ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թաքսիմ մարզակումբը երէկ մեծ խանդավառութեամբ ողջունեց Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը, որու այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ շատ կարեւոր լուրի մը պաշտօնապէս հրապարակման։ Թաքսիմցիները նախարար Քըլըճը հիւրընկալեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ու պէտք է ըսել, որ այս հանդիպումը եղաւ անմոռանալի։
Նախարար Քըլըճ երէկ այցելեց Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի Չոպանօղլու փողոցի մարզադաշտը։ Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ։ Ակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները մեծ պատիւներով հիւրընկալեցին նախարարը։ Ակումբի վարչութիւնը հրաւիրած էր նաեւ համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր եւ մեր վարժարաններէն աշակերտներ։
Այցելութեան ծրագիրը սկսաւ Թաքսիմի մարզադաշտին վրայ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Կարօ Համամճեան, որմէ վերջ արտայայտուեցան Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ եւ նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ։
Ելոյթներէն վերջ հանդիսաւորապէս ստորագրուեցաւ փրոթոքոլ մը։ Այս մէկը կը վերաբերի Թաքսիմի մարզադաշտին վերաբերեալ կատարուած պաշտօնական կարգադրութեան։ Արդարեւ, ակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտի օգտագործման իրաւունքը յառաջիկայ տասնութ տարիներուն ընթացքին պիտի պատկանի Թաքսիմին։ Սա լուրջ ձեռքբերում մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ, որովհետեւ մարզական ու երիտասարդական մեր կեանքէն ներս կրնայ ընձեռել նոր հնարաւորութիւններ։
Համապատասխան փրոթոքոլը երէկ ստորագրուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ։ Փաստաթուղթին տակ ստորագրութիւններ դրած են՝ նախարարը, Թաքսիմի վարչութեան ատենապետը եւ Իսթանպուլի Մարմնամարզի ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչը։
Ընդգծուեցաւ, որ այս գործարքի հասունացման մէջ լուրջ դեր ունեցած է մեր ազգայիններէն Արամ Քուրան։ Կարօ Համամճեանն ալ այս կապակցութեամբ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց պետական աւագանիին, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։
Ստորագրման արարողութենէն վերջ Կարօ Համամճեան նախարարին յանձնեց յուշանուէր մը։ Ապա նախարարը եւ հիւրերը առաջնորդուեցան ակումբի վարչային կեդրոնը, ուր սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ ստորագրեց պատուոյ տոմարը։ Նախարարը ընդունելութեան ընթացքին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց մեր համայնքային շրջանակներէն գործիչներու հետ։