլ հոն՝ ուր ան եր­բեք չէր փա­փա­քած ապ­րիլ։

Դառ­նա­լով Ա­ւե­տա­րա­նին այս ա­ռա­կին, Ա­ւե­տա­րա­նի այս հա­տուա­ծը՝ ա­ւե­տա­րան մըն է Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ։ Ա­ռա­կը շատ բան կը բա­ցատ­րէ կեան­քի մա­սին եւ շատ դա­սեր կու տայ շի­տակ, ար­դիւ­նա­բեր ապ­րե­լու մա­սին։ Ան ցոյց կու տայ ու­ղիղ ճամ­բան՝ կեան­քի ներ­կա­յա­ցու­ցած բազ­մա­թիւ ա­նո­րոշ ճամ­բա­նե­րուն մէ­ջէն նա­խընտ­րե­լի ու­ղին։

Ա­ռա­կը պար­զա­պէս ցոյց կու տայ, թէ ան­խո­հե­մու­թեամբ, ա­ռանց շրջա­հա­յեաց ըլ­լա­լու առ­նուած ո­րո­շում­ներ, որ­քան ալ ան­մե­ղու­թեամբ, միամ­տու­թեամբ առ­նուած ըլ­լան ա­նոնք, ի վեր­ջոյ կը վե­րա­ծուին յան­ցան­քի եւ մարդ կ՚իյ­նայ սխա­լան­քի, խա­բէու­թեան թա­կար­դին մէջ եւ այ­լա­պէս կը դի­մա­ւո­րուի ան­բաղ­ձա­լի, ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի ա­նակն­կալ­նե­րով։

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ յան­ցան­քը՝ ինչ­պէս կը տա­նի մարդս դէ­պի կո­րուստ, դէ­պի կոր­ծա­նում։ Բայց նոյն­քան բաղ­ձա­լի է, որ այս կո­րուս­տը, կոր­ծա­նու­մը՝ մարդս ա­ռաջ­նոր­դէ զղջու­մի, ա­պաշ­խա­րու­թեան, երբ անդ­րա­դառ­նայ իր սխա­լին, իսկ ա­պաշ­խա­րու­թիւ­նը զայն կը տա­նի դէ­պի հա­ւատք եւ վեր­ջա­պէս հա­ւատքն ալ կը տա­նի դէ­պի շնորհ, ե­րա­նու­թի՛ւն։

Եւ ո՜ր­քան նմա­նու­թիւն ու­նի ա­նա­ռակ որ­դին՝ պատ­մու­թեան կրտսեր զա­ւա­կը կեան­քի ընդ­հա­նուր գնաց­քին մէջ, ա­մէն ժա­մա­նա­կի եւ ա­մէու­րեք մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ։ Ար­դա­րեւ մի՛շտ կը պա­տա­հին օ­րի­նակ­ներ «ա­նա­ռակ որ­դի»ին՝ պա­տա­հած են եւ պի­տի պա­տա­հին այն­քան ա­տեն որ պի­տի չպակ­սին ան­յա­գու­թիւ­նը, ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը մարդ էա­կին մէջ։ Եւ կար­ծեմ եր­բեք պի­տի չպակ­սին ա­նոնք մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ եւ պի­տի ըլ­լան միշտ «ա­նա­ռակ որ­դի»ներ, այն­քան ա­տեն որ մարդ­կա­յին էու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ աշ­խար­հի վրայ կեանք ու­նե­նալ։

Օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը, որ հե­տե­ւանքն է ան­յա­գու­թեան, ան­բա­ւա­րա­րու­թեան, ի՞նչ կ՚ը­սէք, ար­դեօք ան­հա­ւա­տար­մու­թեան, ա­պե­րախ­տու­թեան, մեր­ժու­մի եւ այլ բա­ցա­սա­կան խառն զգա­ցում­նե­րու՝ որ մարդս կը տպա­ւո­րեն եւ կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն միշտ անն­պաստ, վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­րար ճամ­բա­նե­ր։

­Հայ­րե­նի տու­նը՝ որ մար­դուս եր­ջան­կու­թեա­նը բոյնն է, ուր կեան­քը վա­յե­լե­լու կը սկսի մարդ. ըն­տա­նի­քի յարկն է ա­կը եր­ջան­կու­թեան։ Հոն կը սկսի ա­մէն գե­ղեց­կու­թիւն, բա­րու­թիւն եւ եր­ջա­նիկ կեանք, ըն­տա­նի­քը ա­ռա­ջին քա՛յլն է այդ բո­լո­րին։

Եւ ըն­տա­նե­կան յար­կը մեր­ժել՝ թո­ղուլ, հե­ռա­նալ կը նշա­նա­կէ՝ եր­ջան­կու­թե­նէ հրա­ժա­րիլ եւ նա­խընտ­րել դժբախ­տու­թիւ­նը եւ թշուա­ռու­թիւ­նը։

Ան­դամ­նե­րը որ­քան չքա­ւոր ըլ­լան՝ հա­րո՛ւստ է միշտ ա­նոնց ամ­բող­ջու­թիւ­նը՝ ըն­տա­նի՛­քը. եւ ա­նոնք որ չեն անդ­րա­դառ­նար այդ հարս­տու­թեան ու ճո­խու­թեան, դա­տա­պար­տուած կը մնան միշտ հո­գե­ւոր աղ­քա­տու­թեան, չքա­ւո­րու­թեան եւ ա­պեր­ջան­կու­թեան։ Ա­նոնք կը վե­րա­տի­րա­նան ի­րենց եր­ջան­կու­թեան, ըն­տա­նի ե­րա­նու­թեան, երբ անդ­րա­դառ­նան ի­րենց սխա­լին, զղջան եւ վե­րա­դառ­նան ի­րենց հայ­րե­նի ե­րա­նե­լի՜ օ­ճա­խը, հայ­րե­նի տան ան­հա­մար եւ ան­վե՜րջ բա­րիք­նե­րը վա­յե­լե­լով. եւ ա՛յս կը պատ­մէ մե­զի «Ա­նա­ռակ Որ­դի»ին ա­ռա­կը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017