ԻՆՉԵ՛Ր ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻՆ ՄՕՏԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ. ԻՐԱՏԵ՞Ս ԹԷ ԵՐԱԶԱՅԻՆ…
1998-ին Kodak ընկերութիւնը ունէր 170.000 աշխատաւորներ եւ աշխարհի լուսանկարչական թուղթերուն 85 տոկոսը ինք կը վաճառէր: Բժշկական X շողարձակողներուն գրեթէ ամբողջութիւնը Kodak ֆիլմերիզները կը գործածէին: Ամէն տեսակի շարժուն թէ անշարժ, առեւտրական, ճարտարարուեստական թէ գեղարուեստական նկարահանման սարքաւորումները նոյն ընկերութեան տեսերիզները կը սպառէին: Քանի մը տարուան ընթացքին անոնց գործունէութիւնը անհետացաւ եւ այդ հսկայ ընկերութիւնը սնանկացաւ:
Այն ինչ որ պատահեցաւ Kodak-ին, վստահաբար պիտի պատահի կարգ մը այլ ընկերութիւններուն յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին եւ մարդոց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ պիտի չանդրադառնայ այդ վտանգին մօտեցումը իրենց դրան սեմին: 1998 թուականին քանինե՞ր կարող էին նախատեսել, թէ արդէն երեք տարի յետոյ ֆիլմերու վրայ նկարահանումը պիտի անհետանար:
1975 թուականին է, որ լոյս կը տեսնէին թուային պաստառները, որոնց առաջինները հազիւ 10.000 pixel-ի յստակութիւն ունէին: Սակայն հետեւելով Moore-ի օրէնքին* շուտով պիտի զարգանային՝ բազմապատկելով pixel-ներու քանակը, հասնելով այսօրուան միլիոնաւոր թուաքանակին: Մեծ հաւանականութեամբ նոյն բանը պիտի պատահի «արուեստական ունակութեան», առողջութեան, ինքնաշխատ սարքերուն, ելեկտրական կառքերուն, կրթական ոլոր-տին, եռատարած (3D) տպագրիչներուն, երկրագործութեան եւ շարք մը այլ ասպարէզներուն:
Բարի գալուստ «Չորրորդ ճարտարարուեստական յեղաշրջում»ին: Բարի գալուստ բազմապատկեալ աճի եւ զարգացումի շրջանին: Տեղեկատուական համակարգը ապագայ 15-10 տարիներու ընթացքին բոլորովին յեղաշրջումի պիտի ենթարկէ աւանդական ճարտարարուեստը: Uber թաքսիի համակարգը, որ սեփական որեւէ ինքնաշարժի տէրը չէ, ներկայիս աշխարհի թաքսիի մեծագոյն ընկերութիւնը կը նկատուի: Airbnb հաստատութիւնը այսօր աշխարհի պանդոկի մեծագոյն ընկերութիւնն է, առանց սեփական հիւրանոց ունենալու: Համակարգիչներու կարողութիւնն ու հաշուիչ ուժգնութիւնը անսահման վերելք կ՚արձանագրէ ամէն անցնող օր: Անցնող տարուան մէջ էր, որ համակարգիչ մը Go խաղի աշխարհի լաւագոյն վարպետը պարտութեան մատնեց, նախատեսուած թուականէն տասը տարի առաջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երիտասարդ փաստաբանները արդէն սկսած են անգործ մնալ: Պատճառը IBM Watson տեղեկատուական համակարգն է, որու շնորհիւ կարելի է ստանալ իրաւաբանական վայրկենական խորհուրդ 90 առ հարիւր ճշգրտութեամբ, մարդկային խորհուրդներու վստահելիութեան 70 առ հարիւրին փոխարէն: Հետեւաբար, եթէ ձեր զաւակը իրաւաբանութիւն կ՚ուսանի ներկայիս, խորհուրդ կը տրուի դադրեցնել անմիջապէս: Այս ընթացքով ապագային փաստաբաններու քանակը պիտի պակսի 90 առ հարիւր, ասպարէզի դաշտը թողելով միմիայն մասնագէտներուն: IBM Watson-ը կ՚օգնէ նաեւ բժշկական ախտաճանաչումի ոլորտին, մարդկային քաղցկեղի ախտորոշումները չորս անգամ աւելի արագ եւ աւելի ճշգրիտ ձեւով լուսաբանելով: Մէկ խօսքով՝ 2030 թուականին համակարգիչները մարդոցմէ աւելի խելացի կրնան դառնալ:
Հեռավար ինքնաշարժներ. 2018 թուականին պիտի սկսին երեւիլ հանրութեան մատչելի հեռավար ինքնաշարժները: Իսկ 2020 թուականին ամբողջ ճարտարարուեստն է, որ պիտի ենթարկուի այդ նորութեան: Ալ անձնական ինքնաշարժ ունենալու պահանջքը պիտի չզգաք, որովհետեւ ձեր առձեռն հեռաձայնով պիտի կարենաք կանչել կառք մը, որ պիտի ներկայանայ վարձատեղին, ձեզ առաջնորդելու համար ձեր պատուիրած հասցէին: Կառքը կայանելու պարտաւորութիւնը անհետացած պիտի ըլլայ, ձեզի պիտի մնայ միայն ճամբու ծախսը վճարել, ձեզի նոյնիսկ հնարաւորութիւն ընծայելով կառքին մէջ աշխատելու: Մեր երախաները այլեւս վարորդի արտօնագիր ստանալու հոգերէն եւ ձեւակերպութիւններէն նաեւ ինքնաշարժի տէր դառնալու պարտադրանքէն զերծ պիտի մնան:
Քաղաքները պիտի կերպարանափոխուին, որովհետեւ 90-95 առ հարիւր նուազ ինքնաշարժներ պիտի շրջին հրապարակի վրայ: Այսպէսով, նախկին կառատուները կարելի պիտի ըլլայ վերածել իսկական հանրային պարտէզներու: Աշխարհի տարածքին վրայ, ինքնաշարժի արկածները ամէն տարի մէկ միլիոն 200 հազար զոհեր կը խլեն: Ներկայի իւրաքանչիւր 100.000 քիլօմեթրի դիմաց մէկ արկածի փոխարէն, պիտի ունենանք միմիայն մէկ արկած 1.000.000 քիլօմեթրի դիմաց, թարգմանի տարին մէկ միլիոն զոհերու փրկութիւն: Այս մէկը երկրագունտի բնակչութեան թիւը պիտի աւելցնէ:
Ինքնաշարժի ընկերութիւններուն մեծամասնութիւնը պիտի փակէ իր դռները: Աւանդական ինքնաշարժի ընկերութիւնները արդէն կը ջանան յեղաշրջումային մօտեցում ցուցաբերել աւելի առաջնակարգ կառքեր արտադրելու ուղղութեամբ, մինչ Tesla, apple, Google-ի նման հաստատութիւններ իրենց գործունէութիւնը պիտի կեդրոնացնեն բոլորովին յեղափոխական մօտեցում մը որդեգրելով, կառքի անիւներուն մէջ տեղաւորելով համակարգիչներ: VW եւ audi-ի նման ընկերութիւնները արդէն զարհուրած են ի տես Tesla-ի վերջին քայլերուն:
Ապահովութեան ընկերութիւնները զանգուածային լուրջ հարցեր պիտի ունենան, արկածներու բացակայութեան պատճառաւ, ուստի ապահովագրութիւնը պիտի արժէ 100 անգամ աւելի աժան: Մէկ խօսքով՝ իրենց աշխատանքային ներկայ համակարգը պիտի անհետանայ:
Բնակութեան համակարգն ալ կարեւոր փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Փոխադրութեան ընթացքին աշխատելու հնարաւորութիւնը աշխատող դասակարգին մէջ կարելիութիւն եւ ցանկութիւն պիտի յառաջացնէ քաղաքէն բաւական հեռու, շատ աւելի հանգստաւէտ բնակարաններու մէջ ապրելու:
2020 թուականի շուրջ ելեկտրական ինքնաշարժները մեծ ընդունելութիւն պիտի գտնեն: Քաղաքները նուազ ապականած եւ նուազ աղմկոտ պիտի ըլլան, քանի որ շրջուն կառքերուն մեծամասնութիւնը ելեկտրավար պիտի ըլլայ: Տրուած ըլլալով, որ արեգակնային ուժանիւթը բազմապատկեալ աճ պիտի արձանագրէ յառաջիկայ երեսուն տարիներու ընթացքին՝ ելեկտրական ուժանիւթն ալ իր կարգին չափազանց աժան պիտի դառնայ եւ մաքուր:
Անցեալ տարի, արեգակնային ուժանիւթին վրայ աւելի կարեւոր քանակով ներդրում կատարուեցաւ ածխային ուժանիւթի բաղդատմամբ: Ուժանիւթի մեծ հաստատութիւնները յուսահատօրէն կը ջանան արգելք հանդիսանալ արեգակնային ուժանիւթի տարածման գործընթացին, սակայն չեն կրնար երկարաձգել այս ընդդիմութիւնը: Արհեստագիտական նուաճումները իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն այդ ռազմավարութիւնը:
Աժան ելեկտրականութիւնը պիտի բերէ նաեւ առատ ջուր: Այսօր աղի ջուրի աղազերծումը կը պահանջէ մէկ խորանարդ մեթրի համար 2 քիլօվաթ/ժամ ուժանիւթ, որու գինն է մօտաւորապէս 2 սենթ (տոլարի): Մենք ընդհանրապէս ջուրի պակաս չենք զգար (բացի ափրիկեան ոչ-զարգացած երկիրներէ), այլ՝ ըմպելի ջուրի անբաւարար քանակն է գլխաւոր հարցը: Երեւակայեցէ՛ք՝ ապագային մարդիկ գրեթէ ոչինչ գինով իրենց ուզածին չափ ըմպելի ջուրի պիտի տիրանան:
Առողջութեան բնագաւառին մէջ զգայացունց նորութիւններ կը նախատեսուին: Tricorder X բժշկական համակարգը, որ հեռաձայնով պիտի բանի, կարող է ձեր աչքի ցանցենիին պատկերահանումը, արեան քննութիւնը կատարելու. ան կարող է նաեւ ընդունելու ձեր շունչը: Այսպէսով, ան կրնայ վերլուծումի ենթարկել 54 կենսաչափորոշիչները, ախտորոշելու համար որեւէ հիւանդութիւն: Համակարգը գիտամատչելի է, աժան եւ քանի մը տարի յետոյ երկրագունտի իւրաքանչիւր բնակիչ պիտի կարենայ բժշկական վերլուծում կատարել գրեթէ ոչինչ գինով: Մնաք բարով, բժշկական հաստատութիւններ եւ յաճախ անիմաստ բժշկական ծախսեր:
Եռատարած տպագրիչները. գիտամատչելի եռատարած սարքաւորումներու գիները մօտ տասը տարիէն ներկայ 18.000 տոլարէն պիտի իջնեն 400 տոլարի: Միեւնոյն ատեն անոնց արագութիւնը պիտի հարիւրապատկուի: Կօշիկի արտադրութեան գլխաւոր ընկերութիւնները արդէն սկսած են փորձեր կատարել եռատարած տպագրիչով կօշիկի արտադրութեան: Օդանաւաշինութեան որոշ պահեստի կտորները արդէն կ՚արտադրուին եռատարած տպիչի եղանակով: Իսկ անջրպետային կայանը ունի տպագրիչ սարքաւորում մը, որ ժամանակավրէպ դարձուցած է անցեալին մեծ քանակութեամբ մթերուող պահեստի որոշ կտորներու դասական եղանակով արտադրութիւնը:
Այս տարուան աւարտին նորագոյն smartphone-ները եռատարած նկարահանումի կարելիութիւն պիտի ընձեռեն: Այսպէսով, զոր օրինակ՝ պիտի կարենաք պատկերահանել ձեր ոտքը եռատարած, յարմարագոյն կօշիկը ընտրելէ առաջ: Անցեալին զարմանալի թուող երեւոյթները արդէն արագօրէն մաս կը կազմեն մեր առօրեայ կենցաղին: Չինաստանի մէջ վեցյարկանի շէնքի մը եռատարած պատկերահանումը եւ անոր յա-ջորդող կառուցումը արդէն իրագործուած է: 2027 թուականին իրագործելի ամէն ինչի տասը տոկոսը եռատարած համակարգով պիտի կատարուի:
Որպէս եզրակացութիւն կարելի է առաջադրել, որ յառաջիկայ քսան տարիներու ընթացքին այսօրուան աշխատութեան ոլորտներու 70-80 առ հարիւրը դատապարտուած է անհետանալու: Փոխարէնը՝ աշխատութեան շարք մը նոր բնագաւառներ լոյս աշխարհ պիտի գան: Հարցը այն է, թէ անոնց թիւը բաւարար պիտի ըլլա՞յ թէ ոչ:
Այսպէս, երկրագործութեան մարզին մէջ ապագային կը նախատեսուի համակարգչային համակարգ, որու շնորհիւ ապագայ երկրագործական աշխարհին մէջ երկրագործները համակարգիչի մը ետին նստող վարիչներ պիտի ըլլան իրենց արտը հեռուէն մշակող, եւ ոչ թէ այն հողագործը, որ իր արտին մէջ շարունակական ներկայութիւն ունի այսօր: Արուեստական բեղմնաւորումը արդէն մուտք գործած է վերջին տարիներուն անասնաբուծութեան մարզին մէջ, որու որպէս արդիւնք՝ մօտ երկու տարիէն՝ այդ եղանակով աշխարհ եկած հորթ մը, կովէն բնական բեղմնաւորումով ծնած հորթէն շատ աւելի քիչ ծախսի պիտի նստի: Երեւակայեցէ՛ք հետեւանքները. նուազ ազատ հողատարածքի կարիք՝ անասունի սերնդափոխութեան համար:
Արդէն գոյութիւն ունին շարք մը նորարարութիւններ, որոնց շնորհիւ մօտ օրէն հրապարակ պիտի իջնէ միջատային փրոթէինը: Այս վերջինը միսէն աւելի փրոթէին կը պարունակէ: Ան պիտի բերէ «փրոթէինի աղբիւրի նոր տարբերակ», որովհետեւ մարդոց մեծամասնութիւնը դեռ կը մերժէ որթեր ճաշակել:
Երկարակեցութիւն. ներկայիս մարդկային կեանքի միջին տեւողութիւնը իւրաքանչիւր տարի երեք ամիս կ՚երկարաձգուի, այլ խօսքով՝ չորս տարի առաջ 79 տարի հաշուող կեանքի միջին տեւողութիւնը դարձած է 80 տարի: Երկարակեցութեան աճն ալ իր կարգին պիտի աճի եւ ամենայն հաւանականութեամբ 2036 թուականին բնակչութեան մէջ հարիւրամեաներու թիւը զգալի կերպով պիտի շատնայ: Սակայն բնակչութեան աճը սննդառութեան լուրջ հարցեր պիտի ստեղծէ:
Կրթական մարզ. 2020 թուականին մարդոց 70 տոկոսը smartphone պիտի ունենայ, ինչ որ կը նշանակէ ունենալ նոյն հնարաւորութիւնը բարձր մակարդակի կրթութիւն ստանալու իմաստով:
Նորաստեղծ «Երրորդ աշխարհ» համակարգին մէջ Չինաստան պիտի գրաւէ առաջին տեղը, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի նահանջէ երկրորդ տեղ:
Հաւանական է, որ անոնք որոնք 65-էն վար տարիք ունին այսօր՝ ապրին վերեւ յիշուած յեղաշրջումներու կարեւոր մէկ մասը:
Թարգմանաբար՝
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
«Նոր Յառաջ», Փարիզ
* lntel հաստատութեան համահիմնադիր Gordon Moore-ի համաձայն՝ համակարգիչի հաշուիչ արագութիւնը բազմապատկեալ աճ պիտի արձանագրէ, ինչ որ արդէն հաստատուեցաւ յաջորդող տարիներուն եւ ընդունուեցաւ որպէս օրէնք:
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024