ՓԱԿՈՒՂԻԷ ԴԷՊԻ ԱՆԴՈ՞ՒՆԴ

Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կէ բնո­րո­շել մեր հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը եւ իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փո­խին ա՛լ ա­ւե­լի կը խո­րա­նայ՝ լուրջ մտա­հո­գու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով հա­մայն­քի ա­չա­լուրջ շրջա­նակ­նե­րուն։ Թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը ակն­յայտ փա­կու­ղիի մը մէջ է եւ առ­կայ ըն­թաց­քը ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան ան­դուն­դի մը եզ­րին կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ մեր հա­մայն­քը։ Բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն կող­մէ ներ­կայ փու­լին որ­դեգ­րուած հա­կա­դիր, ան­հաշտ դիր­քո­րո­շու­մը դժբախ­տա­բար խնդիր­նե­րը կը հե­ռաց­նէ լուծ­ման հու­նէն։

Տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան փու­լին Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան կող­մէ Պատ­րիար­քա­րան հա­սած պաշ­տօ­նա­գի­րը գործ­նա­կա­նին մէջ սա­ռե­ցու­ցած է այդ գոր­ծըն­թա­ցը։ Պարզ է, որ առ­կայ ար­դիւն­քը գո­հա­ցու­ցիչ կամ բա­ւա­րար չէ ոե­ւէ մէ­կուն հա­մար, սա­կայն սպա­սու­մը դար­ձած է անհ­րա­ժեշտ, ան­խու­սա­փե­լի։ Այդ սպա­սումն ու ա­նոր տե­ղի տուած բո­լոր խնդիր­նե­րը կրնան յաղ­թա­հա­րուիլ բա­ցա­ռա­պէս բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ եւ մեր հա­մայն­քի միաս­նա­կան ջան­քե­րով։ Ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը սա­կայն չի ցո­լաց­ներ այս­պի­սի հա­մայ­նա­պա­տկեր մը։ Կը ցա­ւինք ար­ձա­նագ­րել, որ բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը պա­հու լրջու­թեան ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թե­նէն բա­ւա­կան հե­ռու ըլ­լա­լու տպա­ւո­րու­թիւն մը կը թո­ղուն մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին վրայ։

Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան մեկ­նած է Գեր­մա­նիա։ Բո­լո­րո­վին ան­հասկ­նա­լի է այս ճա­կա­տագ­րա­կան փու­լին իր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը Իս­թան­պու­լէն։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը շա­րու­նա­կէ այդ դիր­քին վրայ մնալ՝ բո­լո­րո­վին ան­գոր­ծու­թեան դա­տա­պարտուած ըլ­լա­լու տպա­ւո­րու­թեամբ։ Ե­կած է վրայ հաս­նիլ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի աղմ­կա­րար հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ ան հա­մայն­քին յայտ­նած էր, որ չէ պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցու­ցած այդ հրա­ժա­րա­կա­նը։ Այդ պղտոր կար­գա­վի­ճա­կին վրայ ե­կաւ ա­ւել­նալ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հին կող­մէ հե­ռա­կայ դրու­թեամբ ի­րեն յանձ­նուած՝ տե­ղա­պա­հի փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նը։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան այս ա­ռա­ւօտ անձ­նա­կան ե­լեկտ­րո­նա­յին փոս­տի հաս­ցէէն մա­մու­լին ու­ղար­կեց եր­կու նա­մա­կի պատ­ճէն։ Այդ եր­կու նա­մակ­ներն ալ ու­ղար­կուած էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Ա­ռա­ջին նա­մա­կը ստո­րագ­րուած էր Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի դի­ւա­նի ան­դամ­նե­րուն՝ Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեա­նի (ա­տե­նա­պետ) եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նի (ա­տե­նադ­պիր) կող­մէ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին պաշ­տօ­նա­պէս կը տե­ղե­կա­ցուէր Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի տե­ղա­պահ ընտ­րուած ըլ­լա­լը։ Թէեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­թուղ­թին վրայ գրուած, սա­կայն չկնքուած նա­մակ մըն է այդ մէ­կը։

Երկ­րորդ նա­մա­կը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հաս­ցէագ­րուած է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի կող­մէ։ Նոյն­պէս Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­թուղ­թին վրայ գրուած, սա­կայն ա­ռանց կնի­քի նա­մակ մըն է այդ մէ­կը։ Ան­կախ բո­վան­դա­կու­թե­նէն, հե­տաքրք­րա­կան է, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ Պո­լի­սէն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին ու­ղար­կուած ա­ռա­ջին նա­մա­կը կը կրէ ոչ թէ ուղ­ղա­կիօ­րէն ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հին, այլ ա­նոր կող­մէ նշա­նա­կուած փո­խա­նոր­դին ստո­րագ­րու­թիւ­նը։ Սա իս­կա­պէս կը ցո­լաց­նէ մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ներ­կա­յիս մատ­նուած ա­նե­լը։

Ա­ռա­ւել եւս հե­տաքրք­րա­կան է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի կող­մէ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու­ղար­կուած նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թիւնն ու ցո­լա­ցու­ցած տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը։ «Մե­ծա­պէս կա­րիքն ու­նինք Ձեր հայ­րա­պե­տա­կան նե­ցու­կին եւ օգ­նու­թեան, որ­պէս­զի Գա­րե­գին Սրբա­զան կա­տա­րե­լա­պէս տի­րա­պե­տէ փո­խանց­ման շրջա­նի եւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ Դժբախ­տա­բար Գերշ. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի յա­մա­ռու­թիւ­նը չթո­ղե­լու իր փո­խա­նոր­դի կար­գա­վի­ճա­կը, հա­կա­ռակ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ օ­րի­նաց եւ Ձերդ Սրբու­թեան ներ­կա­յու­թեան կա­տա­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան, շփո­թանք եւ խառ­նա­կու­թիւն կը ստեղ­ծէ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Ձերդ Սրբու­թեան տե­ղին մի­ջամ­տու­թիւ­նը մե­ծա­պէս պի­տի սա­տա­րէ մեր փո­թոր­կա­լից Ա­թո­ռի եւ պոլ­սա­հայ հա­մայն­քին ան­դոր­րու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար», գրած է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան՝ խնդրե­լով Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մի­ջամ­տու­թիւ­նը։

Այս մի­ջամ­տու­թեան խնդրան­քին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի է ա­ռանձ­նա­պէս քննար­կել, սա­կայն ներ­կայ ա­հա­զան­գա­յին պայ­ման­նե­րը մե­զ կը պար­տադ­րեն խոր մտա­հո­գու­թիւն մը, թէ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան մեր կեան­քը ան­հե­ռա­տես քայ­լե­րով ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի դէ­պի քաոս։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017