ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ. Հայ Ժողովուրդի Տաղանդաւոր Երաժիշտը
Հայ եկեղեցական եւ ժողովրդական դասական երգերու բոլոր ժամանակներու տաղանդաւոր յօրինող եւ մեկնաբանողն է հայ ժողովուրդի հանճարեղ երաժշտագէտը՝ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ։ Բնածին տաղանդով, Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն շրջանաւարտ, Գերմանիա ուսանած եւ արուեստի գործը հայրենիքի, Պոլսոյ եւ Եւրոպայի մէջ բարձրագոյն մակարդակի վրայ յայտնաբերած, Կոմիտաս Վարդապետ մեր ժողովուրդի պարծանքը հանդիսացաւ իր բազմակողմանի դրսեւորումներով՝ երգ, նուագ, բանահիւսութիւն, եւ երաժշտութիւն։
Այդ չորսը, պրիսմակներու երկու լուսարձակումով տեսաւ մեր վերջին շրջանի հայ ժողովուրդը, առաջինը եկեղեցական երաժշտութեամբ եւ երկրորդը ժողովրդական հարազատ երգերու բիւրեղացումով։ Կոմիտաս Վարդապետ հարիւրաւոր երգեր քաղեց գեղջուկի բերնէն ու սրտէն եւ զանոնք բիւրեղացուց, ազգային եւ միջազգային բեմերու վրայ փայլեցնելով։
Կոմիտասի առջեւ իր տաղանդի ճամբով երկու հիմնական դաշտ կը բացուէր, մին հայ եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագի յօրինումով, որ մինչեւ այսօր պարծանքը կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցիին իր տարածուն երգեցողութեամբ, եւ միւսը՝ աւելի ծանրակշիռ եւ ծաւալուն, հայ ժողովրդական երգերու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններով։
Կոմիտաս Վարդապետ ինք ըսած է «Մէկ հասկցուած անկեղծ ձայն՝ հազար ճառ կ՚արժէ, որովհետեւ ճառը պէտք է մարսուի՝ անկէ սնունդ առնելու համար, ինչ որ ժամանակներու կը կարօտի, իսկ ձայնը վայրկեանի մը մէջ կը թափանցէ»։ Միջազգային հորիզոնի վրայ Կոմիտաս դասախօսեց, երգեց, նուագեց եւ սորվեցուց հայ երաժշտութիւնը՝ զայն փոխադրելով Արեւելքէն Արեւմուտք։ Իր իսկ խօսքերով՝ «Անցեալները մեծ յաջողութեամբ երկու դասախօսութիւններ կարդացի Պերլինի Երաժշտանոցում՝ հայոց երաժշտութեան մասին առհասարակ, եւ Արեւելեան երաժշտութեան մասին մասնաւոր տեղեկութիւններ տալով։ Երկուքն ալ մեծ զարկ տուին երաժշտական աշխարհում յայտնի լինելուս»։
Օտար մասնագէտներ լսելով նման բանախօսութիւններ Կոմիտաս Վարդապետը ընտրած են անդամ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան։ Կոմիտասի նիւթը կեդրոնացած է միշտ ա՛յն կէտին վրայ, թէ ինչպէ՛ս հայ երաժշտութիւնը ինքնուրոյն եղած է իր ծագումին մէջ։ Յիշեալ Միջազգային ընկերութեան նախագահը՝ Oscar Fleischer, 1899 թուականին Կոմիտաս Վարդապետին կը գրէր հետեւեալը՝
«Ձեր հմտալից եւ խորիմաստ դասախօսութեանց միջոցով խորունկ հայեացք մը թողուցիք դէպի ա՛յն երաժշտութիւնը, որ մեզի համար ցարդ գրեթէ գոց գիրք մըն էր, եւ որ մեզի՝ արեւմտեաններուս շատ բան ուսուցանել կարող է»։
Կոմիտաս Վարդապետ Փարիզ եղած միջոցին թէ՛ բանախօսած է եւ թէ՛ համերգներ տուած։ Բանախօսած է ֆրանսերէն լեզուով եւ բացատրած հայ երաժշտութեան առանձնայատկութիւնները՝ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ քաղցր ձայնով, ինչպէս ժամանակակիցներ վկայած են։ Փարիզի մէջ 1906 Հոկտեմբեր 1-ին համերգ մը ղեկավարած է եւ համերգասը-րահը լիքը եղած է օտար հանդիսականներով։ Կը մէջբերեմ, «Կոմիտաս երգերու շարք մը ղեկավարած է՝ ֆրանսիացի գեղարուեստասէրների հոգին խռովելով։ Ինք անձամբ մօտենում է երգեհոնին եւ ինքը իրեն դաշնակի վրայ ընկերակցելով սկսում է մեղմամեղմ «Տիրամայր» մեղեդին երգելով»։
1914-ին Կոմիտաս կրկին Փարիզ հրաւիր-ւած է բանախօսելու համար Միջազգային երաժշտական համագումարին։ Անկէ խանդավառ Պոլիս կը վերադառնար յուսալից հեռանկարներով, որ յաջորդ Համաժողովին եւս ներկայ պիտի կարենար ըլլալ, այս անգամ Պերլինի մէջ, ուր եւս հրաւիրուած էր բանախօսելու։ Վրայ հասաւ սակայն տարաբախտ տարին։
Այդ բոլորէն աւելի, Մեծն Կոմիտասի գերազանց արգասիքը իր հետեւողական աշխատանքին արդիւնքը եղաւ երբ անձամբ շրջեցաւ Հայաստանի գիւղերը՝ լսելու համար հայ գեղջկական երգերն ու աւանդական պարերու եղանակները՝ ուղղակի աղբիւրէն։ Զանոնք բիւրեղացուց, դասական նուագի վերածեց, վերստին ձայնագրեց եւրոպական ձայնագրութեամբ՝ փրկելով հարիւրաւոր երգեր իսկական կորուստէ։ Ինչ որ ունինք այսօր Կոմիտաս Վարդապետէն, այդ հարազատ երգերուն եւ պարի եղանակներուն հանճարեղ արդիւնքն է։
Այստեղ կարեւոր կէտ մը կ՚ուզեմ նշել։ Կոմիտասի երաժշտութիւնը ա՛յնքան ինքնատիպ եւ հանճարեղ է որ իբրեւ երաժշտութիւն գերակշիռ կը հանդիսանայ գիրերուն եւ անոնց իմաստին վրայ։ Այսինքն, երբ երգիչը կ՚երգէ, նկատի չ՚ունենար երբեմն, թէ անպայման ի՛նչ կը նշանակեն ոտանաւորին բառերը։ Երաժշտութիւնը գրաւած է մեր բոլորին լրիւ ուշադրութիւնը։ Այդ պատճառով երբեմն սխալ թարգմանութիւն եւ վերլուծում կը տրուի Կոմիտասի երգերու բովանդակութեան մասին։
Օրինակ մը տամ։ Հռչակաւոր ԱՆՏՈՒՆԻն միա՛յն իր հոյակապ եղանակով յայտնի է մեզի՝ տիէզներով, պեմոլներով, կէս եւ քառորդ ձայնանիշերով, ստեղծելով մելամաղձոտ թռիչք եւ երեւակայութիւն։ Երգիչը ճշգրիտ կ՚երգէ, այո՛, եւ սակայն երբ բնագիրը պիտի կարդանք եւ կամ թարգմանենք, հո՛ն է որ փորձութեան կ՚ենթարկուինք։ Անտունիին սիրտը պանդուխտ հայուն սիրտն է՝ փլած ինչպէս իր ետին թողած հայրենի տունը, ուր վայրի հաւքեր, թռչուններ, կոտրտած գերաններուն մէջ բոյն դրած են։
Երկրորդ տունին մէջ Սեւ ծովու պատմութիւն մը կայ եւ երգիչը սխալ կ՚արտասանէ երբ կ՚երգէ՝ «սեւ ծովն եմ տեսե», մինչդեռ բնագիրը «սեւ ծով մ՚եմ տեսե», կը գրէ։ Քարտէսի վրայի Սեւ ծովու մասին չէ խօսքը, այլ ուրիշ սեւ ծովի մը մասին, որ պանդուխտին արցունքներով լի աչքն է, «երկթաւոր», այսինքն երկու գոյներով, սեւ բիբը եւ շուրջի ճերմակը, որոնք ամեհի ալիքներու հարուածներուն տակ իրար չեն խառնուիր, սեւը կը մնայ սեւ եւ սպիտակը՝ սպիտակ։ «Երթամ ձի թանեմ», կ՚ըսէ, եւ այստեղ անգլերէնի թարգմանողը առօք փառօք ձի մը ճարեմ կը հասկնայ, որուն վրայ անտունին հեծած քառասմբակ գետը պիտի նետուի եղեր։ Ուրկէ ուր այս ձիու պատմութիւնը։
«Ձի թանեմ, ինծի, ինքզինքս տանիմ եւ ջուրը նետուիմ» կը նշանակէ, ուր ձին եւ galloping հանդիսաւոր դերանունն ալ աւելցուցած են թարգմանութեան մէջ եւ հրատարակած, հանգիստ շունչով մը։ Կը տեսնէք, թէ ինչ ըսել կ՚ուզեմ, Անտունիին երաժշտութիւնը հոյակապ, իսկ բառերը ենթակայ անոր չհասկցուելու աստիճան, կամ անոնց կարեւորութիւն չտըր-ւելու աստիճան։
Օրինակ մըն ալ Կոմիտասեան Պատարագէն։ Կոմիտաս աշակերտեց Մակար Եկմալեանին՝ Թիֆլիզի մէջ։ Եկմալեանի Պատարագը որակաւոր ա՛յն պատարագն է, զոր միշտ կ՚երգենք։ Իսկ հանդիսաւոր օրերուն՝ հռչակաւոր Կոմիտասեան Պատարագը։ Նկատելի է որ Եկմալեանի «Սուրբ Սուրբը», զոր ամէն Կիրակի կ՚երգենք ու կը լսենք, երկնաթռիչ նօթաներ ունի եւ այնքան կը բարձրացնէ այդ սրբազան երգը դէպի վեր, որքան արժանի է։ Մինչդեռ Կոմիտասեան Պատարագի «Սուրբ Սուրբ»ը միապաղաղ, լօ քի, երբեք բարձր նօթեր չունեցող երգ մըն է։ Մտածեցի թէ ինչո՛ւ այս թերութիւնը Կոմիտասի մօտ, երբ իր ուսուցչին Եկմալեանի Պատարագը ինք այնքան լաւ սերտած էր։ Բայց երբ շարունակեցի երգել կամ լսել Կոմիտասեան Պատարագը, երբ կարգը եկաւ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», եւ մանաւանդ «Հոգի Աստուծոյ» երգերուն, «Քրիստոս պատարագեալ բաշխի ի միջի մերում» եւ ապա «Գոհանամք զքէն Տէր» եզրափակիչ երգերուն, հոն թռիչքը դէպի երկինք ա՛յնքան շեշտուած է եւ կատարեալ, բազմաձայն մասերու հոյակապ համադրութեամբ։ Ուրեմն Կոմիտաս նախընտրած է այդ երկնառաք թռիչքը տալ իր նախընտրած երգերուն։ Լսեցէք հետեւեալ բացառիկ վկայութիւնները Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութեան մասին, բոլորն ալ օտար երաժշտագէտներէ։
- «Աներեւակայելիօէն դժուարին ձեռնարկ մըն էր Կոմիտասի ստանձնածը։ Անհուն համբերութեան, քաջութեան, սիրոյ գործ մը։ Գիտունի, հանճարի գործ։ Չեմ գիտեր, թէ դուք՝ հայերդ իր մեծութեան մէջ կ՚ըմբռնէ՞ք Կոմիտասի գլուխ հանած աշխատանքը»։ ԼԻՒՔ ԱՆՏՐԷ ՄԱՐՍԷԼ
- «Պեթովէնի իններորդ համանուագին վերջամասը ունկնդրած ատեն, յաճախ խաբկանքը կ՚ունենաս փոխադրուելու Կոմիտասեան Հոռովելներուն»։ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏ, 1969
- Եւ վերջապէս՝ «Ո՛վ կ՚ըսէ թէ լեռները չեն քալեր։ Կոմիտասի համերգը շարժեց եւ մենք տեսանք զանոնք»։ ԱԼ ԱՀՐԱՄ ՕՐԱԹԵՐԹ, ԳԱՀԻՐԷ
Այո՛, հայ ժողովուրդը սերունդներով հարստացաւ Կոմիտասի ամենէն թանկագին երաժշտական գործերով։ Անոնցմէ սերունդներ միշտ երգեցին, կ՚երգեն ու պիտի երգեն Վարդապետին զգայուն երգերը՝ Կռունկը, Անտունին, Հոռովելը, Գարուն ա ձիւն ա արել, Հայաստան երկիր դրախտավայր եւ այլ բազմաթիւ գեղարուեստի հարազատ գործեր, որոնք անմահացուցին Կոմիտաս Վարդապետը։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Պայքար», Պոսթոն