ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Բան­կալ­թիի Լա­տին կա­թո­լիկ­նե­րու գե­րեզ­մա­նա­տան մատ­րան մէջ։ Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան ի­գա­կան սե­ռէ հա­յազ­գի մտա­ւո­րա­կան­ներ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Սրբու­հի Տիւ­սաբ, ինչ­պէս նաեւ ի Տէր հան­գած ի­գա­կան սե­ռէ հայ բո­լոր գրչի կամ կրթու­թեան մշակ­նե­րը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի կող­քին էին Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան, Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան, Կի­սա­սար­կա­ւագ Ժան Ա­ճէ­մեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ոս­կե­բե­րան երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Զա­ւէն Ա­կա­յի։ Օ­րուան քա­րո­զին մէջ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ կանգ ա­ռաւ հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս ի­գա­կան սե­ռի դե­րա­կա­տա­րու­թեան վրայ։ Ան մատ­նան­շեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար տրուած պայ­քա­րը՝ որ­պէս նպաս­տի բա­ժին, ու­նի իր տե­ղը աշ­խար­հի վրայ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։

Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նին զու­գա­հեռ, Զա­ւէն Ա­կայ եւ Մա­րալ Տե­միր ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին Սրբու­հի Տիւ­սա­բի կեն­սագ­րու­թիւ­նը։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017