Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը ինչպէ՞ս դուրս պիտի գայ առկայ տակնուվրայ կացութենէն

Մթագ­նած է դար­ձեալ մեր հա­մայն­քի եր­կին­քը։ Ե­րէ­կուան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը թէ՛ մտա­հո­գու­թիւն եւ թէ ա­նո­րո­շու­թիւն ստեղ­ծած են մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Թէ ինչ­պէ՞ս թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը դուրս պի­տի գայ առ­կայ տակ­նու­վրայ կա­ցու­թե­նէն։ Սա է ներ­կայ հրա­տապ հար­ցը։

Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թե­նէն, փոխ-կու­սա­կալ Ա­զիզ Մեր­ճա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ ե­րէկ Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած նա­մա­կը ռում­բի ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց։ Ի­րա­ւա­կան գոր­ծե­րու բա­ժան­մուն­քէն ու­ղար­կուած հրա­տապ նա­մա­կին մէջ նշուած է, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նով գործ­նա­կա­նօ­րէն պի­տի սկսէր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ըն­թա­ցա­կար­գը։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րը վե­րա­հա­սու դար­ձած են այս ի­րադ­րու­թե­նէն։ Նա­մա­կին մէջ նշուած է, որ 16 Փետ­րուար 2017 թուա­կա­նին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քի ըն­թաց­քին պա­տա­հած ժխտա­կան դէպ­քե­րը նկա­տի առ­նե­լով՝ են­թադ­րուած է, թէ այս գոր­ծըն­թա­ցը հա­մայն­քէն ներս խռո­վու­թիւն­նե­րու տե­ղի կրնայ տալ եւ պա­ռակ­տում­ներ կրնայ յա­ռա­ջաց­նել հա­մայն­քէն ներս։ Նշուած է նաեւ, որ պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նոր­դը կը գտնուի իր պաշ­տօ­նին գլու­խը եւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ հիմ­քե­րը, կա­նոն­ներն ու նա­խըն­թաց­նե­րը մօ­տէն ծա­նօթ են հա­մայն­քին։ Այս ամ­բող­ջին մէջ եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը այն է, որ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն հնա­րա­ւոր չէ սկիզբ տալ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցին։

Այս նա­մա­կը, հասկ­նա­լիօ­րէն, ինչ­պէս ը­սինք, ռում­բի ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած է հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի մաս­նա­կից­ներն ալ ե­րէկ չկրցան վերջ­նա­կա­նօ­րէն կողմ­նո­րո­շուիլ այս հար­ցին շուրջ։ Հի­մա բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն պար­զա­բա­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ յա­ռաջ պի­տի տա­րուին աշ­խա­տանք­ներ։

Թէ՛ սկզբուն­քա­յին եւ թէ գործ­նա­կան ա­ռու­մով կշիռ­քի վրայ պէտք է դնել այս նա­մա­կը։ Հա­մայն­քէն ներս բնա­կա­նա­բար բա­զում շրջա­նակ­ներ բո­ղո­քի մեծ ա­լիք մը ստեղ­ծած են։ Վէ­ճեր ու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ կան, թէ այս­պի­սի մի­ջամ­տու­թիւն մը Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան ի­րա­ւա­սու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս կը մնայ։ Բո­լոր տե­սա­կէտ­նե­րը, ան­շուշտ, պէտք է յար­գուին։ Բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը, ան­շուշտ, պէտք է հա­շուի առ­նուին։ Ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ նման ի­րա­վի­ճակ­ներ կը ստեղ­ծուին հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս, դի­ւա­նա­կա­լա­կան մար­մին­նե­րու կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն ի­րա­ւա­կան հիմ­քե­րը կը հար­ցաքն­նուին։ Բայց եւ այն­պէս, այս ան­գա­մուան հար­ցը ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն լուրջ է։ Շատ պա­ղա­րիւն, շրջա­հա­յեաց պէտք է աշ­խա­տանք յա­ռաջ տա­նիլ՝ հա­շուի առ­նե­լով մեր հա­մայն­քին ի­րա­ւունք­նե­րը։

Ա­ռանց սկզբունք­նե­րէ շե­ղե­լու, նաեւ գործ­նա­կան բո­լոր պատ­շա­ճու­թիւն­ներն ալ յար­գե­լով, այս ուղ­ղու­թեամբ հա­մադ­րու­թեան մը հաս­նե­լու նպա­տակ­նե­րով պէտք է ա­ռաջ­նոր­դուիլ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան գե­րա­գոյն մար­մինն է, հե­տե­ւա­բար ան­կա­րե­լի է ոտ­նա­կոխ ը­նել այդ մէ­կը կամ ստուեր ա­ծել ա­նոր հե­ղի­նա­կու­թեան վրայ։ Նոյն­քան կա­րե­ւոր է նաեւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ ամ­բող­ջա­կան ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ փո­խա­դարձ ըմբռ­նու­մի մէջ յա­ռաջ ըն­թա­նա­լը։ Վեր­ջին ինն տա­րի­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով վե­րա­հաս­տա­տուած է այս ճշմար­տու­թիւ­նը, սա­կայն վեր­ջին հա­շուով հա­մայն­քը այ­սօր դար­ձեալ փա­կու­ղիի մը մէջ յայտ­նուած է։ Տե­ղա­պահ մը պաշ­տօ­նի կո­չե­լով նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին ծնունդ տա­լու հա­շուար­կը ձա­խո­ղած է։ Կու­սա­կա­լու­թե­նէն ե­րէկ ու­ղար­կուած գրու­թիւ­նը ոչ միայն տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը կ՚առ­կա­խէ, այլ նաեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մեկ­նար­կը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն անհ­նար կը նկա­տէ։

Վի­ճա­կը լուրջ է, սա­կայն ան­լու­ծե­լի հարց չկայ։ Ներ­կա­յիս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են բա­զում մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ մին ըստ ե­րե­ւոյ­թին տրա­մա­բա­նա­կան է ա­ռա­ւել չա­փով՝ դրա­կան լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017