ԱՆՅԱՅՏՆԻ ՀԻՒՐԸ

«Հովն հո­րո­վել է ա­սում, անձ­րե­ւը
ցուրտ բա­ռեր.
Յու­զում­նա­ւոր իմ լե­զու, ին­չո՞ւ ես
լռել»: (Ե. Չա­րենց)

Ա­հա­ւա­սիկ բնու­թիւ­նը կը խօ­սի, ա­նոր՝ որ զայն կը  կար­դայ. Հո­րո­վել կ՚եր­գէ, ա­նոր որ գի­տէ ըմ­բոշխ­նել, սա­կայն, ուր­կէ՞ են այդ գի­տե­լիք­նե­րը, խօս­քե­րը, ե­րաժշ­տա­կան ե­լե­ւէջ­նե­րը. այն­քան հո­գեգ­րաւ ապ­րում­նե­րով ու մենք՝ զա­նոնք կ՚ըմ­բոշխ­նենք ու կը հիա­նանք:

Ո՞վ էր այն ու­սու­ցի­չը, ե­թէ ոչ՝ Ան­յայ­տը, մեկ­նա­բա­նուած՝ զա­նա­զան կրօն­նե­րու, փի­լի­սո­փա­նե­րու, մտա­ծող­նե­րու կող­մէ ու տա­կա­ւին կը մնա՛յ ու հա­ւա­նա­բար դեռ շա՜տ դա­րե­րու կը կա­րօ­տի մին­չեւ յստակ պա­տաս­խա­նի, եւ ան ալ տա­կա­ւին՝ հար­ցա­կան: Կու գայ… Անս­կիզ­բէն, ու վար­կած­ներ բա­զում են… կը կազ­մուին Տիե­զեր­քը, մո­լո­րակ­նե­րը ու ա­նոնց­մէ՝ կեան­քը այս աշ­խար­հի վրայ:

Անս­կիզ­բէն գաղտ­նիք­նե­րը ոչ դուն գի­տես, եւ ոչ ալ ես.

Ա­ռեղ­ծուա­ծին բա­ռը կար­դալ ոչ դուն կրնաս, եւ ոչ ալ ես,

Վա­րա­գոյ­րի ե­տեւն է որ կը բար­բա­ջենք մենք եր­կու­սով

Վա­րա­գոյ­րը երբ որ վեր­նայ, ալ ոչ դուն կաս, եւ ոչ ալ ես: (Օ. Խա­յեամ)

Մու­թէն լոյ­սի կու գայ, իր մէջ՝ ան­ցեալ մ՚ամ­բողջ:

Կեանքն է որ կը բա­ցուի նե­րաշ­խար­հով ան­մեկ­նե­լի մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր դա­րե­րէ գա­լով հա­սած ենք ներ­կա­յի, մար­դա­կե­րու­թե­նէ՝ մար­դաս­պա­նու­թեան ու պատ­մու­թիւ­նը ա­ղա­ղա­կող ի­րա­կա­նու­թիւն է. Ու ո՛չ միայն պատ­մու­թիւ­նը. (շատ հե­ռա­ցանք կար­ծեմ) այ­սօր իսկ մար­դաս­պա­նու­թիւ­նը, ան­հա­տա­կան թէ զան­գուա­ծա­յին, եր­կիր­նե­րու ապ­րե­լա­կերպն է. ըն­թացք մը, ո­րուն պա­տե­րազմ ա­նու­նը կու տան, ուր մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ կը զո­հուին յա­նուն մրցակ­ցու­թեան: Բայց պա­տե­րազ­մի ա­ռըն­թեր պէտք է յի­շել նաեւ խա­ղա­ղու­թեան կո­չե­րը, եր­թե­րը զան­գուած­նե­րու մօտ, նոյ­նիսկ պե­տա­կան մար­դոց շրթե­րու վրայ եւ սա­կայն՝ այդ­քան. Հոն կը սկսի ու կը վեր­ջա­նայ խա­ղա­ղու­թիւ­նը: Ու ա­հա կրկի՛ն ա­րիւն ու ա­ւեր, ու կո­չը թէ՝

Պատ­մու­թե­նէն դաս չենք առ­ներ

Իսկ ին­չո՞ւ…

Ար­դէն մարդ ա­րա­րա­ծը, մեր վե­րը նշած խա­ւա­րին մէջ ա­ռած է ի­րեն պէտք ե­ղած դա­սե­րը, ապ­րե­լու, գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար, ո­րու հա­մար ալ ձեռ­նա­ծալ չի կրնար մնալ. Այլ՝ պայ­քա­րիլ ու զօ­րա­նալ, շար­ժիլ, կայ բնա­ծին մղու­մը որ­պէս­զի կա­րե­նայ տի­րա­նալ, կեն­դա­նա­կան բնազ­դի ա­մէն յատ­կու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ քա­նի որ ա­պա­գայ մար­դը պի­տի ըլ­լայ, բա­նա­կա­նու­թեամբ, որ պար­զա­պէս իբ­րեւ գոր­ծիք պի­տի ծա­ռա­յէ բնազ­դին:

Տե­սած չէ՞ք, երբ ըն­տա­նիք մը նո­րա­ծին ե­րա­խա­յով ծաղ­կի, ե­րէց քոյ­րը կամ եղ­բայ­րը ինչ­պի­սի՛ նա­խան­ձով կը մօ­տե­նայ, շրթե­րուն գու­ցէ ժպիտ, սա­կայն՝ ա­ռի­թը կ՚օգ­տա­գոր­ծէ նե­ղու­թիւն տա­լու նո­րե­կին, ի՛ր ձե­ւով, այ­լեւս ըստ պա­րա­գա­յին եւ յար­մա­րու­թեան, զար­նե­լով կամ նոյ­նիսկ՝ խած­նե­լով. Մինչ ան­դին՝ դաս­տիա­րա­կու­թիւնն ալ պի­տի ըլ­լայ… կիր­քե­րը սան­ձել փոր­ձող ու­ժը ան­հա­ւա­սար:

Տա­րի­նե­րը պի­տի անց­նին… ո­չինչ պի­տի փո­խուի:

 «Մար­դը չա­փա­հաս… մա­նուկ է», պի­տի ը­սէ Նա­բո­լէոն:

Ու­րեմն՝ լսենք մեր ան­մա­հա­նուն Թու­մա­նեա­նը.

Հին աշ­խար­հը ա­մէն օր
­

Հա­զար մարդ է մտնում նոր,

Հա­զար տա­րուան փորձն ու գործ­

Ըսկս­ւում է ա­մէն օր:

Բնու­թեան եր­թին հո­գիս կու տայ ծափ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017