ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ծի­րէն ներս շա­բա­թա­վեր­ջին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Պա­քու, ուր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Միջ­նորդ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ, Իլ­համ Ա­լիեւ ար­դէն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րէն մէ­կուն մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րիզ, ուր այս օ­րե­րուն կը հիւ­րըն­կա­լուի Ֆրան­սա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ շա­բաթ ալ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էր Ֆրան­սա։ Պա­քու այ­ցե­լե­լէ վերջ, դէ­պի ամ­սա­վերջ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի այ­ցե­լեն նաեւ Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ։ Թէ՛ մի­ջազ­գա­յին եւ թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը ներ­կա­յիս վերս­տին ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դարձ­նեն ղա­րա­բա­ղեան հի­մախն­դի­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վեր­ջին օ­րե­րուն Մոս­կուա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ տե­սակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ շօ­շա­փեց նոյն խնդի­րը։ Ան հա­մո­զուած է, որ Մոս­կուա կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել այս հար­ցին կար­գա­ւո­րու­մը։ Մոս­կուա­յի մէջ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գանգ գտան Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայտ­նեց, որ Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը պէտք չէ կար­գա­ւո­րուի։ Ար­դա­րեւ, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յուն խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը էա­պէս պի­տի նուա­զեց­նէ Պա­քուի կա­խուա­ծու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յէն։

Միջ­նորդ­նե­րու Պա­քու այ­ցե­լու­թեան զու­գա­հեռ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Ի­կոր Փո­փով յայտ­նեց, որ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը պէտք է կեան­քի կո­չուին։ Ըստ ի­րեն, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Ա­լիե­ւի հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ քննար­կած են այն գա­ղա­փար­նե­րը, ո­րոնք բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին վրայ կը գտնուին։ Փո­փո­վի խօս­քով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուած է նաեւ Ատր­պէյ­ճան-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ շփման գծի առ­կայ ի­րադ­րու­թիւ­նը։ Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ հա­մո­զուած է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս անհ­րա­ժեշտ է վե­րա­դառ­նալ բա­նակ­ցա­յին սե­ղան՝ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով։ Ըստ ի­րեն, 2016-ի Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեա­յին ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցը անհ­րա­ժեշտ է դի­մա­ւո­րել ոչ թէ ճա­կա­տի վրայ, այլ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ։ Իր խօս­քե­րով, ե­րեք հա­մա­նա­խա­գահ­ներն ալ վստահ են, թէ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չի կրնար ու­նե­նալ ռազ­մա­կան լու­ծում։ «Հա­կա­ռակ որ քսան­հինգ տա­րուան ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ո­րե­ւէ ար­դիւնք չեն տուած, դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան նպա­տակն է կար­գա­ւոր­ման հա­մար պայ­ման­ներ ստեղ­ծել։ Ե­րեք եր­կիր­նե­րու հա­մա­նա­խա­գահ­ներն ու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ջան­քեր գոր­ծադ­րել, քա­նի որ տա­կա­ւին հա­կա­մարտ կող­մե­րը քա­ղա­քա­կան կամք չեն դրսե­ւո­րած», ը­սաւ Հակ­լընտ։

Իր կար­գին, ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թին ալ յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը շար­ժած է մե­ռեալ կէ­տէն։ Ան մատ­նան­շեց, որ Իլ­համ Ա­լիեւ վա­ղը պի­տի տե­սակ­ցի Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ։ Վիս­քոն­թիի խօս­քե­րով, ե­ռա­նա­խա­գահ ե­րեք եր­կիր­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն հա­մա­տեղ ջան­քե­րը։ «Ի հար­կէ, սա բարդ հարց մըն է։ Ինչ­պէս գի­տէք՝ զօր­քե­րու շփման գծին վրայ լա­րուա­ծու­թիւն կայ։ Սա­կայն կող­մե­րը կը փա­փա­քին հաս­նիլ յա­ռա­ջըն­թա­ցի։ Կը կար­ծեմ, որ սա շատ կա­րե­ւոր է», ը­սաւ Վիս­քոն­թի։

Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կեց փո­խան­ցել իր պատ­գամ­նե­րը ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ։ «Եր­բեք թոյլ չենք տար, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի հար­ցին մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը ոտ­նա­հա­րուի։ Կը կար­ծեմ, որ Հա­յաս­տա­նի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցի Ար­ցա­խի հար­ցին մէջ վստահ է՝ մենք եր­բեք թոյլ չենք տար, որ­պէս­զի մեր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը ոտ­նա­հա­րուի։ Մեր ամ­բողջ ազ­գի ա­պա­գան այ­սօր կ՚ո­րո­շուի Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­յին գծին ու մենք Ար­ցա­խի հար­ցին մէջ շատ վճռա­կան ենք եւ հե­տե­ւո­ղա­կան», ը­սաւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ միջ­նորդ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լու ըն­դա­ռաջ շա­բա­թա­վեր­ջին պար­զեց իր մօ­տե­ցում­նե­րը ներ­կայ փու­լին շուրջ։ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի շեշ­տադ­րեն շփման գծին վրայ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան մը հաս­տատ­ման հար­ցը։ «Այս փու­լին կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս դրա­կան տե­ղա­շարժ ակն­կա­լե­լը ճիշդ չէ, ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ իր ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, իր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան շեշ­տեց, թէ ո­րե­ւէ բե­կում պէտք չէ ար­ձա­նագ­րել։ Յա­ռա­ջի­կայ այ­ցը ա­ռա­ւել չա­փով ճա­նա­չո­ղա­կան բնոյթ պի­տի ու­նե­նայ։ Ար­դա­րեւ, ե­րեք հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րէն եր­կու­քը նոր կո­չուած են պաշ­տօ­նի։

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017