ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ
Մարդկային կեանքին մէջ ամէն կորուստ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ։ Կորուստը հիասթափութեան պատճառ կը դառնայ, որուն պատճառաւ ցաւով կը տառապի եւ կը տանջուի մարդ «կորսնցուցած» ըլլալուն համար։
Եւ մարդ կը ցաւի այն կորուստներուն վրայ ընդհանրապէս, որոնք չէ կրցած շահու վերածել, քանի որ մարդ բնական մղումով մը միշտ շահիլ կ՚ուզէ։ Ուստի մարդ իրեն տրամադրուած ամէն ինչ կը փափաքի օգտագործել, շահու վերածել, ունենալ եւ ունեցածը աւելցնել։ Եւ «կորուստ»ը արգելք կը հանդիսանայ իր այս փափաքին, եւ ցաւ կը զգայ մարդ։
Բայց մարդիկ, ընդհանրապէս, «շահ» ըսելով կը հասկնան նիւթական եկամուտ, հարստութիւն եւ անոնք ստանալու եւ գործածելու իրաւունք։ Սակայն մարդուս կեանքը միայն նիւթ եւ նիւթական չէ՛, կայ նաեւ հոգեւոր կեանքը մարդուն, որուն համար ալ պէտք է հոգ տանի շահելու, շահը աւելցնելու դիտաւորութեամբ։ Ուստի, շահը պէտք է հասկնալ նաեւ հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներու ալ տիրանալու իմաստով։ Եւ մանաւանդ որ հոգիի եւ մտքի վերաբերեալ կորուստներ շատ աւելի ցաւալի կ՚ըլլան, երբ մարդ անդրադառնայ այդ կորուստներուն, կորսուած եւ յաճախ անդարձ ու անդարմանելի՜ արժէքներուն։
Բայց մարդ ընդհանրապէս չ՚անդրադառնար իր հոգեկան ու մտային կորուստներուն, քանի որ ան իր ուշադրութիւնը դարձուցած է միշտ նիւթական աշխարհի արժէքներուն՝ տեսանելի եւ շօշափելի գոյութիւններու։ Բարոյական արժէքներ, շատ անգամ չեն գրաւեր մարդուն ուշադրութիւնը եւ կը կորսուին, կ՚երթան եւ մարդ չ՚անդրադառնար իր կորսնցուցածին եւ ցաւ ալ չի զգար անշուշտ։
Պահ մը խորհինք սիրելի՜ բարեկամներ, ո՜վ գիտէ կեանքի մէջ որքա՜ն մեծ արժէքներ կորսնցուցած ենք, որոնք չենք յիշեր իսկ, քանի որ անոնք նիւթական արժէք չէին ներկայացուցած, բայց չարաչար կը տանջուինք, կը ցաւինք մեր կորսնցուցած փոքր մէկ գործիքին համար, նիւթական աննշան արժէքին համար, որ կարելի՛ է իր տեղը լեցնել, նորը ունենալ։ Բայց շատ անգամ հոգ իսկ չենք ըներ կորսուած ժամանակին մասին, կորսուած բարոյական անդարձ եւ անդարմանելի արժէքներուն նկատմամբ։ Մինչդեռ նիւթը, նիւթականը նորոգել, դարմանել, վերաշինել աւելի դիւրին է եւ կարելի, քան բարոյական որեւէ կորուստ։ Զոր օրինակ, մոռնալը կորո՛ւստ մըն է, մտային արժէքներու կորուստ մը, եւ կարեւորութիւն կը ստանայ մանաւանդ կենսական գիտելիքներու կապակցութեամբ՝ մասամբ դարմանելի, բայց կան այնպիսի բարոյական կորուստներ ալ, որոնք նորոգել, վերահաստատել կարելի չ՚ըլլար, եւ իսկական իմաստով ցաւ ու վիշտ պատճառող կորուստները անոնք են։ Երբ մարդ անտարբեր է իր կորուստներուն նկատմամբ, ան չունի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կեանքի նկատմամբ, քանի որ կեանքը պատասխանատուութիւն ունենալ կը պահանջէ։ Անտարբերութիւնը կ՚ամլացնէ կեանքը, մարդ «կը կորսնցնէ» անոր իմաստը, նպատակը, եւ «իմաստը կորսնցնել» ամենէն ցաւալի կորուստներէն մին է մարդկային կեանքին մէջ։
Արդարեւ, «կորուստ»է հեռու ապրիլ, մարդ էակին բաղձանքն է՝ երջանկութեան պատճա՛ռը։
Ուրեմն, մարդ պէտք է անդրադառնայ իր կորուստներուն, անտարբեր չգտնուի ամէն տեսակ կորուստի նկատմամբ՝ նիւթական թէ՛ բարոյական բոլոր կորուստներու համար պէտք է զգաստ վարուի, ինքզինք հեռու պահէ ամէն տեսակ կորուստի վտանգներէն, որքան որ կարելի է անշուշտ։
Բարոյական կորուստներու մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ «ժամանակի կորուստ»ը։ Եւ ո՜վ գիտէ մարդ իր ամբողջ կեանքին մէջ որքա՜ն կորսնցուցած ժամանակներ ունեցած է եւ դժբախտաբար չէ անդրադարձած իր այս կենսական կորուստին եւ կամ անտարբերութեամբ դիմաւորած է այդ կարեւոր կորուստը, աննշան համարելով զայն։ Ուրեմն անդրադառնալու եւ կարեւորութիւն ընծայելու հարց մըն է բարոյական կորուստը եւ մանաւանդ ժամանակի կորուստը, որ վնասներու պատճառ կրնայ ըլլալ մարդուս համար աւելի քան որեւէ նիւթական կորուստ, որուն համար մարդ ցաւ ու վիշտ կը զգայ։
Կորսուած ժամանակները մեծ կորուստներ են մարդուս համար, որոնք պատճառ կ՚ըլլան ուրիշ կորուստներու եւ նաեւ նիւթական կորուստներու մանաւանդ։ Ինչո՞ւ մարդ չ՚անդրադառնար ժամանակի կորուստին։
Ժամանակին ընթացքը, քանի որ տեղի կ՚ունենայ անձայն, անշշուկ, գրեթէ անզգալիօրէն. մարդ շատ անգամ չի հասկնար, չի զգար թէ ժամանակը ինչպէս անցեր է։ Եւ որովհետեւ ժամանակին ընթացքը անզգալի է մարդուն համար, ապա ուրեմն անոր կորուստն ալ անզգալի կ՚ըլլայ։ Ժամանակին ընթացքին անդրադարձողներ միայն կ՚անդրադառնան եւ կը զգան նաեւ անոր կորուստը, եւ կը ցաւին այդ կարեւոր կորուստին վրայ։ Իսկ անոնք որ անտարբե՛ր են ժամանակի ընթացքին նկատմամբ, անտարբեր կը գտնուին նաեւ անոր կորուստին վրայ, քանի որ անոնց համար ժամանակը որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ՝ անտեսանելի, անշօշափելի, աներեւոյթ, անզգալի «բան» մըն է անոնց աչքին։
Բայց անոնք որ «հոգիի աչք»ով կը նային, անոնք կը տեսնեն ժամանակը, անոր ընթացքը եւ կը զգան ցաւը անոր կորուստին։ Արդարեւ, ժամանակի ընթացքին անդրադարձողը ժամանակի շատ մեծ կորուստ չ՚ունենար, քանի որ գիտէ անոր յարգն ու արժէքը եւ ըստ այնմ կը շարժի, կ՚օգտագործէ զայն, ինչպէս նիւթական, մարմնական աչքով դիտողներ օգտագործելը լա՛ւ գիտեն նիւթին, նիւթականին եւ ամէն այն բաներուն՝ որ տեսանելի են եւ շօշափելի՛։
Ժամանակի կորուստը մեծ կորուստներու պատճառ կ՚ըլլայ, եւ ասիկա կ՚ապացուցուի կեանքի փորձառութիւններով. ի՜նչ նիւթական կորուստներ պատահած են, պարզապէս ժամանակի կորուստի պատճառով՝ յապաղումներով, անտարբերութեամբ, ժամանակը պէտք եղածին պէս չկարենալ օգտագործելու պատճառով։
Նիւթականի սեւեռուած միտքեր պէ՛տք է անդրադառնան ժամանակի կարեւորութեան, քանի որ ամէն ինչ կը գոյանայ ժամանակի ընթացքին մէջ՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական եւ յիշեն այն խօսքը, թէ՝ «ժամանակը դրա՛մ է»։ Եւ եթէ ժամանակ ըսուած ընթացքը գոյութիւն չունենար, այլապէս կեանք չէ՛ր ըլլար՝ ստեղծագործութիւն տեղի չէր ունենար, քանի որ ստեղծագործութիւնն ա՛լ ժամանակի ընթացքին տեղի ունեցած է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 9, 2017, Իսթանպուլ