ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՁԵՌՆՏՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է՝ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՇԷՆՔԸ
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին հանդէս եկաւ կարեւոր լուսաբանութիւններով՝ Տատեան վարժարանի նախկին շէնքի արժեւորման մասին։ Ժողովականները գոհունակութեամբ վերահասու դարձան, որ թաղային խորհուրդը ապահոված է ձեռնտու պայմաններ եւ անհրաժեշտ ենթագետինը պատրաստուած է՝ յառաջիկայ շրջանին նպատակասլաց գործարք մը կնքելու համար։
Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր յիշեցուց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կարգադրութեամբ մօտաւոր անցեալին Տատեան վարժարանի նախկին շէնքի կարգավիճակը ենթարկուած էր փոփոխութեան։ Պատկան մարմինները թոյլ տուած էին՝ որպէսզի այդ շէնքը դառնայ հասութաբեր։ Մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր Մեսուտ Էօզտեմիր եւ ընկերները թափով աշխատանք կը տանին դպրոցի հին շէնքը արժեւորելու ուղղութեամբ։ Երբ առաջին անգամ հնչած էր նման մտադրութիւն մը, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը պարտաւորուած էր դիմագրաւելու որոշ հակազդեցութիւններ։ Այդ մթնոլորտին մէջ թաղային խորհուրդը համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ ալ կազմակերպած էր՝ թափանցիկ եւ բոլորին տեսակէտէ հասկնալի քայլերով յառաջ ընթանալու նպատակով։ Ստեղծուած այդ մթնոլորտին մէջ թաղային խորհուրդը սկսած էր առաջնորդուիլ բացառապէս շահապաշտ մօտեցումով՝ որպէսզի թաղը ունենայ մշտական եւ կայուն եկամուտ։
Երէկուան ժողովին ընթացքին Մեսուտ Էօզտեմիր դրական լուրեր փոխանցեց համայնքային վարիչներուն։ Ան յայտնեց, որ թէեւ կամքի անկախ պատճառներով պարտաւորուեցան տարի մը ժամանակ կորսնցնել, սակայն բացարձակապէս մտադիր չեն անգամ մը եւս նման հարցի մը դէմ յանդիման մնալու։ Անցեալ ամիսներուն թաղային խորհուրդը ունեցած է խտացեալ շփումներ եւ կրթական բնագաւառէ ներս գործունէութիւն ծաւալող ցանցի մը հետ հասած է սկզբնական համաձայնութեան։ Դպրոցի հին շէնքի կարգավիճակի փոփոխութեան հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ վարձել այդ կալուածը։ Տատեանի հին շէնքը դարձեալ պիտի ծառայէ կրթական նպատակի։
Մեսուտ Էօզտեմիր ընդգծեց, որ իրենք պատրաստած են ձեռնտու պայմաններով գործարքի մը ենթագետինը։ Այն ցանցը, որ պիտի վարձէ կալուածը՝ ամէն ամիս 80 հազար լիրա վարձք պիտի վճարէ Պաքըրգիւղի թաղային խորուրդին եւ առաջին փուլին մէկ տարուան վարձավճարը պիտի փոխանցէ կանխիկ։ Էօզտեմիր ընդգծեց, որ դպրոցի նոր համալիրի շինարարութեան շրջանէն մնացած պարտքեր ունի Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը։ Սակայն, հիմնական հարցը այդ պարտքը չէ։ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը չի կասկածիր, որ մեր բարերարներու զօրակցութեան դիմելով կրնայ այդ պարտքը փակել։ Բայց եւ այնպէս, հիմնական խնդիրը այն է, որ նոր համալիրի կառուցումէն վերջ թաղի ընթացիկ ծախսերը աւելեցած են։ Աւելի՛ն, այդ նոր համալիրը պէտք է արժեւորուի՝ մարդուժի պատրաստութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ձեւով։ Ներկայիս Տատեան վարժարանը ունի շուրջ 400 աշակերտ եւ անոնց ուսման մակարդակի բարձրացման համար, համապատասխան մասնագիտական ծրագրեր կեանքի կոչելու համար թաղային խորհուրդը ի վիճակի չ՚ըլլար կանոնաւոր, հետեւողական միջոցներ յատկացնելու։ Հետեւաբար, Մեսուտ Էօզտեմիր բացատրեց, որ իրատես քայլերով կ՚առաջնորդուին ներկայ դժուարին փուլին մէջ։ Թաղային խորհուրդը համոզուած է, որ դպրոցի արդիւնաւէտութեան բարձրացման հիմնական գրաւականներէն մին է ելմտական կայուն եկամուտներու երաշխաւորուած ըլլալը։
Այս բոլորին հիման վրայ, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին համաձայնութիւն կնքել, վարձակալական պայմանագիր ստորագրել վերոյիշեալ ցանցին հետ։
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՏՐԱԶԵՐԾ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին համայնքային վարիչներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց շատ կարեւոր խնդրի մը վրայ։ Ան գրեթէ ահազանգ հնչեցուց, որ մեր համայնքային հաստատութիւնները հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց տրազերծ կարգավիճակը, ինչ որ մօտաւոր ապագային կրնայ շատ լուրջ բարդութիւններ ծնիլ թրքահայութեան տեսակէտէ։
Եսայի Տեմիր յիշեցուց, որ վերջին շրջաններուն մեր զանազան հաստատութիւնները առանձին ձեւով անցած են պատկան իշխանութիւններու քննութենէն։ Այդ քննութիւններուն ընդհանուր արդիւնքը հետզհետէ ենթագետին մը կը ստեղծէ մեր հաստատութիւններու պարագային ընդհանուր կարգադրութիւններ սահմանելու տեսակէտէ։ Մեր երկրէն ներս կատարուած վերջին օրէնսդրութեան փոփոխութիւններուն ալ ազդեցութիւնով՝ պատկան մարմիններուն մօտ հետզհետէ կը ձեւաւորուի այն մօտեցումը, թէ մեր համայնքի (փոքրամասնական կարգավիճակով) վարժարաններն ալ կրնան դասուիլ տնտեսական ձեռնարկներ (iktisadi işletme)։ Եսայի
Տեմիր նշեց, որ այս խնդիրը կը վերաբերի թէ՛ մեր դպրոց ունեցող թաղերուն եւ թէ կալուածներով հարուստ համայնքային հաստատութիւններուն։ Առաջին հերթին, առերեւոյթ, խնդիրները կը վերաբերին մեր վարժարաններու աշակերտներու ծնողաց կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն։ Անոնք հաշուի առնելով եկամտահարկ կրնայ սահմանուիլ մեր հաստատութիւններուն եւ յետընթաց տուժեր (պատիժ) կրնան սահմանուիլ՝ տոկոսներով հանդերձ։ Ուրիշ խնդիր մըն ալ կայ՝ եւս լուրջ բնոյթով։ Արդարեւ, մեր համայնքապատկան կալուածներու հասոյթն ալ կրնայ ենթարկուիլ եկամտահարկի եւ եթէ այդ պարագային յետընթաց հաշուարկներով նախատեսուած տուժերուն վրայ բարդուին տոկոսները՝ ապա մեր համայնքը նիւթական առումով շատ ծանր բեռի մը դէմ յանդիման կրնայ մնալ։
Եսայի Տեմիր այս խնդիրը նկատեց չափազանց լուրջ եւ յայտնեց, որ դպրոց կամ կալուած ունեցող մեր հաստատութիւններու վարիչները փութով պէտք է միտք մտքի տան, համատեղ խտացեալ աշխատանք ծաւալեն՝ որպէսզի պատկան մարմիններուն կարելի ըլլայ բացատրել, թէ մեր հաստատութիւնները ունին բարենպատակ բնոյթ, տնտեսական ձեռնարկներ չեն, հետեւաբար անոնց համար ի զօրու պէտք չէ դառնան նման կարգադրութիւնները։
ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան մեր հաստատութիւններու ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման հարցերը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս խնդիրը լուրջ նշանակութիւն ունի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Սա ընտրութիւններու եւ ընդհանրապէս վարչական կայունութեան առումով առանցքային հարց մը կը համարուի։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երկար ժամանակէ ի վեր VADİP-ի ժողովներուն ընթացքին գրեթէ ահազանգ կը հնչեցնէ այս հարցին առընչութեամբ։ Ան յամառօրէն կը մատնանշէ, թէ մինչեւ որ այս խնդիրը չունենայ բարւոք լուծում մը, մեր համայնքը պիտի չկարենայ յաղթահարել ընտրութիւններու խնդրին թնճուկը։ Սա ի զօրու է թէ՛ պատրիարքական ընտրութեան եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութեան համար։
Այս նիւթին շուրջ վերջին շրջանին նախապատրաստական կարեւոր աշխատանքներ տարուած են Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Սարվէն Սերթշիմշէքի եւ խումբ մը ընկերներուն կողմէ։ Նոյնպէս այս նիւթին վրայ աշխատած է նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Էրօլ Սեհերեըլտըզը։ VADİP-ի երէկուան նիստին ընթացքին այս նիւթին շուրջ ժողովականները հերթական անգամ լուսաբանեց Սարվէն Սերթշիմշէք, որ համակարգչային միջավայրի մէջ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ թաղեցիներու ցուցակներու թարմացման, վերականգնման համար պատրաստած է ենթագետին մը։ Ան յայտնեց, թէ իր գլխաւորութեամբ տարուած աշխատանքի հիմնական նպատակը եղած է՝ կրկնակի արձանագրութիւններու եւ կրկնակի քուէարկութիւններու կանխումը։ Սարվէն Սերթշիմշէք յայտնեց, թէ համակարգը նախատեսուած է իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ առանձին գործածութեան համար, սակայն եթէ տարուի որոշ աշխատանք մը՝ ապա անկարելի չէ նաեւ ցանցի մը ստեղծուիլը։ Ան որոշ ենթադրութիւններ ներկայացուց ժողովականներու ուշադրութեան՝ մատնանշելով նաեւ ժամկէտներու, այդպիսի արդիւնքի մը հասնելու տեսակէտէ անհրաժեշտ ժամանակի խնդիրները։ Նկատի ունենալով, որ ներկայիս վեցամսեայ ժամանակաշրջան մը կը նախատեսուի պատրիարքական ընտրութեան համար՝ Սարվէն Սերթշիմշէք ակնկալութիւնները մեկնաբանեց նաեւ այս տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, եթէ նոյնիսկ ամէն ինչ ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ, եթէ նոյնիսկ մեր բոլոր թաղերը նման գործի մը ձեռնարկելու ճանապարհին ցուցաբերեն մեծ եռանդ եւ համագործակցութեան ոգի, ապա յամենայնդէպս վեց ամսուան ժամկէտը կրնայ անբաւարար ըլլալ ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման տեսանկիւնէն։
Իր կարգին, VADİP-ի դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըն ալ, դիտել տուաւ, որ կը նախատեսեն յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի կոչել երիտասարդներ՝ որոնք եւս կրնան զանազան միջավայրերու մէջ մեր համայնքի անդամներուն հետ շփուելով նպաստել ցուցակագրման աշխատանքներուն։
ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԴԷՄ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան գումարեց իր հերթական ժողովը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Նիստը գըլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ծանրաբեռնուած օրակարգով ժողով մըն էր այս մէկը։
VADİP-ի ժողովին ընթացքին Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Սեւան Շէշէթեան օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ այլ կարեւոր հարց մը։ Այսպէս, ան ընդգծեց, որ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս Շաբաթ օրերը կը կազմակերպուին հայերէնի միօրեայ դասընթացքներ։ Սեւան Շէշէթեան մտահոգութեամբ ընդգծեց այս հանգամանքը։ Արդարեւ, այս քայլը կրնայ հունէ դուրս բերել մեր կրթական համակարգի գործունէութիւնը՝ մասնաւորապէս հայերէնի ուսուցման առումով։ Այսպիսի թերի ծրագրերը բացարձակապէս խրախոյս մը չեն կրնար ըլլալ՝ որպէսզի մեր համայնքի դպրոցահասակ զաւկի տէր ծնողները նախընտրեն իրենց երախաները ուղարկել հայկական վարժարան։ Ներկայիս արդէն լուրջ հոսանք մը առկայ է՝ երիտասարդ ծնողներու կողմէ իրենց երախաներու պարագային հայկական վարժարաններ չնախընտրելու տեսանկիւնէն։ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս առնուած այս անհեռատես քայլը կրնայ աւելի խորացնել սոյն հարցը։
Ժողովականները բաժնեցին Սեւան Շէշէթեանի մտահոգութիւնը։ Պոմոնթիի Մխիթարեան վրժ.ի մատակարար մարմնէն ոեւէ ներկայացուցիչ չէր մասնակցած նիստին՝ պատասխանելու համար առկայ մտահոգութիւններուն։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ VADİP-ի կրթական յանձնախումբն ալ որեւէ տեղեկութիւն չէ ունեցած սոյն կարգադրութեան շուրջ։