ԽՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԾԱՒԱԼ
Երէկ, հանդիսաւոր արարողութիւնով մը Երեւանի մէջ նախաստորագրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Ներկայ էր նաեւ նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Երկու կողմերու աւագ բանագնացները՝ Կարէն Նազարեան եւ Լիւք Տեւին ստորագրեցին փաստաթուղթը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան եւ ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան փոխ-գործադիր տնօրէն Լիւք Տեւին պատրաստուած փաստաթուղթին շուրջ գլխաւորած էին բանակցութիւնները։ Բացի անոնցմէ փաստաթուղթը ստորագրեցին նաեւ Հայաստանի Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան եւ ԵՄ-ի առեւտուրի հարցերով բանագնաց, Եւրոյանձնաժողովի համապատասխան բաժնի ղեկավար Փեթրոս Սուրմելիս։
Այս համաձայնագիրը Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջանակը ընդլայնելու կարեւոր քայլ մը պիտի հանդիսանայ։ Սա պիտի ամրապնդէ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ ամուր հիմք մը պիտի ստեղծէ ընկերային ու տնտեսական բարեփոխումները շարունակելու ուղղութեամբ։ Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ ամուր յանձնառութիւնը կը գտնուի այս նոր համաձայնագրի եւ Հայաստան-ԵՄ հետագայ համագործակցութեան հիմքին։ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը աւելի ամուր համագործակցութեան հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նաեւ այլ շարք մը բնագաւառներու պարագային. ինչպէս՝ ուժանիւթ, փոխադրութիւն, բնապահպանութիւն, առեւտուրի եւ ներդրումներու բնագաւառէն ներս նոր հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ դիւրին շարժունակութիւն՝ ի շահ քաղաքացիներու։
Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն ամրապնդուած են զգալիօրէն։ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրն ալ կը հանդիսանայ անոնց համատեղ ջանքերուն արդիւնքը։ Այս փաստաթուղթը ա՛լ աւելի պիտի խորացնէ կողմերու յարաբերութիւնները ԵՄ-ի հարեւանութեան վերանայուած քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս։ Փաստաթուղթը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ԵՄ-ին եւ Հայաստանին՝ իրենց յարաբերութիւնները հասցնելու որակապէս նոր, աւելի բարձր մակարդակի մը։
Ստորագրման արարողութեան մասնակցելու համար Երեւան մեկնած եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները ընդունուեցան նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Ստորագրման արարողութեան նախորդած հանդիպման ընթացքին Նալպանտեան վստահութիւն յայտնեց, թէ այս փաստաթուղթը նոր էջ մը կը բանայ Հայաստանի ու ԵՄ-ի, նաեւ անոր անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն գծով։ Ըստ Նալպանտեանի, համաձայնագիրը այս տարուան ընթացքին պիտի ստորագրուի։ Իր խօսքերով, փաստաթուղթը կ՚արտացոլացնէ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւններու խորութիւնը, մակարդակն ու ծաւալը։ Բաց աստի, Նալպանտեան ընդգծեց, որ փաստաթուղթը վկայութիւն մըն է՝ Հայաստանի կողմէ ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան տեսակէտէ։