ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԿՏԱԿ ՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Հայ Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւուն­քի հա­մա­ձայն «Կտակ» կը նշա­նա­կէ ան­ձի մը իր սե­փա­կան հարս­տու­թեան վրայ, իր ա­զատ կամ­քով եւ մա­հէն ետք գոր­ծադ­րե­լի կար­գադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րել։ Ուս­տի ոե­ւէ ա­ռող­ջա­միտ եւ չա­փա­հաս անձ, ո՛չ վա­նա­կան դա­սա­կար­գէ, իր սե­փա­կան ստա­ցուած­քը ու­զա­ծին պէս կտա­կե­լու ա­զատ է։ Ան­ձի մը վեր­ջին փա­փա­քը նուի­րա­կան է եւ պէ՛տք է ան­պայ­ման կա­տա­րուի, բա­ցի տուեալ օ­րէնք­նե­րու հա­կա­ռակ, ան­բա­րո­յա­կան եւ ան­կա­րե­լի փա­փաք­նե­րէ, ո­րոնք ներ­հակ են ընդ­հա­նուր ըն­կե­րա­յին եւ ան­հա­տա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու։

Կտա­կա­րա­րը պէ՛տք է իր կտա­կը կա­տա­րէ պաշ­տօ­նա­կան ան­ձե­րու եւ վկա­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։ Կտա­կա­րար մը ի­րա­ւունք ու­նի ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ ամ­բող­ջո­վին կամ մա­սամբ փո­խել իր կտա­կը։

Կտա­կա­րար ան­ձին բնա­կան ի­րա­ւունքն է փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կել իր գրած կտա­կը, բաւ է որ մտա­յին ո­րե­ւէ ար­գելք մը եւ կամ բռնի կա­տա­րուած չըլ­լայ։ Ար­դա­րեւ կտա­կը վերջ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն կը ստա­նայ կտա­կա­րար ան­ձին մա­հով միայն։

Ան­ձի մը մա­հէն ետք ստա­ցուած­քի օ­րի­նա­կան փո­խան­ցու­մը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ «ժա­ռան­գու­թեամբ»։

­Մա­հա­ցած ան­ձի մը թո­ղած ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը, ստա­ցուած­քը, ի­րա­ւուն­քը եւ պարտ­քը ամ­բող­ջու­թեամբ կը կո­չուի ժա­ռան­գու­թիւն։

Ժա­ռան­գու­թեան բա­ժան­ման կա­պակ­ցու­թեամբ «Դա­տաս­տա­նա­գիրք»ի Բ մա­սին մէջ կը գտնուին վեց յօ­դուած­ներ. ԿԲ, ԿԳ, ԿԴ, ԿԵ, ՂԶ եւ ՂԷ, ո­րոնք բա­ւա­կան կնճռոտ եւ խրթին ձե­ւեր կը ներ­կա­յաց­նեն եւ այժմ մա­սամբ դադ­րած է ա­նոնց գոր­ծա­ծու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­կան օ­րէնք­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեամբ։

Այս ուղ­ղու­թեամբ, Նո­րայր Ար­քե­պիս­կո­պոս Պո­ղա­րեան կը ներ­կա­յաց­նէ տար­բեր ձեւ մը՝ Մխի­թար Գօ­շի տուած ձե­ւե­րէն քիչ մը փո­խուած։

Ա. Կար­գի ժա­ռան­գորդ­ներ՝ ու­ղիղ գծով, ցվերջ

Կին (ա­մու­սին) եւ զա­ւակ­ներ

թոռ­ներ

ծո­ռներ

Բ. Կար­գի ժա­ռան­գորդ­ներ՝ կողմ­նա­կի գծով, ցվերջ

Եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր

Եղ­բօ­րոր­դի­ներ եւ քե­ռոր­դի­ներ

Եղ­բօր­թոռ­ներ եւ քեռ­թոռ­ներ

Գ. Կար­գի ժա­ռան­գորդ­ներ՝ դէ­պի վեր եւ ա­պա կողմ­նա­կի գծով, ցվերջ

Հայր եւ մայր

Հօր եւ մօր եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր

Հօր եւ մօր եղ­բօ­րոր­դի­ներ եւ քե­ռոր­դի­ներ։

Նո­րայր Ար­քե­պիս­կո­պոս Պո­ղա­րեան, ժա­ռան­գու­թեան բա­ժան­ման մա­սին այս կեր­պը տրա­մա­բա­նա­կան կը գտնէ, ըստ այսմ.

Ա.- Ժա­ռան­գու­թիւ­նը նա­խա­պա­տուօ­րէն եւ բնա­կա­նա­բար կը բաժ­նուի մեռ­նո­ղի սե­րուն­դին՝ ու­ղիղ գի­ծով եւ հա­ւա­սա­րա­պէս, սկսե­լով ա­ռա­ջին կար­գէն եւ ա­նոր չգո­յու­թեան պա­րա­գա­յին անց­նե­լով երկ­րոր­դին եւ այս­պէս յա­ջոր­դա­բար, ցվերջ։

Բ.- Ե­թէ հան­գու­ցեա­լը ուղ­ղա­կի սե­րունդ չու­նի, այ­սինքն ա­ռա­ջին կար­գի ժա­ռան­գորդ­ներ՝ կին (ա­մու­սին) եւ զա­ւակ­ներ, թոռ­ներ, ծո­ռներ, իր ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը կ՚անց­նի կողմ­նա­կի ժա­ռան­գորդ­նե­րուն, այ­սինքն եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն, կամ ա­նոնց մե­ռած ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին ա­նոնց զա­ւակ­նե­րուն, ե­ւայլն, ըստ կար­գին։

Գ.- Իսկ ե­թէ մեռ­նող ան­ձը եղ­բայր կամ քոյր ալ չու­նի, այն ա­տեն ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի իր ծնող­քին ե­թէ ողջ են, կ՚ապ­րին, կամ ա­նոնց եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն, եւ կամ վեր­ջին­նե­րուն զա­ւակ­նե­րուն ե­ւայլն, ըստ կար­գին։

Այս դրու­թեամբ նոյն գի­ծի կամ աս­տի­ճա­նի վրայ գտնուող ժա­ռան­գորդ­նե­րը միշտ պի­տի ստա­նան ի­րա­րու հա­ւա­սար բա­ժին, ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու մէ­կուն ա­մու­րի կամ ա­մուս­նա­ցած, ան­զա­ւակ եւ կամ բազ­մա­զա­ւակ ըլ­լա­լը։

Այն պա­րա­գա­յին որ մեռ­նող ան­ձը բա­ցար­ձա­կա­պէս զուրկ ըլ­լայ ազ­գա­կան-ժա­ռան­գոր­դէ, իր ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը կ՚անց­նի իր բնա­կա­վայ­րին հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյն, իսկ ե­թէ տեղ­ւոյն մէջ ե­կե­ղե­ցի չկայ, կը մնայ Թե­մին Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռին, այ­սինքն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն­նե­րէն կամ Պատ­րիար­քու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ ըստ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Օ­րէնք­նե­րուն։ Եւ ինչ­պէս վե­րը յի­շե­ցինք, ըստ քա­ղա­քա­կան օ­րէնք­նե­րու, մա­սամբ դադ­րած են գոր­ծա­ծու­թե­նէ այս օ­րէնք­նե­րը եւ այժմ ու­նին պատ­մա­կան-ի­րա­ւա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու ար­ժէք միայն։

«Ժա­ռան­գու­թիւն»ը ընդ­հան­րա­պէս եւ ա­մէն դրու­թեան մէջ հաս­տա­տուած է մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման սկզբուն­քին վրայ եւ այս «ար­ժէք»ը որ­քան նիւ­թա­կան, նո՛յն­քան ալ կ՚ըլ­լայ հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր կա­լուա­ծի նկատ­մամբ։ Ուս­տի հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ար­ժէք­ներ ալ կ՚են­թար­կուին ժա­ռան­գու­թեան եւ կը փո­խան­ցուին սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ։

Այս ի­մաս­տով աս­տուա­ծա­յին ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւնն ալ, ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան կա­տար­ման հա­մար «ժա­ռան­գու­թեամբ» կը փո­խան­ցուի սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ։ Ուս­տի, քա­նի որ Աս­տուած ի­մաս­տու­թեամբ կը ստեղ­ծէ, ա­պա ու­րեմն ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը բա­րի է, բա­րե­կարգ է եւ պէտք է փո­խան­ցուի հա­մայն մարդ­կու­թեան՝ բո­լոր սե­րունդ­նե­րուն։

Ուս­տի ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը «ար­ժէք» մըն է եւ պէտք է գո­յա­պահ­պա­նուի եւ գո­յա­տե­ւէ, ինչ որ կա­րե­լի է ի­րա­գոր­ծել «ծրագ­րին ժա­ռան­գու­թեամբ»ը։

Եւ քա­նի որ մար­դուն ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը մաս­նա­կից եւ գոր­ծա­կից է աս­տուա­ծա­յին ի­մաս­տու­թեան լոյ­սին, ու­րեմն ա­սի­կա պէ՛տք է փո­խան­ցուի մար­դուն ձեռ­քով պա­հե­լու, տե­ւա­կա­նաց­նե­լու եւ ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար՝ հաս­նե­լու հա­մար իր վարջ­նա­կան նպա­տա­կին, եւ ա­հա­ւա­սիկ այս կը կա­տա­րուի եւ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ ժա­ռան­գու­թեան շնոր­հիւ։

Ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը Աս­տուծ­մէ ու­զուած է որ­պէս պար­գեւ մար­դուն եւ իբր ժա­ռան­գու­թիւն, որ սահ­մա­նուած եւ վստա­հուած է ա­նոր։ Եւ Ե­կե­ղե­ցին, որ­պէս հաս­տա­տու­թիւն հար­կադ­րուած է պաշտ­պա­նել եւ փո­խան­ցել ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան այս ժա­ռան­գը իր ան­դամ­նե­րուն։ Եւ այս ժա­ռան­գը կը փո­խան­ցուի որ­պէս «ճշմա­րիտ ար­ժա­նիք» մը՝ ըստ Աս­տու­ծոյ ձրի ար­դա­րու­թեան։

Այս ժա­ռան­գը կը պա­հան­ջէ՝ ար­դա­րու­թիւն եւ հա­ւա­տար­մու­թիւն, քա­նի որ ան շնորհ­քէն պար­գե­ւուած ի­րա­ւո՛ւնք մըն է՝ լի ի­րաւ ի­րա­ւուն­քը սի­րոյ, որ մարդս կ՚ը­նէ «ժա­ռան­գա­կի՛ց» Քրիս­տո­սի եւ ար­ժա­նի ըն­դու­նե­լու յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի խոս­տա­ցուած ժա­ռան­գու­թի՛ւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ, 10, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017