Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը աշակերտներ, որոնց կ՚ուղեկցէին հայերէնի երկու արժէքաւոր ուսուցչուհիներ՝ Սիւզան Ավճը եւ Թաթիա Մարաշլեան։ Աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի հետ։ Դպրեվանքցի սաները տեղեկութիւններ քաղեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան ու գործունէութեան մասին։ Իրենց համար հետաքրքրական էր տեսնել նաեւ թերթիս թեքնիկ պատրաստութեան, մանաւանդ էջադրութեան փուլերը։
Աւելի քան մէկուկէս ժամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ մնալէ վերջ տղաքը հրաժեշտ առին վառ տպաւորութիւններով։
Շաբաթ, Մարտ 18, 2017