ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, 16 Յուլիս 1913 թուականի՝ «Քահանայից լսարան»ի իր դասախօսութեան ընթացքին, «Հայ Եկեղեցին ինք իր մէջ. Բարեկարգութիւնը ի՞նչ ուղղութեամբ պէտք է ըլլայ» նիւթով, ի մէջ այլոց կ՚ըսէ, թէ՝ ծէսերու երկարութեան եւ կանոններու խստութեան առթիւ, պէտք է ընդունիլ որ Հայ Եկեղեցին քաղաքական պատճառով հարկադրուեր է երբեմն տեղի տալ շատ մը պատշաճութիւններու։ Նախ նշանակելի է Յունական յարձակումը։ Միւս կողմէ կը սկսէին յարձակիլ Հագարացիները, որոնց դիմադրելու համար Հայերը կը հարկադրուէին Յոյներու օգնութիւնը խնդրել. բայց Յոյները իրենց այդ օգնութիւնը ընձեռելու համար, կրօնական կամ դաւանական պայմաններ կը դնէին, կը սակարկէին պարզապէս։ Այս պատճառով է որ ծէսերու եւ կանոններու մէջ աւելադրութիւններ եղան։
Ուրեմն երբ ներկայ հարց մը կը փորձուի լուծել, պայման է այդ հարցին անցեալը ուսումնասիրել՝ պատմական վկայութիւններ նկատի ունենալ եւ ըստ այնմ վարուիլ կամ շարժիլ՝ արդիւնաւոր եզրակացութեան մը եւ շիտակ լուծումի մը հասնելու համար ընդհանրապէս։
Այս ուղղութեամբ տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ բարեկարգութեան մասին Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան։
«Արդ, եթէ կ՚ուզուի բարեկարգութիւն, պէտք է հինը փնտռել. դառնալ նախնական, սկզբնական կէտերուն, պէտք է վերցնել վերջին ժամանակներու աւելադրութիւնները։ Սիմոն Կաթողիկոս -Տէր ողորմեա- մը երգեր է մասնաւոր պարագայի մը առթիւ. ասիկա քանի մը անգամ երգուեր է, եւ յետոյ հաստատուն սովորութիւն եղեր է՝ իբրեւ թէ Լուսաւորչաւանդ ծէս ըլլար։ Նոյնպէս Շնորհալին երգեր է շատ կտորներ, որոնք մնացեր են Եկեղեցիին մէջ, հետեւապէս հարկ չեմ տեսներ ըսել, թէ պէտք է բարեկարգութիւն ընել դարուս ոգիին համաձայն, այլ լաւագոյն կը սեպեմ ըսել թէ պէտք է վերջին պատուաստումները եւ աւելորդրութիւնները զեղչել։
«Ծէսերը եւ կանոնները պարզելու համար, բաւակա՛ն է հին Կանոնագիրքերը զտել, եւ Եկեղեցին հասցնել իր հնաւանդ հաստատութեան օրերուն, ինչ որ աւելի օրինական է. եւ մեր Ե. դարու Եկեղեցին շատ աւելի պարզ է, քան ինչչափ որ այժմ պարզել կ՚ուզուի, եւ շատ դիւրին բան է պատահական յաւելուածները հետզհետէ խափանել։
«Եկեղեցական բարձր աստիճաններ վանականներուն իրաւունքը չէին, այլ քահանաներուն. վարդապետութիւն չի համարուիր քահանայական աստիճաններուն մէջ։
«Տակաւին ձեռնադրութեանց մէջ եպիսկոպոսացուն քահանայական շուրջառով եւ սաղաւարտով կը ներկայանայ, եւ ձեռնադրողը կը կոչէ զայն ուղղակի.- Ի քահանայութենէ յեպիսկոպոսութիւն։ Ըստ այսմ, կուսակրօնութիւնը պատահական յաւելուած մըն է եպիսկոպոսանալու համար։ Խնդիրը իր հիմնական ձեւին դարձնել դժուար չէ, բայց պէտք է ժողովրդական նախապաշարումներն ալ հաշիւի առնել։ Ես անձամբ քանիցս ուզեցի քահանաներուն առաջնորդական պաշտօն տալ, բայց ժողո-վըրդային նախապաշարման բաղխեցայ։
«Պատահած ալ է որ բարեպաշտական պարզ սովորութիւն մը ժամանակի ընթացքին մէջ դարձեր է օրէ՛նք։
«Սիմոն Կաթողիկոսի -Տէր ողորմեան-՝ ինչպէս յիշեցի, Լուսաւորչի չափ հին կարծուեր է։ Օրհնութեան տասը պատկեր քաղուածը Մովսէս Տաթեւացիէն է, այն ալ -եթէ կամիս ասել՝ ասա- պայմանով, բայց անխուսափելի պարտք է դարձեր։ Սահակին եւ Մանդակունիին ժամագիրքը եւ Մաշտոցը շատ աւելի համառօտ են։
«Կիրակի օրերու ժամերգութիւնը երկարելն ալ իր բացատրութիւնը ունի։ Գիտենք որ հրամայուած է Կիրակին սուրբ պահել եւ հաւատացեալներ ամբողջ օրը հոգեւոր գործերով կը զբաղին։ Այս նկատումով Եկեղեցին ուզած է երկարել կիրակնօրեայ արարողութիւնները, որոնք հիմակուընէ ալ աւելի էին, զի եթէ հին պատուէրներու հետեւէինք, պէտք էր կարդալ Ճառընտիր, Յայսմաւուրք, Սաղմոս եւայլն, որպէս զի հաւատացեալները հոգեւորով զբաղեցնելու դիւրութիւն ճարուի։ Այսօր ասոնք համառօտուած են, եւ կրնան աւելի ալ համառօտուիլ, զի կարծես թէ այսօր ժողովուրդը -սուրբ- օրը -անսուրբ- ընելու ետեւէ է։
«Միւս կողմէ Կիրակիէն դուրս ուրիշ օրեր տօն պահելու սովորութիւն չունէր Հայ Եկեղեցին, եւ Տէրունական տօներ Կիրակի օրերու կը փոխադրուէին, ինչպէս Այլակերպութիւն, Վերափոխման եւ Խաչվերացի տաղաւարները։ Ս. Աստուածածնի տօներէն անոր Ծնունդը, Յղութիւնը եւ Ընծայումը վերջին դարերու մէջ մտած են։ Հին Տօնացոյցերու մէջ Ս. Աստուածածնի Ծնունդը նշանակուած է Խաչի Բարեկենդանի Կիրակին։ Աւետումն ալ օտարներու հետեւողութեամբ լուր օրուան կը մնայ։ Նոյն իսկ Քրիստոսի Համբարձման տօնը բուն Երկրորդ Ծաղկազարդին կը տօնուէր, ինչպէս ժամերգութեանց կարգաւորութենէն, եւ նախատօնակ չըլլալէն կը քաղուի։
«Աստուածայայտնութեան համար ալ նշաններ կան թէ Կիրակիի փոխադրուէր։ Արդէն Հայ Եկեղեցիին համար անսովոր է Երկուշաբթիէ զատ օրէ շաբաթապահքը սկսիլ, ինչպէս հիմա կ՚ըլլայ Ծնունդի պահքին։ Ծննդեան Դ. օրուան շարականը՝ «Այսօր Գաբրիէլ երգեաց սրբոյ կուսին աւետիս»՝ բացայայտ է որ Դշ. օրուան համար գրուած է, որ Ա. օրը Կիրակի հաշուելով Դ. օր կ՚ըլլայ։ Նոյնպէս Զ. օրուան Ղազարու Աւետարան կարդացուիլը նշան է թէ Ուրբաթ օրուան կը զուգադիպէր, որուն մէջ միշտ ննջեցելոց յիշատակ կ՚ըլլայ։ Ը. օրը սովորութիւն ունինք տօն կատարել, որ Կիրակիի զուգադիպելուն մէկ ապացոյցն է։ Իւղաբերից յատուկ երգ ունենալը առաջին օրուան Կիրակի ըլլալուն նշանն է։
«Սակայն ասոնք մասնաւոր ուսումնասիրութեանց նիւթեր են…։
«Այսպէս, ժամանակի ընթացքին մէջ ներքին պատճառներով կամ արտաքին ազդեցութեանց հետեւանքով եղած են աւելորդադրութիւններ։
«Ահաւասիկ, այս բոլոր իրողութիւնները յստակօրէն կը հաստատեն, թէ կարգ մը ծիսական յաւելումները Հայ Եկեղեցւոյն մէջ, իբր երկրորդական կէտեր, պէտք կ՚ըլլայ զտել, մաքրել, եւ Ե. դարու պարզութեան վերածել։
«Բայց այս ձեռնարկը պէտք է կատարել շատ մեծ խոհեմութեամբ, շրջահայեաց զգուշութեամբ, այն ալ աստիճանաբար կար-գադրել, եւ ո՛չ ամէնքը մէկէն, զի «Զտկարութիւն տկարացն բառնալ» օրէ՛նք է առաքելական։
«Մենք ալ կ՚ընդունինք թէ Հայ Եկեղեցին պէտք ունի բարեկարգութեան, բայց վերջամուտ եւ օտարամուտ մասերը յապաւելու սկզբունքով, ո՛չ թէ «Դարուս ոգիին պատշաճեցնելու» այլ իր նախնական պարզութեան դարձնելու համար, թէեւ արդիւնքը ժամանակիս պահանջած թեթեւութիւնները արտադրէ։ Այդ պարզութեան դառնալու համար, թէպէտ պէտք է աւելորդ եւ օտարոտի պատուաստները վերցնել, բայց ո՛չ ամէն մարդ իր խելքով կրնայ ընել այդ բանը…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 16, 2017, Իսթանպուլ