ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳ
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան գործընթացը գործնական փուլ առաջնորդելու համար մշակուած ծրագրի գործադրութիւնը երէկ սկսաւ պաշտօնապէս։ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ գումարեց նիստ մը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցան տեղապահի ընտրութեան վերաբերեալ նախապատրաստական աշխատանքները։ Երէկուան ժողովին զուգահեռ Պատրիարքարանէն հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը՝ Կրօնական ժողովի դիւանին ստորագրութեամբ։ Այս զեկոյցով ազդարարուեցաւ Եկեղեցական համագումարը՝ տեղապահի ընտրութեան օրակարգով։ Վաղը յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցական համագումարը, որու ընթացքին պիտի ընտրուի տեղապահ մը։ Աւելի վերջ ալ՝ տասնօրեայ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը։ Յաջորդ փուլին ալ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ Ներքին գործոց նախարարութեան դիմում պիտի ներկայացուի՝ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար։
Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին բոլոր իրադարձութիւններուն, մինչ նախա-տեսուած ընթացակարգը մեկնարկած է բնականոն ձեւով։ Վաղը արդէն հոգեւորականաց դասը պիտի ընտրէ տեղապահ մը, ինչ որ ինքնաբերաբար պիտի նշանակէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի անշրջադարձելիօրէն սկիզբը։
Միւս կողմէ, տեղապահի թեկնածուներէն Գերմանիոյ Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր մասնակցեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) խորհրդակցութեան։ Ան այս առթիւ իր տեսակէտները յանձնեց համայնքի աշխարհական վարիչներու նկատառման։ Նորին Սրբազնութիւնը մանրամասնութիւններ ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազաններուն միջեւ ապահովուած համաձայնութեան շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ խոր երախտագիտութեամբ եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան մասին։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան փափաք յայտնեց, որ համայնքային աշխարհական վարիչները պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ բերեն իրենց դրական նպաստը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պատասխանեց նաեւ քանի մը ժողովականի հարցման եւ ընդամէնը շուրջ կէս ժամ VADİP-ի նիստին մասնակցութիւն բերելէ վերջ՝ ժողովասրահէն հրաժեշտ առաւ փոխանցելով իր օրհնութիւնները։
ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան մեր հաստատութիւններու ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման հարցերը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս խնդիրը լուրջ նշանակութիւն ունի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Սա ընտրութիւններու եւ ընդհանրապէս վարչական կայունութեան առումով առանցքային հարց մը կը համարուի։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երկար ժամանակէ ի վեր VADİP-ի ժողովներուն ընթացքին գրեթէ ահազանգ կը հնչեցնէ այս հարցին առընչութեամբ։ Ան յամառօրէն կը մատնանշէ, թէ մինչեւ որ այս խնդիրը չունենայ բարւոք լուծում մը, մեր համայնքը պիտի չկարենայ յաղթահարել ընտրութիւններու խնդրին թնճուկը։ Սա ի զօրու է թէ՛ պատրիարքական ընտրութեան եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութեան համար։
Այս նիւթին շուրջ վերջին շրջանին նախապատրաստական կարեւոր աշխատանքներ տարուած են Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Սարվէն Սերթշիմշէքի եւ խումբ մը ընկերներուն կողմէ։ Նոյնպէս այս նիւթին վրայ աշխատած է նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Էրօլ Սեհերեըլտըզը։ VADİP-ի երէկուան նիստին ընթացքին այս նիւթին շուրջ ժողովականները հերթական անգամ լուսաբանեց Սարվէն Սերթշիմշէք, որ համակարգչային միջավայրի մէջ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ թաղեցիներու ցուցակներու թարմացման, վերականգնման համար պատրաստած է ենթագետին մը։ Ան յայտնեց, թէ իր գլխաւորութեամբ տարուած աշխատանքի հիմնական նպատակը եղած է՝ կրկնակի արձանագրութիւններու եւ կրկնակի քուէարկութիւններու կանխումը։ Սարվէն Սերթշիմշէք յայտնեց, թէ համակարգը նախատեսուած է իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ առանձին գործածութեան համար, սակայն եթէ տարուի որոշ աշխատանք մը՝ ապա անկարելի չէ նաեւ ցանցի մը ստեղծուիլը։ Ան որոշ ենթադրութիւններ ներկայացուց ժողովականներու ուշադրութեան՝ մատնանշելով նաեւ ժամկէտներու, այդպիսի արդիւնքի մը հասնելու տեսակէտէ անհրաժեշտ ժամանակի խնդիրները։ Նկատի ունենալով, որ ներկայիս վեցամսեայ ժամանակաշրջան մը կը նախատեսուի պատրիարքական ընտրութեան համար՝ Սարվէն Սերթշիմշէք ակնկալութիւնները մեկնաբանեց նաեւ այս տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, եթէ նոյնիսկ ամէն ինչ ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ, եթէ նոյնիսկ մեր բոլոր թաղերը նման գործի մը ձեռնարկելու ճանապարհին ցուցաբերեն մեծ եռանդ եւ համագործակցութեան ոգի, ապա յամենայնդէպս վեց ամսուան ժամկէտը կրնայ անբաւարար ըլլալ ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործման տեսանկիւնէն։
Իր կարգին, VADİP-ի դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըն ալ, դիտել տուաւ, որ կը նախատեսեն յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի կոչել երիտասարդներ՝ որոնք եւս կրնան զանազան միջավայրերու մէջ մեր համայնքի անդամներուն հետ շփուելով նպաստել ցուցակագրման աշխատանքներուն։