ՍՆՈՒՑՈՒԵԼՈՎ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Ճգնաժամէն դէպի զարգացում՝ սնուցուելով հաղորդակցութեամբ» խորագրեալ երկօրեայ ֆորում մը։ «WCFDavos/Yerevan» ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած հաւաք մըն էր այս մէկը, որու բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հասարակութեան հետ կապերու ընկերակցութեան նախագահ Արա Սաղաթելեան։ «Տաւոսի հաղորդակցութեան համաշխարհային ֆորում» ընկերակցութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Տարածքաշրջանէ ներս այս ձեւաչափով առաջին անգամ ֆորում մը իրականացուեցաւ Երեւանի հիւրընկալութեամբ։ Արա Սաղաթելեան ֆորումի բացման ընդգծեց, որ երկրէն ներս խօսքի եւ մամլոյ ազատութիւնը եւ անոնց շարունակական զարգացումը վերածուած են արժէքներու, որոնք առաջնային կը համարուին ժողովրդավարական գործընթացներու համատեսքին մէջ։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած ֆորումի քննարկումները տեղի ունեցան հինգ հիմնական նիստերու ընթացքին։ Հայ եւ օտար բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներ այս ծիրին մէջ հանդէս եկան խորհրդածութիւններով։ Մասնագէտները շեշտեցին, որ Հայաստանէ ներս քաղաքացիական շարժումներու զարգացման միտումները նկատելի են։