ԵՐԵՒԱՆԻ ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԸ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԵՐՈՒՆ
Երեւանի Տիկնիկային թատրոնը 2017 թուականին ներկայացումներով հանդէս կու գայ Հայաստանի մարզերուն մէջ եւ կը մասնակցի միջազգային շարք մը թատերական փառատօներու: Այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին արտայայտուեցաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան Պետական տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբաեան։
Թատրոնը «Մշակութային կանգառ» նախագծի շրջանակներէն ներս եղած է Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ: Ան վերջերս վերադարձած է Նոյեմբերեանէն ու Բերդաւանէն: Ներկայացումներուն ներկայ եղած է հանդիսատեսներու բազմութիւն մը ու լեցուցած՝ դահլիճները։
«Հայաստանի բոլոր բնակիչները, անկախ իրենց բնակութեան վայրէն, պէտք է մասնակից ըլլան մշակութային կեանքին: Շուտով հիւրախաղերով հանդէս կու գանք Լճաշէն գիւղի, Կապանի, Վայոց ձորի մարզը եւ Արցախի մէջ։ Բեմադրութիւններ կը ներկայացնենք նաեւ Արցախի զօրամասերուն մէջ», նշեց Ռուբէն Բաբաեան։
Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, Ապրիլի 12-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք «Պալթեան տուն» միջազգային թատերական փառատօնին կը ներկայանան տաղանդաշատ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի «Յովնան» բեմադրութեամբ:
«Ապրիլի 30-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք «Քո հնարաւորութիւնը» երիտասարդ ստեղծագործողներու թատերական փառատօնի ծիրէն ներս կը խաղանք «The best of Shakespeare» գործը: Այնուհետեւ Փրակի մէջ փոքրիկներու համար հանդէս կու գանք «Մատնաչափիկը» բեմադրութեամբ: Ներկայացումներ պիտի ունենանք նաեւ Սպանիոյ, Կիպրոսի եւ Գանատայի մէջ» ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Տիկնիկային թատրոնի խաղացանկին՝ Բաբաեան ընդգծեց, որ ներկայացումներու առաջնախաղերուն կը սպասեն: «Մարտի 23-ին տեղի կունենայ Ն. Կոկոլի «Քիթը» ստեղծագործութեան հիման վրայ պատրաստուած ներկայացումը: Մեր հեռանկարներուն մէջ է նաեւ Ղ. Աղայեանի «Անահիտ»ի բեմադրութիւնը եւ այլ բեմադրութիւններ», նշեց թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը:
Ռուբէն Բաբաեան թատերական արուեստի մէջ կը կարեւորէ անսահման երեւակայութիւնն ու տաղանդը՝ շեշտելով, որ պարտադիր է նաեւ մասնագիտական կրթութիւնը:
«Թատրոնին մէջ կը ներգրաւենք այն երիտասարդները, որոնք կը զգան այսօրուան ժամանակը չեն կենար տեղւոյն վրայ: Նշեմ, որ իմ ուսանողներու վկայականային որոշ աշխատանքներ ընդգրկուած են նաեւ մեր խաղացանկին մէջ», ըսաւ ան:
Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան Պետական տիկնիկային թատրոնը հիմնադրուած է 1935 թուականի Յունիսի 1-ին եւ աշխատանքի սկսած է Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին կից։ 1938 թուականին թատրոնը կրած է Յովհաննէս Թումանեանի անունը։ Երեւանի Պետական տիկնիկային թատրոնի առաջին տնօրէնը եղած է Վարիա Ստեփանեան: 1998 թուականէն ի վեր թատրոնի տնօրէնն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Ռուբէն Բաբաեան, մինչ այդ ան թատրոնին մէջ աշխատած է որպէս գրական բաժնի վարիչ, ապա բեմադրող։