ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի եւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի մի­ջեւ հան­դի­պում մը։ Սպի­տակ տան եր­դի­քին տակ կա­յա­ցաւ այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը չձեռ­նուե­ցան, ինչ որ շատ լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Տա­նըլտ Թրամփ Մեր­քէ­լի հետ հա­մա­տեղ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ ԱՄՆ եւ Գեր­մա­նիա ու­նին բազ­մա­թիւ հա­սա­րա­կաց կէ­տեր՝ անվ­տան­գու­թեան, բա­րօ­րու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան հար­ցե­րուն շուրջ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով գաղ­թա­կա­նաց հար­ցե­րուն՝ Թրամփ ը­սաւ. «Գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը ի­րա­ւունք մը չէ, այլ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում մըն է։ Մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն անվ­տան­գու­թիւ­նը միշտ գե­րա­դաս կը հա­մա­րուի»։

Շաբաթ, Մարտ 18, 2017