ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
Մեծ պահքի շրջանի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակին»՝ ուր կը պատմուի այրի կնոջ մը համբերութեան եւ յարատեւութեան շնորհիւ ձեռք բերած բարոյական յաջողութեան մասին։ Այս պատմութիւնը, ընդհանրապէս կը պատշաճի աղօթքի մէջ յարատեւութեան, անձանձրոյթ եւ անվհատ ըլլալու եւ առանց յուսալքուելու շարունակելու անհրաժեշտութեան։
Արդարեւ, կեանքի մէջ յաջողութիւն ձեռք ձգելու անհրաժեշտ պայմաններէն մէկն է՝ յարատեւութիւնը, որ համընթաց՝ աշխատութեան հետ, ի վերջոյ կը պսակուի յաղթութեամբ։ Ուստի, ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ ժայռ մը ծակելու համար վրան հոսած ջուրին ո՛չ թէ քանակը, այլ ջուրին կաթիլներուն յարատեւութիւնը պէտք է։ Մեծ քանակով ջուրը չէ՛ որ կը ծակէ ժայռը, այլ՝ փոքր կաթիլներու յարատեւութի՛ւնը։
Աղօթքի մէջ ալ պարագան նո՛յնն է՝ յարատեւ աղօթքն է որ կը հասնի իր նպատակին, կը լսուի եւ կը կատարուի՛։ Բայց պէտք է ուշադիր ըլլալ, թէ՝ կրկնութիւնը եւ յարատեւութիւնը բոլորովին տարբեր եւ նոյնիսկ հակադիր երեւոյթներ են, կրկնութիւնը ձանձրոյթ կը պատճառէ եւ այդ պատճառով վնասակա՛ր է, լաւ արդիւնք չի տար, այլ յարատեւութիւնը կը տպաւորէ, առինքնող զօրութիւն մը կը ստեղծէ, հրապուրիչ ուժ մըն է՝ որ ի վերջոյ կը հասցնէ ենթական իր նպատակին։ Յարատեւութիւնը՝ աշխատութեան արդիւնաբեր ըլլալուն ամենամեծ օժանդակը, գործակիցն է։ Առանց յարատեւութեան որեւէ աշխատանք արդիւնաւոր չ՚ըլլա՛ր, հապա թերաւարտ եւ ապարդիւն կը մնայ։ Ասիկա, որքան մարմնական աշխարհային կեանքի համար անհրաժեշտ է, նո՛յնքան ալ պէտք է բարոյական-հոգեւոր կեանքի համար։
Քանի որ «Դատաւորի Կիրակի»ի այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ աղօթքը, աղօթելու կերպը, ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ է աղօթքը։
Աղօթքը, իր ամենալայն առումով, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն է՝ Անոր հետ յարաբերուելու եւ կապ հաստատելու միջոց մը։ Այս իմաստով, աղօթքը՝ աստուածճանաչութեան եւ հետեւաբար աստուածսիրութեան առաջին պտուղն է։ Ուստի աղօթքի նախապայմա՛նն է սէրը, եւ քանի որ սէրը յարատեւ զգացում մըն է, եւ ուրեմն ան պէտք է ըլլայ շարունակ, անվհատ, տեւական, որպէսզի ամբողջանայ եւ հասնի իր նպատակին։
«Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ։ Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէ պիտի ստանանք ի՛նչ որ կը խնդրենք իրմէ» (Ա. ՅՈՎՀ. Ե 14-15)։
Աղօթքը մտքին եւ հոգիին ա՛չքն է, որուն միջոցով կը մտածենք Իմաստութեան մասին եւ կը զգանք Հոգիին ներկայութիւնը մեր հոգիին մէջ։ Եւ որքան մեծ է սէրը, այնքան զօրաւոր կերպով կ՚արտայայտուի աղօթքը եւ այնքան վե՛ր կը սլանայ եւ կը մօտենայ Աստուծոյ։ Եւ քանի որ սէրը յարատեւ է, ուրեմն աղօթքն ալ պէտք է յարատեւ ըլլայ։
Սէրը բոլոր առաքինութիւններու աղբիւրն է, եւ ուրեմն աղօթքին ալ նախապատճա՛ռն է անիկա։
Ուրեմն աղօթքը անհրաժեշտ է հոգիին ե՛ւ մտքին համար, որոնք պահանջքը ունին հետզհետէ ազնուանալու եւ զարգանալու, ասոր համար ալ պէտք է հաղորդակցիլ Հոգիին հետ եւ Իմաստութեան հետ՝ որոնք Աստուծոյ նկարագիրն են, Աստուծոյ բնութիւնը, Աստուած Ի՛նք։ Ուստի ամէն ժամանակ եւ ամէնուրեք, ինչ վիճակի եւ կացութեան մէջ ալ ըլլայ մարդ, առողջ կամ հիւանդ, յաջողած կամ ձախողած, պէտք է մտքին ու սրտին մէջ զգայ Աստուած, ապրի Անոր ներկայութիւնը, փառաւորէ զԱյն, գովէ եւ օրհնէ։ Եւ ահաւասի՛կ, այս կը նշանակէ՝ «աղօթե՛լ»։ Արդարեւ սէրը յարատեւ յայտնելով է որ միշտ վառ ու կենդանի՛ կը մնայ։
Բազմաթիւ աղօթքի ձեւեր, բանաձեւեր կան, բայց ո՜րքան պարզ եւ ազդո՛ւ է Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ը՝ ամէնօրեայ յարատեւութեան մը հրաշալի՜ օրինակը։
Նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Աղօթական Մատեան»ը՝ հիանալի՜ տիպար մըն է աղօթքի։
Այս իմաստով, առանձնական աղօթքը շատ օգտակար է եւ նպատակայարմա՛ր։ Մարդ առանձնութեան մէջ աւելի կրնայ մտերմանալ, հասկնալ եւ հասկցուիլ, իր հոգիին մէջ խորանալ եւ հոն գտնել Հոգին, որ ամէն առաքինութեան, ամէն բարութեան եւ ճշմարտութեան ստեղծի՛չն է։ Մարդուս հոգին քանի որ շունչն է Սուրբ Հոգիին, անոր մասնիկը, ապա ուրեմն պէտք է հաղորդակցի Անոր հետ եւ զօրանայ ու գոյատեւէ Անոր զօրութեամբ։
Եւ երբ կարեւորութիւնը կը յայտնուի առանձնական աղօթքին, ասիկա երբեք չի նշանակեր անտեսել հաւաքական-հասարակաց աղօթքին անհրաժեշտութիւնը, քանի որ Յիսուս Ի՛նք կը վկայէ անոր կարեւորութեան երբ կ՚ըսէ. «Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանեն որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրը պիտի կատարէ ատիկա։ Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հո՛ն եմ՝ անոնց միջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։ Եւ այս խօսքը բաւարա՛ր է յայտնելու հաւաքական աղօթքին կարեւորութիւնը, անհրաժեշտութիւնը եւ զօրութի՛ւնը։
Ուրեմն հաւաքական աղօթքը անտեսել, կատարելու մէջ յուլանալ եւ բաւարարուիլ առանձնական աղօթքով, կատարեալ ինքնախաբէութիւն մըն է, եւ թերացում Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ։
Առանձնական աղօթքը եւ հաւաքական աղօթքը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն կատարեալ եւ արդիւնաբեր հաղորդակցութիւն մը Աստուծոյ հետ։
Պօղոս Ա. Ադրիանուպոլսեցի Պատրիարք (1815-1823), «Խրատի թանգարան»ին մէջ կ՚ըսէ.
«Աստուծոյ շնորհները՝ աշխարհի վրայ ծագած արեւի լոյսին կը նմանին։ Սակայն ինչպէս որ լոյսը վայելելու համար աչքը անհրաժեշտ է, այնպէս ալ Աստուծոյ շնորհները ընդունելու եւ անոնց արժանանալու համար աղօթքը անհրաժեշտ է, քանի որ աղօթքը՝ մտքի եւ հոգիի ա՛չքն է»։
Ուստի, ինչպէս որ մարդ, իր աչքը յարատեւ կը գործածէ եւ երբեք պահ մը չի դադրիր զայն գործածելէ, այնքան ատեն որ կեանք ունի եւ կ՚ապրի, եւ կ՚ուզէ հաղորդ ըլլալ աշխարհի բարիքներուն հետ, ա՛յնպէս ալ հոգիին եւ մտքին համար, մարդ պէտք է մշտապէս հաղորդուի Աստուծոյ հետ՝ կեանքին, իմաստութեան ակնաղբիւրին հետ։ Աղօթքի մէջ յարատեւութեան իմաստը եւ կարեւորութիւնը կը կայանայ այս իրողութեան մէջ, եւ այն պահանջքին՝ թէ աղօթքը սիրոյ հեւետանք է եւ սէրը ինքնին անվերջ, յարատեւ երեւոյթ մըն է եւ կ՚աճի յարատեւութեան մէջ։
Հոգեւոր ամէն արժէք տեւական է՝ մշտնջենաւո՛ր եւ ուրեմն անոնք կը կազմաւորուին յարատեւութեան մէջ, անդադար եւ անվհատ աշխատանքով, գործելով՝ ապրելով եւ ապրեցնելո՛վ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 17, 2017, Իսթանպուլ