ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղը վեր­ջերս ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց՝ լի­բա­նա­նա­հայ հան­գու­ցեալ յօ­րի­նող Պօ­ղոս Ճե­լա­լեա­նի հա­մար։ Լի­բա­նա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րուն հա­մար իր նպաս­տը բե­րած էր նաեւ Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը։ Թէ՛ հայ­կա­կան եւ թէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ե­րաժշ­տու­թեան յատ­կան­շա­կան նպաստ բե­րած ա­րուես­տա­գէտ մըն էր Պօ­ղոս Ճե­լա­լեան, ո­րու հա­րա­զատ­ներն ալ ներ­կայ գտնուե­ցան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Լի­բա­նա­նէ ներս «Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան շա­բաթ»ի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ ՀԲԸՄ-ի Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Ա­նի­թա Լե­պիար։

Ձեռ­նար­կի յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան ե­րաժշ­տա­գէտ­ներ՝ Է­թիէն Քիւ­փէ­լեան եւ Ղա­տի Ռահ­պա­նի։ Քիւ­փէ­լեան ա­ռա­ւել չա­փով անդ­րա­դար­ձաւ Ճե­լա­լեա­նի մարդ­կա­յին նկա­րագ­րին, իսկ Ռահ­պա­նի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ա­նոր հետ ու­նե­ցած աշ­խա­տան­քա­յին փոր­ձա­ռու­թեան շուրջ։

Ա­տե­նա­խօս­նե­րը փա­փաք յայտ­նե­ցին, որ Լի­բա­նա­նի Ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­նո­ցը ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կիօ­րէն տեղ տայ հան­գու­ցեալ Պօ­ղոս Ճե­լա­լեա­նի յօ­րի­նում­նե­րու կա­տա­րում­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017