ՀԱԼԷՊԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ, սու­րիա­հա­յու­թեան ե­րես­փո­խան Ժի­րայր Ռէի­սեան յայտ­նած է, որ Հա­լէ­պը քիչ-քիչ կը վե­րա­կանգ­նի, զգա­լի աշ­խա­տանք­ներ տա­րուած են են­թա­կա­ռոյց­նե­րու բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ, քա­ղա­քի փակ ճամ­բա­նե­րը բա­ցուած են:

«Ճամ­բան փա­կած քա­րա­կոյ­տերն ու հո­ղա­կոյ­տե­րը վերց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը բա­ւա­կան յա­ռաջ գա­ցած են: Մա­նա­ւանդ ա­նոնք, ո­րոնք եր­կար ա­տե­նէ փակ էին: Տու­նե­րու պա­րա­գա­յին փոքր նո­րո­գու­թիւն­ներ կա­տա­րուած են: Իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ վնա­սուած տու­նե­րը կար­գի կը բե­րէ: Շի­նու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի մեծ վնաս­նե­րը ար­դէն այլ ծրա­գի­րի մէջ պէտք է նե­րա­ռուին», յայտ­նած է Ժի­րայր Ռէի­սեան:

Տեղ­ւոյն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ջան­քե­րով աշ­խա­տանք­ներ ի գործ դրուած են Կեդ­րո­նա­կան շու­կան վե­րա­գոր­ծար­կե­լու հա­մար, որ­պէս­զի գիւ­ղա­ցի­նե­րը մե­ծա­քա­նակ ար­տադ­րու­թիւ­նը հոն վա­ճա­ռեն:

«Զգա­լի աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րուած են Հա­լէ­պի օ­դա­կա­յա­նի վե­րա­գոր­ծարկ­ման ուղ­ղու­թեամբ: Կա­րե­լի է ը­սել, որ աշ­խա­տանք­նե­րը վերջ­նա­կան փու­լի մէջ են: Շրջա­կայ­քի ա­պա­հո­վու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ քայ­լեր կ՚առ­նուին», դի­տել տուած է ան:

Ջրա­մա­տա­կա­րար­ման հար­ցը դեռ լու­ծուած չէ: Ե­րես­փո­խա­նին հա­մա­ձայն, ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մը, դժբախ­տա­բար, բա­ւա­կան եր­կար ա­տե­նէ ի վեր խնդիր է: Զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը ուղ­ղա­կի կեդ­րո­նէն ան­ջա­տած էին ջու­րի մա­տա­կա­րա­րու­մը, եւ ջու­րը քա­ղաք չէր մտներ: Բայց բա­նա­կը յա­ռա­ջա­նա­լով հա­սած է այդ շրջան­նե­րը, մեծ աշ­խա­տանք­ներ տա­րուած են ար­դէն, ջու­րը կա­րե­լի ե­ղած է հասց­նել քա­ղա­քին շրջա­կայ­քը, կ՚են­թադ­րուի, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն սկսի ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մը: Խօ­սե­լով ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան մա­սին` Ժի­րայր Ռէի­սեան դի­տել տուած է, որ ներ­կա­յիս միայն քա­նի մը ժամ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն կը ստա­նան:

Ժի­րայր Ռէի­սեան հաս­տա­տած է, որ Հա­լէ­պի մէջ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը կը գոր­ծեն բնա­կա­նոն ձե­ւով:

Պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով գաղ­թած սու­րիա­հա­յե­րուն մա­սին խօ­սե­լով՝ ան ը­սած է, որ ար­դէն վե­րա­դար­ձող­ներ կան: «Սու­րիա­հա­յե­րու վե­րա­դարձ կայ ար­դէն, կարգ մը ըն­տա­նիք­ներ գործ­նա­կան քայ­լե­րու դի­մած են ու վե­րա­դար­ձած: Բնա­կա­նա­բար, յստակ թիւ չեմ կրնար տալ, բայց վե­րա­դար­ձող­ներ կան: Վե­րա­դար­ձող­նե­րը թէ՛ Լի­բա­նա­նէն են եւ թէ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րէ», եզ­րա­փա­կած է ե­րես­փո­խան Ռէի­սեան:

Շաբաթ, Մարտ 18, 2017