ՄԱՀ՝ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՍԱՅԱՃԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով կը գու­ժենք մա­հը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քի բազ­մա­մեայ ան­դամ­նե­րէն, թեր­թիս սիւ­նա­կա­գիր Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի։ Իր կո­րուս­տը խոր ցաւ պատ­ճա­ռած է թեր­թիս ըն­տա­նի­քին՝ քա­նի որ ան եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ ան­սա­կարկ նուի­րու­մով ծա­ռա­յած էր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին եւ հայ մա­մու­լին հա­մար։

Վա­րու­ժան Սար­գիս Սա­յա­ճեան 1943 թուա­կա­նին ծնած էր Գա­րա­կիւմ­րիւ­քի մէջ, Իս­թան­պուլ։ Ա­ւար­տած էր Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը։ Մի­ջոց մը ու­սուց­չա­գոր­ծած էր Պա­լա­թի եր­բեմ­նի Խո­րէ­նեան վար­ժա­րա­նէն ներս։ Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէ սկսեալ նուի­րուած էր հայ մա­մու­լին։ Մեծ ե­ռան­դով աշ­խա­տակ­ցած էր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին։ Թեր­թիս պատ­մու­թեան տի­րա­կան դէմ­քե­րէն հան­գու­ցեալ Մար­տի­րոս Գօ­չու­նեա­նի եւ Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի հետ ե­ղած էր գոր­ծա­կից։ Ա­նոնց հետ ու­նե­ցած աշ­խա­տան­քա­յին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ի­րեն հա­մար կը նկա­տէր մեծ ձեռք­բե­րում։ Հա­նու­ցեալ Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ հրա­տա­րա­կուած «Ար­շաւ» թեր­թին հա­մար ալ բե­րած էր իր սպա­սար­կու­թիւ­նը։

Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան խմբագ­րա­տան աշ­խա­տանք­նե­րէն հանգս­տեան կո­չուե­լէ վերջ ալ շա­րու­նա­կած էր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քին մէջ մնալ որ­պէս սիւ­նա­կա­գիր։ Հանգս­տեան կո­չուե­լէ վերջ մի­ջոց մը վա­րած էր Պա­լըք­լըի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը։ Կ՚ան­դա­մակ­ցէր Թուր­քիոյ լրագ­րող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան։ Ար­ժա­նա­ցած էր մամ­լոյ մշտա­կան քարտ կրե­լու պա­տի­ւին։ Մի­ջոց մը գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած էր նաեւ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ՝ մաս կազ­մե­լով ՏՍՓ կու­սակ­ցու­թեան Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան։

Մին­չեւ իր ա­ռող­ջու­թեան հար­ցե­րուն լրջա­նա­լը կը շա­րու­նա­կէր իր ար­տադ­րան­քը թեր­թիս հա­մար՝ որ­պէս փոր­ձա­ռու սիւ­նա­կա­գիր, որ ա­կա­նա­տեսն ու վկան ե­ղած էր մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի բազ­մա­թիւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան ա­մուս­նա­ցած էր ե­րախ­տա­շատ կրթա­կան մշա­կի մը՝ Գո­հա­րիկ Սա­յա­ճեա­նի հետ, որ ե­ղած է Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի­նե­րէն մին։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, երբ իր ա­ռող­ջու­թիւ­նը լուրջ վե­րի­վայ­րում­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րէր, ան կը վա­յե­լէր իր կո­ղակ­ցին մշտա­կան խնամ­քը։

Թէեւ իր­մէ ո­րե­ւէ խնամք, ո­րե­ւէ դար­մա­նում չէր զլա­ցուած, սա­կայն դժբախ­տա­բար Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն շատ կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հիւ­ծուե­ցաւ ա­րագ թա­փով եւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն իր աչ­քե­րը փա­կեց կեան­քին՝ խոր սու­գի մատ­նե­լով իր սի­րե­ցեալ կո­ղա­կիցն ու ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը։ Ան բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կէն ներս մեծ յար­գանք ու հա­մակ­րանք կը վա­յե­լէր՝ իր հա­ղոր­դա­կան նկա­րագ­րով եւ հա­մեստ բնա­ւո­րու­թեամբ։ Բո­լո­րի նկատ­մամբ սէր կը տա­ծէր Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեան, ո­րուն մեր մա­մու­լին հա­մար բե­րած սպա­սար­կու­թիւ­նը պի­տի յի­շուի ընդ­միշտ եւ իր քաղցր յի­շա­տա­կը վառ պի­տի մնայ սի­րե­լի­նե­րու սրտին մէջ։

Այս տխուր առ­թիւ խո­նար­հե­լով իր վաս­տա­կին առ­ջեւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի ազ­նիւ ու բա­րի հոգ­ւոյն հա­մար։ Նոյն առ­թիւ մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք իր այ­րիին՝ Տի­կին Գո­հա­րիկ Սա­յա­ճեա­նին, որ մին­չեւ վեր­ջին շուն­չը մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով խնա­մեց իր ա­մու­սի­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2017