ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԷՆ, ԲԱՑԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ
Յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Այս առթիւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վարդան Նազիրեան հարցազրոյց մը տուած է Երեւանի «Ժողովուրդ» օրաթերթին։ Այս առթիւ ան մեկնաբանած է, թէ ինչո՞ւ հայկական աւանդական կուսակցութիւնները, բացի Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն (ՀՅԴ), ընտրապայքարէ դուրս մնացած են Հայաստանի մէջ։ Ան այդ մեկնաբանութիւնները ըրած է Հայաստանի ներքին քաղաքական համայնապատկերին վրայ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վարդան Նազիրեանի հարցազրոյցը։
-Պարո՛ն Նազիրեան, շաբաթներ առաջ յայտարարած էիք, որ պիտի մասնակցիք ընտրութիւններուն, սակայն Ձեր կուսակցութիւնը այդպէս ալ փաստաթուղթերը սահմանուած ժամկէտին չներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին: Ի՞նչ տեղի ունեցաւ:
-Սկզբնական շրջանին, ինչպէս գիտէք, որոշում կար դաշինքով մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք տարուեցաւ: Սակայն յայտնի պատճառներով այդ համաձայնութիւնը վերջին պահուն չեղեալ յայտարարուեցաւ: ՌԱԿ փորձեց առանձին մասնակցիլ ընտրութիւններուն, սակայն շատ քիչ ժամանակ յատկացուած էր դաշինքով մասնակցելու համար: Մինչեւ վերջնաժամկէտը մեզի մնացած ժամանակը բաւարար չէր՝ մասնակցութեան համար բաւարար թիւով պաշտօնական տուեալներ պատրաստելու եւ զանոնք պետական պատկան մարմիններու կողմէ վաւերացնելու համար: Չմոռնանք, որ պետութեան որոշ շրջանակներ եւս դէմ էին ՌԱԿ-ի մասնակցութեան: Ինչպէս ՌԱԿ-ի հայաստանակեդրոն Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան հաստատեց՝ «1995 թուականէն ի վեր՝ մեր յաջորդական իշխանութիւնները շատ հետեւողականօրէն ուղղակի կը փոշիացնեն մեր հաւաքած ձայները»:
-Ի՞նչ կը կարծէք՝ քաղաքական մշակոյթի առումով որքանո՞վ ընդունելի է, որ երեք աւանդական կուսակցութիւններէն երկուքը դուրս մնացին խորհրդարանական ընտրապայքարէն:
-Աւանդական երեք կուսակցութիւններէն երկուքը դարձեալ դուրս մնացին: 2016 թուականի Փետրուարին, երբ Դաշնակցութիւնը դաշնակից գործընկեր դարձաւ Հանրապետական կուսակցութեան հետ, հաւանաբար պայմաններէն մէկն ալ այն էր, որ Սփիւռքը պիտի յանձնուէր Դաշնակցութեան՝ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի գործակցութեամբ: Անտեսուած էին Էջմիածինի թեմի կառոյցները, ՀԲԸՄ-ը, զոյգ պատրիարքարանները, բողոքական եւ կաթողիկէ համայնքները, այլ բազմաթիւ մշակութային եւ զանազան մարմիններ, նաեւ ՌԱԿ-ն ու ՍԴՀԿ-ը: Հայրենի պետութիւնը, եթէ ողջ հայութեան պետութիւնն է եւ Հայաստանը՝ բոլոր հայերու հայրենիքը, ճիշդ ուղղութեան վրայ չէ: Բնականաբար այս երեւոյթը, այս կացութիւնը, այս իրողութիւնը անընդունելի է Սփիւռքի լայն զանգը-ւածներուն կողմէ:
-Վերջերս Սփիւռքի ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները, ասուլիս հրաւիրելով, յայտարարեցին, որ Հայաստանի ՌԱԿ-ը իրաւունք չունի հանդէս գալու Սփիւռքի ՌԱԿ-ի անունով: Արդեօք ՌԱԿ Սփիւռքի ՌԱԿ-ի անունո՞վ հանդէս կու գար:
-Նախ ըսեմ, որ այդ ասուլիսը հրաւիրողները ապօրինի, ինքնակոչ կեդրոնական վարչութեան խօսափողերն են, որոնք օրինաւոր կերպով իրաւունք անգամ չունէին Հայաստանի պետական գործերուն միջամտելու: Անոնք իրաւունք անգամ չունէին ՌԱԿ անունը գործածելու: Ո՛չ, հայաստանակեդրոն ՌԱԿ-ը Սփիւռքի ՌԱԿ-ի անունով հանդէս չէ եկած: Բայց հայաստանակեդրոն ՌԱԿ-ը իրաւունք ունէր եւ հիմա ալ ունի աշխարհասփիւռ ռամկավարներու անունով եւս խօսելու, քանի որ Սփիւռքի ռամկավարներու նուազագոյն 75 տոկոսը կ՚ընդունի հայաստանակեդրոն ՌԱԿ-ի կեդրոնական վարչութեան իրաւական հեղինակութիւնը: Բոլոր շրջաններուն մէջ մենք մեծամասնութիւն ենք: ՌԱԿ-ի 9 թերթերէն 7-ը ենթակայ է ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդին («Ազգ», «Պայքար», «Ապագայ», «Արեւ», «Նոր աշխարհ», Mirror Spectator շաբաթաթերթերը եւ «Հայ Ձայն» ելեկտրոնային կայքէջը): Մէկ անգամ եւս յիշեցնեմ, որ Սփիւռքի մէջ ինքզինք «Կեդրոնական վարչութիւն» հռչակած խմբակը անօրինական է: ՌԱԿ-ի ծրագիր-կանոնագրի ընտրական գրեթէ բոլոր կանոնները անոնք խախտած են եւ իրենք զիրենք կեդրոնական վարչութիւն անուանելու իրաւունք չունին: Եւ ճիշդ ասոր համար է, որ մեր գրեթէ բոլոր բանիմաց կուսակցական ընկերները զանոնք չեն ընդունիր որպէս այդպիսին:
-Կա՞յ եզր կամ դաշտ, ուր Դուք կարողանաք համագործակցիլ հակառակ կողմին հետ:
-2016-ի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ ՌԱԿ-ի գումարած արտահերթ պատգամաւորական ժողովին ՌԱԿ վերամկրտուեցաւ որպէս հայաստանակեդրոն կուսակցութիւն: Այնտեղ ընտրուեցաւ նաեւ հայաստանակեդրոն ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը: Այս արտահերթ պատգամաւորական ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ կազմել «ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդ»ը, որ ամրագրուած է նոր ծրագիր-կանոնագրին մէջ: Ես, որպէս «ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդ»ի նախագահ, առաջարկեցի Սերխիօ Նահապետեանին իմ պաշտօնս՝ պայմանաւ, որ հաշտութիւն եւ միութիւն տեղի ունենայ, սակայն իրենց, այսպէս կոչուած, կեդրոնական վարչութենէն շարք մը անդամներ շատ զօրաւոր կերպով առանց որեւէ լուրջ պատճառի դէմ կանգնեցան: Մենք պատրաստ ենք տրամաբանական զիջումներով հաշտութիւն եւ միութիւն յառաջացնել: Գործակցութենէն աւելի մենք հաշտութեան եւ միութեան կողմնակից ենք:
-Անոնք կը յայտարարեն նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կուսակցութիւնը Արդարադատութեան նախարարութեան մօտ արձանագրուած է «Կեդրոնական վարչութիւն» անուամբ: Եղա՞ծ է այդպիսի բան եւ ինչո՞ւ կարելի չէ օգտագործել «Կեդրոնական վարչութիւն» արտայայտութիւնը:
-Այո՛, ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը Հայաստանի մէջ Արդարադատութեան նախարարութեան մօտ արձնագրուած է որպէս ՌԱԿ-ի հայաստանակեդրոն կեդրոնական վարչութիւն: Մենք իրաւունք ունինք կեդրոնական վարչութիւն կոչուելու, քանի որ այս վարչութեան անդամները օրինաւոր կերպով ընտրուած են պատգամաւորական ժողովին կողմէ: Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ ՌԱԿ-ի ակումբներէն 138 պատգամաւորներ, իսկ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն հիւրաբար (Պէյրութ, Պուէնոս Այրէս, Լոս Անճելըս, Պոսթոն, Տիթրոյթ, Մոնրէալ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Լոնտոն, Մարսէյլ, Աթէնք, Աղեքսանդրիա, Գահիրէ, Սիտնի, Իրաք, Ապու Տապի եւ այլն) 36 ներկայացուցիչներ կը մասնակցէին այդ ժողովին: (2016-ի Ապրիլին Սփիւռքէն ՌԱԿ-ի 68 ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան հետ գումարած ժողովին նոյնպէս համաձայնութիւն կայացաւ ՌԱԿ-ը հայաստանակեդրոն կուսակցութեան վերածելու մասին):
-Այս վերջին լարուածութենէն ետք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանի մէջ Ձեր գործունէութիւնը: Ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէք Ձեր կուսակցութեան անուան վրայ «նետուած ցեխ»ը մաքրելու եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ նոր ճանապարհ հարթելու համար:
-Մենք խօսքէ աւելի գործին կը հաւատանք: Շուտով ականատես պիտի ըլլաք կուսակցութեան վերաաշխուժացման քաղաքային եւ այլ մարզերու մէջ: Արդէն իսկ յստակ աշխատանքներ կը տարուին Երեւանի եւ մարզերու մէջ՝ աշխուժացնելու մշակութային, բարեգործական, կրթական, երիտասարդական, մարզական եւ կուսակցական զանազան բնագաւառներու գործունէութիւնները: Որքան ալ «ցեխ նետեն» մեր վրայ, մենք չենք աղտոտիր: Պիտի գայ օրը, իսկ այդ օրը շատ հեռու չէ, երբ հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութիւնը, բարձր գնահատելով ՌԱԿ-ի ազգային քաղաքական սկզբունքներն ու գործունէութիւնը, իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը պիտի յայտնեն անոր: Մեր նշանաբանն է «Ժողովուրդէն, ժողովուրդով, ժողովուրդին համար»: Քիչ մը կը սպասէ՞ք:
-Դուք Հայաստանի մէջ կուսակցութիւններու մասին օրէնքին համապատասխա՞ն կը գործէք:
-Այո՛, մենք Հայաստանի մէջ կուսակցութիւններու մասին օրէնքին համապատասխան կը գործենք: ՌԱԿ օրինական եւ օրինապահ կուսակցութիւն է, եւ անոր համար ալ երբեմն տուժած ենք, բայց ոչինչ:
-Չէ՞ք կարծեր, որ Հայաստանի մէջ գործելով՝ որեւէ կուսակցութիւն իրաւունք ունի մասնակցելու երկրի քաղաքական կեանքին:
-Անշուշտ: Հայաստանի մէջ օրինաւոր կերպով գործող որեւէ կուսակցութիւն իրաւունք ունի եւ պարտաւոր է մասնակցելու երկրի քաղաքական դաշտի գործունէութեան:
-Ինչպիսի՞ն են Ձեր յարաբերութիւնները հայաստանեան քաղաքական դաշտի միւս կուսակցութիւններուն հետ:
-Բոլոր այն կուսակցութիւնները, որոնք կը հաւատան ռամկավարական եւ ազատական սկզբունքներուն, պատրաստ ենք գործակցելու անոնց հետ՝ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերէն ելլելով: Մեր կուսակցութեան ռահվիրաներու, նախկին առաջնորդներու եւ այժմեան ղեկավարութեան առաջնահերթ նպատակն է անսակարկ ծառայել հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին: Առանց Հայաստանի հայ ժողովուրդ չկայ: Առանց հայ ժողովուրդի Հայաստան չկայ:
-Ծանօթանալով ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու ծրագիրներուն՝ ինչպէ՞ս կը գնահատէք զանոնք:
-Ընտրութիւններու նախօրէին ամէն կուսակցութիւն, ամէն թեկնածու շատ վարդագոյն ծրագիրներ եւ մեծ խոստումներ կը ներկայացնէ ժողովուրդին: Մեր գնահատականը պիտի տանք, երբ այդ կուսակցութիւններէն կամ թեկնածուներէն «ընտրուած» անձերը սկսին գործել: Կ՚ուզենք նախ գործը տեսնել, ապա արժեւորել:
-Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներէն: Ինչպիսի՞ Հայաստան պիտի ունենանք յառաջիկային՝ ըստ քաղաքական ուժերու ներկայացուցած ծրագիրներուն:
-Ըստ քաղաքական ուժերու ներկայացուցած ծրագիրներուն՝ «սքանչելի Հայաստան» պիտի ունենանք յառաջիկային… Դուք կը հաւատա՞ք տրուած խոստումներուն: Եթէ կաշառակերութիւնն ու ֆէոտալական դրութիւնը չվերացուի, ասկէ լաւը չենք կրնար ունենալ: Հակառակը, ամէն օր քիչ մը աւելի ետ պիտի երթանք: Ամէն օր քանի մը հարիւր հայ եւս պիտի լքէ Հայաստանը, ամէն օր մահացողներու թիւը պիտի գերազանցնէ ծնողներու թիւը: Ամէն օր աղքատներու թիւը պիտի աւելնայ: Թշնամին քիչ մը աւելի յանդուգն պիտի ըլլայ: Կը ցանկայի ծիածանագոյն Հայաստան տեսնել:
-Ի՞նչ կարծիք ունիք Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի՝ Սփիւռքին ուղղուած կոչին մասին:
-Իմ անձնական ցանկութիւնս է, որ վարչապետը կատարէ եւ իրականացնէ իր խոստումը՝ միասին ստեղծենք այնպիսի հայրենիք, որ աշխարհի մէջ հպարտութեամբ մեզ հայ կոչենք: Այս բոլորով հանդերձ, ՌԱԿ-ը՝ իր հայաստանակեդրոն Կեդրոնական վարչութեամբ, իր գերագոյն խորհուրդով, իր համայն անդամակցութեամբ հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, պատրաստ է իր ամէն կարողականութիւններն ու կարողութիւնները՝ ըլլան անոնք նիւթական, բարոյական, մտաւորական թէ հոգեւոր, ի սպաս դնել Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու բարգաւաճման: Մենք անմնացորդ նուիրուած ենք մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին: