ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Մոս­կուա՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Ըստ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կը քննար­կուին ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս՝ քա­ղա­քա­կան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օր­ա­կար­գի ա­ռանց­քա­յին հար­ցե­րը։ Մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին Եւ­րոա­սիոյ տա­րած­քէն ներս հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Վլա­տի­միր Փու­թին կար­ծիք­ներ կը փո­խա­նա­կեն նաեւ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին շարք մը ար­դիա­կան խնդիր­նե­րու շուրջ։ Ա­նոնք ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կ՚անդ-­րա­դառ­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս Սերժ Սարգ­սեան կը հիւ­րըն­կա­լուի Մոս­կուա­յի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռին կող­մէ։ Ան հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ այդ հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղու­թեան եւ դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին հետ։

Մոս­կուա մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Սերժ Սարգ­սեան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ EFE սպա­նա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան կը փա­փա­քի իր կա­պե­րը ա՛լ ա­ւե­լի ամ­րապն­դել ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթա­կի­ցը Սերժ Սարգ­սեա­նին հարց տուած է, որ ար­դեօք Հա­յաս­տան կրնա՞յ նպաս­տել Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­կանգ­նման։ Ի պա­տաս­խան ան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Հա­յաս­տան կ՚ա­ռաջ­-նոր­դուի ի­րա­տե­սու­թեամբ։ Մենք փոքր եր­կիր ենք, ուս­տի մեր դե­րը եր­բեք չենք գե­րագ­նա­հա­տեր։ Ը­սել, որ մենք կրնանք ըլ­լալ կա­պող օ­ղակ մը Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ՝ չա­փա­զան­ցու­թիւն է։ Ա­սով հան­դերձ մենք մշտա­պէս կ՚աշ­խա­տինք, որ­պէս­զի յա­ւե­լեալ խըն-դիր­ներ չա­ռա­ջաց­նենք Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ, ո­րով­հե­տեւ մեր հա­մո­զումն է, թէ հա­կա­սու­թիւն­նե­րէն օ­գուտ քա­ղե­լը շատ վտան­գա­ւոր ե­րե­ւոյթ մըն է։ Եւ փոքր եր­կիր­նե­րու հա­մար շատ պա­րա­գա­նե­րու մէջ կրնայ ըլ­լալ ճա­կա­տագ­րա­կան։ Ել­լե­լով այս հան­գա­ման­քէն մենք մշտա­պէս ինք­զինք­նիս բա­րեն­պաստ կը զգանք, երբ որ ՆԱ­ԹՕ-Ռու­սաս­տան, Ա­րեւ­մուտք-Ռու­սաս­տան, ԱՄՆ-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լա­րուած չեն, սա է մե­զի հա­մար ա­մե­նաըն­դու­նե­լի վի­ճա­կը»։

ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

Սերժ Սարգ­սեա­նի դէ­պի Մոս­կուա պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ, վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ՝ ակ­նար­կե­լով նաեւ ա­նոնց Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ ե­րե­սակ­նե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Վալ­տայ» մի­ջազ­գա­յին երկ­խօ­սու­թեան ա­կում­բի ար­տա­կարգ նիս­տին ըն­թաց­քին Վի­գէն Սարգ­սեան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղա­կա­յուած ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նին վրայ։ Իր խօս­քե­րով, այդ ռազ­մա­կա­յա­նին գո­յու­թիւ­նը լուրջ պա­տաս­խան մըն է տա­րածքշր­ջա­նէ ներս Թուր­քիոյ կող­մէ հա­ւա­նա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րուն հա­մար։ Նախարար Վի­գէն Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց Հա­յաս­տա­նի վրայ հա­ւա­նա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն։ «Ե­թէ Ռու­սաս­տան յա­ջո­ղի ու­նե­նալ կան­խա­տե­սե­լի ու հասկ­նա­լի Թուր­քիա մը, ա­պա սա կրնայ բխիլ նաեւ Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րէն», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ հայ­կա­կան կող­մը պէտք է դի­տար­կէ, թէ ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ինչ­պէս պի­տի անդ­րա­դառ­նան տա­րած­քաշր­ջա­նին վրայ։ Վի­գէն Սարգ­սեան «Ռա­շա Թու­տէյ» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ալ ար­տա­յայ­տեց նման մօ­տե­ցում­ներ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան ըլ­լալ ա­ւե­լի ջերմ կամ ա­ւե­լի ցուրտ։ Ե­րե­ւան եւ Մոս­կուա ի­րա­րու կա­պուած են ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով, հե­տե­ւա­բար Վի­գէն Սարգ­սեան ան­բաղ­դա­տե­լի կը նկա­տէ ռու­սա­կան կող­մի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը թրքա­կան եւ հայ­կա­կան կող­մե­րուն հետ։ «Այս ա­ռու­մով հայ-ռու­սա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տուած է նաեւ Կիւմ­րիի ռու­սա­կան 102 ռազ­մա­կա­յա­նի գո­յու­թեան մէջ։ Այդ մէ­կը տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս զսպող գոր­ծօն մըն է», ը­սաւ Վի­գէն Սարգ­սեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2017