ԸՄԲԻՇ ՆԱՐԵԿ ՍԻՐՈՒՆԵԱՆ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱՅԼ ՆՈՒԱՃԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Եա­շար Տո­ղուի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած ըմբ­շա­մար­տի մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քի ծի­րէն ներս, Իս­թան­պու­լի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ծա­թէ մե­տայլ մը նուա­ճեց Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Նա­րեկ Սի­րու­նեան։ 45-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած այս մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քին մէջ ան պայ­քար մղեց 65 քի­լօկ­րա­մի դա­սա­ւոր­ման մէջ։ Ա­ւար­տա­կան փու­լին Նա­րեկ Սի­րու­նեա­նի մրցա­կիցն էր Թուր­քիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըմ­բիշ­նե­րէն Մուս­թա­ֆա Քա­յա։

Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին կո­մի­տէն տե­ղե­կա­ցուց, որ ա­զատ ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նը Իս­թան­պու­լի մէջ ա­պա­հո­ված է մէկ ար­ծաթ եւ մէկ պրոնզ մե­տայլ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017