ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԳԻՆԻԻ ՕՐԵՐ» ՓԱՌԱՏՕՆ
Եթէ նախապէս Հայաստանը կը նոյնացուէր միայն քոնիաքի հետ, այսօր, սակայն, աշխարհի մէջ իր տեղը ունի նաեւ հայկական գինին: Euromag պարբերականը խորհուրդ կու տայ մայիսեան տօները անցընել հայկական՝ կարմիր կամ սպիտակ եւ կամ վարդագոյն գինիի մէկ գաւաթի շուրջ:
Տարուէ տարի Հայաստանը աւելի մեծ պահանջարկ կը վայելէ ճանապարհորդներու մէջ։ Զբօսաշրջութեան մասնագէտները կ՚առաջարկեն մայիսեան տօները անցընել Հայաստանի մէջ։
Հայաստանը ունի անկրկնելի խոհանոց, գեղատեսիլ վայրեր եւ հիանալի գինի, կը գրէ Euromag ամսագիրը: Այս տարի Երեւանի մէջ Մայիսի 5-6 թուականներուն, առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի «Գինիի օրեր» փառատօնը: Քաղաքի կեդրոնը պիտի վերածուի հսկայական հարթակի մը, ուր պիտի ըլլան համերգներ՝ յայտնի կատարողներու մասնակցութեամբ, պիտի իրականացուին վարպետութեան դասեր եւ, ի հարկէ, հայկական գինիի համտես:
«Առաւել յաճախ Հայաստանի հետ կը նոյնացուի մուգ կանաչ շիշի մէջ լեց-ւած յայտնի հինգ աստղանի հայկական քոնիաքը: Ի դէպ, քիչերը գիտեն, որ Հայաստանը, առաջին հերթին, գինեգործութեան հազարամեայ պատմութիւն ունեցող երկիր մըն է: Այստեղ՝ Հայաստանի մէջ, Արենիի քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած էր աշխարհի հնագոյն գինեգործարաններէն մէկը: Հայաստանը յայտնի է ոչ միայն կարմիր եւ սպիտակ, այլեւ՝ վարդագոյն գինիներով: Այսօր Հայաստանի գինին նշանաւոր է», գրած է պարբերականը:
Այս գարնան Երեւանի մէջ պիտի ներկայացուին հայկական գինիի լաւագոյն նմոյշները: Երկու օր քաղաքի կեդրոնը պիտի լեցուի տեղական արտադրանքով եւ երեւանեան լաւագոյն ճաշարաններու ուտեստներու յատուկ առաջարկներով: Փառատօնը կազմակերպած է «Արենի փառատօն» հիմնադրամը՝ խոհարարական քննադատ Աննա Մազմանեանի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: