ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, թէ ձերբակալուած է Սամուէլ Պապայեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն մին է ու արժանացած՝ Արցախի հերոսի կոչման։ Ան ձերբակալուած է մաքսանենգ ճանապարհով, Վրաստանի վրայով Հայաստան «Իկլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր փոխադրելու հարցին շուրջ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս հարցաքննութեան շրջագծով ներկայիս ձերբակալուած է երեք հոգի։ Սամուէլ Պապայեան կը գտնուի այդ երեք անձերու շարքին։ Զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ապահովումն ու փոխադրումը իրականացուցած անձերը գործած են Սամուէլ Պապայեանի հետ համաձայնութեամբ եւ իր պատուէրով։
Ըստ փորձագիտական եզրակացութեան, հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասը կը հանդիսանայ ռազմամթերք եւ մարտական հրթիռը պիտանի է հետագայ շահագործման համար։ Ներկայիս կը պարզուին զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ապահովման շարժառիթները, հաւանական օգտագործման նպատակները, ինչպէս նաեւ գանձատրման աղբիւրները։
Հարցաքննութիւնը ընթացքի մէջ է։