ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ «ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԹՈՒԱՅԻՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԾՐԱԳԻՐԸ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժի­նը կը շա­րու­նա­կէ խտա­ցեալ աշ­խա­տանք ծա­ւա­լել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման վրայ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ մշա­կուած ծրագ­րե­րը կը նա­խա­տե­սեն ար­դի փոր­ձա­գի­տու­թեան բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել ա­ռա­ւե­լա­գոյնս։ «Հա­յե­րէ­նը թուա­յին դա­րաշր­ջա­նին» խո­րագ­րեալ նա­խա­գիծ մըն ալ յա­ռաջ կը տա­րուի հիմ­նար­կին կող­մէ։ Այս ծի­րէն ներս ա­ջակ­ցու­թեան ար­ժա­նա­ցած ծրագ­րե­րու մա­սին Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կին կող­մէ վեր­ջերս թո­ղար­կուե­ցաւ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րե­ւ։

«Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ հա­յե­րէ­նի վե­րա­բե­րեալ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու հրա­պա­րա­կա­յին կոչ մը ար­ձա­կած էր 2016-ին։ Այս կո­չին յա­տուկ նպա­տակն էր ֆի­նան­սա­ւո­րել ե­րեք տե­սա­կի ծրա­գիր­ներ.

ա) Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ե­լեկտ­րո­նա­յին ազ­գա­յին ժո­ղո­վա­ծո­յի (Western Armenian National Corpus, WANC) եւ հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րա­կան հա­նընդ­հա­նուր ստու­գի­չի ստեղ­ծու­մը,

բ) Զա­նա­զան թո­ւա­յին ու միջ­գոր­ծօն (interactive) դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու զար­գա­ցու­մը՝ յատ­կա­պէս սփիւռ­քեան ծի­րին մէջ, եւ

գ) Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն ու ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն առ­ցանց գրա­կան ար­տադ­րու­թեան քա­ջա­լե­րու­մը։

Տաս­նե­րեք հաս­տա­տու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին 17 ծրա­գիր­ներ։ Այս ա­ռա­ջարկ­նե­րը քննո­ւե­ցան մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բի մը կող­մէ, որ բաղ­կա­ցած էր Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի ե­րեք ան­դամ­նե­րէ եւ Լիզ­պո­նի «Instituto Superior Técnico»ի եր­կու փոր­ձա­գէտ­նե­րէ։ Ներ­կա­յա­ցո­ւած ծրա­գիր­նե­րը են­թար­կո­ւե­ցան բազ­մա­կող­մա­նի գնա­հա­տու­մի (ար­հես­տա­գի­տու­թիւն, բո­վան­դա­կու­թիւն, պիւտ­ճէ եւ մարդ­կա­յին ներդ­րում)։­

Ա­ռա­ջարկ­նե­րուն բարձր ո­րա­կը ընտ­րու­թեան պա­հանջ­կոտ գոր­ծըն­թա­ցի մը պատ­ճառ դար­ձաւ։ Մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բը ստի­պո­ւած էր կարգ մը դժո­ւար ո­րո­շում­նե­րու յան­գիլ։ Դժբախ­տա­բար, միայն ծրա­գիր­նե­րու փոքր թիւ մը կա­րե­լի էր ֆի­նան­սա­ւո­րել։ Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ բո­լոր ան­հատ­նե­րուն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած էին։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընտ­րո­ւած այն չորս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ար­ժա­նա­ցած են.

ա) Ուղ­ղագ­րա­կան ստու­գիչ եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բնագ­րա­յին առ­ցանց ժո­ղո­վա­ծոյ։ Ա­ջակ­ցու­թիւն կը տրո­ւի հա­յե­րէ­նի հա­մընդ­հա­նուր ուղ­ղագ­րիչ ծրագ­րի մը՝ թէ՛ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն եւ թէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն, որ կի­րար­կե­լի կ՚ըլ­լայ հա­մա­կարգ­չա­յին բո­լոր գլխա­ւոր ծրա­գիր­նե­րուն եւ հե­ռա­ձայ­նա­յին յա­ւե­լո­ւած­նե­րուն (app) հա­մար։ Միա­ժա­մա­նակ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն բնա­գիր­նե­րու ե­լեկտ­րո­նա­յին ժո­ղո­վա­ծոյ մը պի­տի կազ­մո­ւի՝ նման օ­տա­րա­լե­զու նո­րա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած։ Ծրա­գի­րը միաս­նա­բար ներ­կա­յա­ցո­ւած է HySpell-ի եւ Nayiri.com-ի կող­մէ։

բ) «Բա­ռաս­տա­ն» (parastan.fr)։ Այս անվ­ճար առ­ցանց ու երկ­լե­զու ի­մաս­տա­բա­նա­կան բա­ռա­րա­նը (ֆրան­սե­րէն-ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն) պատ-­րաս­տո­ւած է այժ­մէա­կան բա­ռա­գի­տա­կան հա­մա­պար­փակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հայ­թայ­թե­լու հա­մար։ Ա­ջակ­ցու­թիւն կը տրո­ւի ներ­մու­ծե­լու հա­մար յա­ւե­լեալ բա­ռեր ու ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, ձե­ւա­բա­նա­կան գոր­ծիք մը, ու բա­ռա­պա­շա­րը զտե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըստ լե­զո­ւա­կան մա­կար­դա­կի: Ծրա­գի­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ֆրան­սա­յի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին հիմ­նար­կին (INALCO) կող­մէ։

գ) Calfa.fr։  Այս անվճար առցանց ու թուային հայկական հարթակը կեդրոնացած է գրաբարի վրայ։ Աջակցութիւն կը տրուի բառային տուեալ­ներու շտեմարանը ճոխացնելու, նոր յատկանիշեր ստեղծելու (օրինակ՝ թարգմանութեան ինքնաշ­խատ ծրագիր մը) եւ, գլխաւորաբար, հայկական ձեռագիրներու մասնագիտացած բառընթերցիչ մը (OCR) զարգացնելու համար։ Ծրագիրը ներկա­յացուած է Շահան Վիտալ-Կորէնի կողմէ (Association pour l’Arménien Classique)։

դ) «Ե­րի­տա­սարդ Մաշ­տո­ցի ծրա­գի­ր» («Young Mash project»)։ Այս պատ­կե­րա­վէ­պը (graphic no­vel) պի­տի գրո­ւի աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներդ­րու­մով։ Ա­ջակ­ցու­թիւն կը տրուի առ­ցանց շա­րու­նա­կե­լի ու մաս­նակ­ցա­յին պատ­կե­րա­վէ­պի մը ստեղ­ծու­մին ու հրա­տա­րա­կու­թեան, որ պի­տի պատ­մէ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ե­րի­տա­սար­դու­թեան ար­կած­նե­րը։ Ծրա­գի­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ԹՈՒՄՕ ստեղ­ծա­րար տեխ­նո­լո­գիա­նե­րի կենտ­րո­նին կող­մէ  (Tumo Center for Creative Technologies)։

Այս ծրա­գիր­նե­րուն գոր­ծադ­րու­թիւ­նը սկսաւ 2016-ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան։ Տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կու գան ա­ւել­նա­լու լե­զուի ու ար­հես­տա­գի­տու­թեան հետ կա­պուած միւս ծրա­գիր­նե­րուն, ո­րոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քին ա­ջակ­ցու­թեան ար­ժա­նա­ցած են։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2017