ՍԻՊԻԼԻ ՀԱՄԱՐ ԴՐՈՒԱՏԻՔ
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի երաժշտական աշխարհէն ներս արձանագրած յաջողութիւնները կը շարունակեն լայն արձագանգ ստեղծել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Վերջին օրերուն «Էօնճէ Վաթան» թերթը անդրադարձաւ Սիպիլի վերելքին։ Կիւնէյ Կիւնէյեանի ստորագրութեամբ յիշեալ թերթին մէջ լոյս տեսաւ իրեն հետ կատարուած ծաւալուն հարցազրոյց մը։ Այս առթիւ Սիպիլ որակուեցաւ թուրք եւ հայ մշակոյթներու բազում գեղեցիկ անուններէն մին։
Հարցազրոյցի հեղինակը մատնանշած է, որ թուրքերը եւ հայերը դարերէ ի վեր միասնաբար կ՚ապրին այս աշխարհագրութեան մէջ։ Ան մեներգչուհիին մասին բարձր գնահատանքով արտայայտուած է՝ ազգային ու միջազգային յաջողութիւններուն, մայրենի լեզուին նկատմամբ տածած սիրոյն եւ Վանայ լիճին նկատմամբ ունեցած զգայնութեան բերումով։ Հարցազրոյցին մէջ Սիպիլ որակուած է հայկական Սփիւռքի ամենափայլուն արուեստագիտուհիներէն մին։
Տեսակցութեան ընթացքին Սիպիլ մանրամասն բացատրութիւններ տուած է իր կենսագրութեան շուրջ։ Ան անդրադարձած է նաեւ իր ներկայ աշխատանքներուն։ Այսպէս, Սիպիլ վերջերս այցելեց Հայաստան, ուր մնաց աւելի քան ամիս մը։ Սիպիլ կեցութեան շրջանին իրականացուց զանազան ձայնագրութիւններ եւ աշխատանք տարաւ նոր ծրագրերու վրայ։ Ան իր ներկայ գործունէութիւնը յառաջ կը տանի շատ արժէքաւոր, տաղանդաւոր երաժիշտներու հետ եւ այդ հիման վրայ մօտաւոր ապագային կրնայ անակնկալներ մատուցել իր ունկնդիրներուն համար։
Զրոյցի տեւողութեան Սիպիլ շեշտած է, որ սիրողական ոգիով, սակայն արհեստավարժ մակարդակով կ՚աշխատի երաժշտական գետնի վրայ։
Սիպիլի յաջողութիւնները վերջին տարիներուն մեծ ուրախութիւն կը պատճառեն մեր համայնքի երաժշտասէրներուն, որոնք գնահատանքով ականատես կ՚ըլլան անոր նուաճումներուն։ Սիպիլ որքան որ ալ իր ճանաչումը ամրապնդէ լայն զանգուածներու մօտ՝ մեր համայնքի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ միշտ կը մնայ հարազատ։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024