Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐԸ
Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ տեղապահ ընտրուած Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան (աւազանի անունով Տիգրան) ծնած է 21 Դեկտեմբեր 1942 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ, աւելի վերջ յաճախած է Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ 1962 թուականէն սկսեալ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընծայարանին զուգահեռ աշակերտած է Իսթանպուլի համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի ընկերաբանութեան եւ պատմութեան բաժինները։ 1962 թուականին ձեռնադրուած է սարկաւագ։ Ոչ հայախօս աշակերտներու համար հայերէն դասաւանդած է Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն ներս։ 25 Յուլիս 1965 թուականին, Վարդավառի տօնին, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ վախճանեալ Տ. Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի, ի յիշատակ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադիր հոգելոյս Տ. Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի։ Ան եղած է Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն շրջանաւարտ առաջին եկեղեցականը։
1965 թուականին մեկնած է Գերմանիա՝ նախ Պոնն, ապա Պոխում քաղաքներուն մէջ կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումը։ Ան հետեւած է մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան։ Տարի մը վերջ Քէօլնի մէջ մատուցած է իր առաջին Ս. Պատարագը եւ Գերմանիայէ ներս իր նախաձեռնութեամբ հիմնուած են Քէօլնի, Ֆրանքֆուրթի, Միւնիխի եւ Շթութկարթի շրջակայքներու հայկական եկեղեցական համալիրները։ Դարձեալ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ 1970 թուականին բարձրացած է վարդապետական աստիճանի։
1973 թուականին հոգեւոր պաշտօնի համար հրաւիրուած է Մարսէյլ եւ միջոց մը վերջ ստանձնած է տեղւոյն Սրբոց Թարգմանչաց Մայր տաճարի հովիւի պաշտօնը։ Մարսէյլի մէջ եւս շարունակած է հայերէն դասաւանդել ու զուգահեռաբար ծաւալել գրական գործունէութիւն։ 1988 թուականին լոյս ընծայած է «Գիրք անձնանուններու» ֆրանսերէն եւ հայերէն երկլեզու գիրքը։ Իր յօդուածները հրատարակուած են նաեւ հայ մամլոյ մէջ։
1991 թուականին երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ կը վերադառնայ Գերմանիա, ուր Քէօլնի մէջ կը ձեռնարկէ առաջնորդարանի հաստատման նախապատրաստական աշխատանքներուն ու կը ստանձնէ թեմը հիմնելու պաշտօնը։ 31 Յունուար 1992 թուականին Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հրամանով կը նշանակուի Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդ։ Յաջորդող Մարտ ամիսին ծայրագոյն վարդապետի աստիճան կը ստանայ ձեռամբ հոգելոյս Տ. Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի։ Նոյն տարուան Սեպտեմբերին երանաշնորհ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ 1998 թուականին ալ երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գնահատականով կը ստանայ արքութեան պատիւ։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի առաջնորդութեան շրջանին գերմանահայոց կեանքէն ներս նկատելի վերելք մը արձանագրուած է։ Թէ՛ եկեղեցական եւ թէ աշխարհիկ կեանքէն ներս նկատելի եղած է այդ վերելքը։ Ան Գերմանիայէ ներս եկեղեցական 15 համայնքներու կազմաւորման գետին պատրաստած է։ Առաջնորդարանի կանոնադրութեան պատրաստութեան, հաստատման աշխատանքները յառաջ տարած է բծախնդրութեամբ։ Հրատարակչական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային աշխատանքները աշխուժացած են, մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները։ Իր ջանքերուն շնորհիւ Գերմանահայոց Թեմակալ Առաջնորդութիւնը անդամակցած է Գերմանիոյ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան։ Ան գիտէ հայերէն, թրքերէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն։ Իր ծաւալուն աշխատանքով պատրաստուած է 4 հազար էջէ բաղկացեալ՝ գերմաներէն-հայերէն-թրքերէն հսկայ բառարան մը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան միշտ պահած է իր շփումը թրքահայ համայնքին հետ եւ ի լրումն այս բոլորին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ երէկ ընտրուեցաւ պատրիարքական տեղապահ։