ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌԱԳՐԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Լեհաստանի Քիելցէ քաղաքին մէջ պիտի բացուի հայկական ձեռագրերու ցուցահանդէս մը։ Ձեռագրերը եւ աւետարանները համաշխարհային նշանակութեան բացառիկ յուշարձան են՝ հայերու համար նոյնքան սրբութիւն, որքան ուղղափառներու համար սրբապատկերները:
Ձեռագրերը արտագրողները, մանրանկարիչները, կազմարարները, թարգմանիչները Հայաստանի մէջ միշտ պատուելի եղած են: Այս ձեռագրերը հայերուն օգնած են իրենց ինքնութիւնը պահպանելու անկախութեան կորուստի տարիներուն:
«Հայկական արուեստը կը բնութագրեն գոյները, հայեացքները, խորհրդանիշները եւ մարդոց իւրայատուկ պատկերումը», ըսած է Քիելցէի Ժողովրդական թանգարանի աշխատակից Փաւել Կժեսիք:
Լեհաստանի մէջ եղած են նման բազմաթիւ ձեռագրեր, սակայն անոնցմէ միայն շուրջ քսան ձեռագիր պահպանուած է: Ատոնք կը պահուին Վարշաւիոյ Ժողովրդական գրադարանին, Քրաքովի Ժողովրդական թանգարանին եւ Վրոցլաւի Օսօլինսքիի անուան ազգային գրադարանին մէջ: