ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Նիւ Եորքի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ «Լինքոլն» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս, ՄԱԿ-ի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։ Նախարար Նալպանտեան եւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեցին ընդհանուր քարտուղար Կութերէսը եւ բոլոր հիւրերը։
Յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած համերգէն առաջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Եդուարդ Նալպանտեան, որու ընթացքին նշեց, թէ Հայաստան իր նպաստը կը բերէ համաշխարհային խաղաղութեան ուղղակի ճանապարհով՝ մասնակցելով շարք մը խաղաղապահ առաքելութիւններու՝ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովայի, Լիբանանի եւ Մալիի մէջ։
«Հայաստան պետութիւններու ընտանիքին միացաւ մարտահրաւէրներով լի ժամանակահատուածի մը մէջ, բայց սա որեւէ կերպով չնուազեցուց մեր վճռականութիւնն ու յանձնառութիւնը՝ կառուցելու համար հասարակութիւն մը, որ լիովին հաւատարիմ է ՄԱԿ-ի նպատակներուն եւ սկզբունքներուն։ Մենք կ՚առաջնորդուինք ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնով, որ կոչ կ՚ուղղէ միաւորուելու՝ պահպանելու միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, զարգացնելու պետութիւններու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները՝ հիմնուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի վրայ։ Այս յանձնառութիւններու ամբողջական եւ անշեղ իրագործումը բոլոր պետութիւններու պարտաւորութիւնն է։ Անոնք այդ պարտաւորութիւնը ստանձնած են իրենց անդամակցութեամբ։ Հայաստան լիակատար հաւատարիմ է այս յանձնառութիւններուն, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն մէջ», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան։