ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍԻՆ ՎՐԱՅ
Երեւան երաժշտական շքեղ տօնի մը մէջ է. Մարտ 26-ին մեկնարկած է եւ տակաւին կը շարունակուի «Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնը, որ Հայաստանի լաւագոյն փառատօններէն մին է: ԺԱՄԱՆԱԿ այցելեց «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի գրասենեակը, ուր ձեռնարկի կազմակերպչական մարմնի երիտասարդ ու գործունեայ աշխատակիցները մեզի տրամադրեցին տեղեկութիւններ այս տարուան ծրագրին եւ փառատօնին մասին:
Հիմնուելով 2000 թուականին եւ ունենալով յաջողութիւններ, փառատօնը 2007 թուականին դարձած է Եւրոպայի Փառատօններու ընկերակցութեան անդամ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան փառատօնի յաջողութիւնները նկատի առնելով, իր բարձր հովանին շնորհած է «Երեւանեան հեռանը-կարներ»ուն: Ան ամբողջ տարին գործող փառատօն է, որ Հայաստան կը հրաւիրէ նշանաւոր դասական երաժիշտներ, նուագախումբեր, երաժշտական այլ խումբեր: Փառատօնը կ՚իրականացնէ նաեւ յատուկ նախագիծեր Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ այլ կառոյցներու հետ: 2015 թուականին «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնը իր ակադեմիան բացած է Բիւրականի մէջ, ուր նշանաւոր երաժիշտները վարպետաց դասեր կ՚իրականացնեն, այստեղ տեղի ունեցած են նաեւ «Փառատօնային ընթերցումներ» եւ այլ ձեռնարկներ: Երգահան, Փրոֆ. Ստեփան Ռոստոմեան հիմնած է «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնը: Սկզբնական շրջանին ան կոչուած է «XXI-ի հեռանկարներ», իսկ 2010 թուականին վերանուան-ւած է՝ «Երեւանեան հեռանկարներ»: Ինչպէս տեղեկացանք, այս փառատօնը փաստօրէն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստանի մէջ հիմնուած առաջին փառատօններէն մէկն էր:
Ընթացիկ տարուան Փետրուարի վերջաւորոււթեան «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնը չորրորդ անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Կրթութեան, մշակոյթի, մարզանքի եւ երիտասարդութեան գործակալ (կոմիսար)՝ Թիպոր Նաւրաչիչի ամենամեայ բացառիկ կլոր սեղանին՝ Եւրոպայի յառաջատար փառատօններու ղեկավարներուն եւ արուեստի ոլորտի կարկառուն ներկայացուցիչներուն հետ: «Երեւանեան հեռանկար» փառատօնի գլխաւոր կազմակերպիչ՝ Սօնա Յովհաննիսեան կը նշէ, որ Եւրոմիութեան մէջ կը շեշտուի, որ Հայաստանը, չըլլալով Եւրոմիութեան անդամ երկիր, կը հրաւիրուի եւ կը մասնակցի եւրոկոմիսարի կլոր սեղանին, որուն ոչ թէ պարզապէս փառատօններ կը մասնակցին, այլ կը մասնակցին Եւրոպայի լաւագոյն տասը փառատօնները, որոնց մէջ նաեւ ընդգրկուած է հայաստանեանը: Այդ մէկը կը վկայէ փառատօնի ընդունուած ըլլալուն մասին, ինչպէս նաեւ քայլ մըն է մշակութային դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ: «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի գրասենեակին մէջ հպարտութեամբ ցոյց կու տան եւրոկոմիսար Նաւրաչիչի 2015 թուականին փառատօնի 15-ամեայ յոբելեանին առթիւ յղուած շնորհաւորական նամակ-ուղերձը, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնը Եւրոպայի յառաջատար փառատօններէն մին է, որ Հայաստանը հաստատուն կերպով ամրագրած է Եւրոպայի մշակութային եւ գեղարուեստական քարտէսին վրայ»:
Ինչպէս անցնող տարիներուն, այս տարի եւս բացառիկ համերգային ծրագիր մը պատրաստուած է հայաստանեան հանդիսատեսին համար: Ի դէպ, համաշխարհային ծանօթ աստղեր փառատօնին հրաւիրուած ըլլալուն պատճառաւ, դասական երաժշտութեան սիրահար որոշ արտասահմանցիներ իրենց հայաստանեան այցը նոյն այս շրջանին կը ծրագրեն, որպէսզի ներկայ գտնուին նշանաւոր երաժիշտներու եւ խումբերու համերգին Երեւանի մէջ: Այս փառատօնը անշուշտ, Հայաստանին զբօսաշրջային գրաւչութիւն կը հաղորդէ: Նկատի ունենալով նաեւ, որ համերգներու տոմսերը, համեմատելով եւրոպական այլ դահլիճներու նմանատիպ համերգներու տոմսերու գիներուն հետ, շատ աւելի աժան են, մեծ թիւով մարդիկ նախօրօք կ՚ամրագրեն համերգներու տոմսերը: Փառատօնի տոմսին միջին արժէքը մօտաւորապէս 1500 հայկական դրամ է (շուրջ 3.5 տոլար):
«Երեւանեան հեռանկարներ» 18-րդ փառատօնը բացուեցաւ իսրայէլացի առասպելական ջութակահար, Կրեմմիի կրկնակի մրցանակակիր Պինքաս Զուքերմանի ելոյթով: Երաժիշտը այս փառատօնի ծիրէն ներս երկու զանազան նուագախումբերու հետ 2013 թուականին կրկին հանդէս եկած է Երեւանի մէջ:
Այս անգամ Պինքաս Զուքերման հանդէս եկաւ իր երաժիշտ կնոջ (որ ի դէպ, անոր երրորդ կինն է)՝ թաւջութակահարուհի Ամանտա Ֆորսայթի եւ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ, խմբավար՝ Էտուարտ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ: Հնչեցին Եոհան Պրամսի ստեղծագործութիւններէն մի քանին:
Հայաստան ժամանած են նաեւ Իսրայէլի Սենեկային նուագախումբը, հռչակաւոր դաշնակահար Արկատի Ոլոտոսը, որ մենահամերգային ծրագիր մը պիտի ներկայացնէ, Մոսկուայի Չայքովսքիի անուան մեծ սիմֆոնիկ նուագախումբը՝ կրկին ականաւոր խմբավար Վլատիմիր Ֆետոսեւի ղեկավարութեամբ, ութ անգամ Կրեմմի մրցանակի արժանացած Էմերսոն լարային քառեակը եւ այլ կատարողներ:
Փառատօնի վերջին համերգը վերապահուած է ռուսական ծագումով իսրայէլացի հանճարեղ դաշնակահար, հայազգի մեծ բարեկամ՝ Եւկենի Կիսինին, որ մենահամերգ մը պիտի ունենայ: Ի դէպ, շաբաթներ առաջ Եւկենի Կիսին Փրակի մէջ, ուր կը բնակի, ամուսնացած է հայկական ծագումով կնոջ մը՝ Կարինա Արզումանովայի հետ: Անոր երկրպագուները եւ նաեւ՝ լրագրողները կը սպասեն, որ Կիսին Հայաստան ժամանէ իր հայազգի կնոջ հետ:
Ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս Բիւրականի ակադեմիոյ մէջ վարպետաց դասեր տեղի կ՚ունենան, ինչպէս նաեւ համերգներ՝ մարզերէն ներս:
Անդրադառնալով փառատօնի առաջին հիւրին՝ Պինքաս Զուքերմանին, որ նաեւ այսօր աշխարհի ամենէն նշանաւոր ջութակահարը կը նկատուի, փառատօնի գրասենեակէն ներս հիացմունքով կը խօսին Հայաստանի մէջ միշտ ելոյթ ունենալու պատրաստ ջութակահարին մասին, որուն փայլուն կատարումով բացուեցաւ փառատօնը: Չորս տասնամեակէ ի վեր այս առասպելական երաժիշտը համաշխարհային երաժշտութեան բներեւոյթ կը նկատուի։ Անոր երաժշտական հանճարը, վիթխարի կատարողական արուեստը եւ անսասան գեղարուեստական չափանիշերը հրաշալիք են ունկնդիրներու եւ քննադատներու համար: Անոր անունը հաւասարազօր յարգանք կը վայելէ թէ՛ որպէս ջութակահար, թէ՛ որպէս խմբավար, թէ՛ իբրեւ մանկավարժ եւ թէ սենեկային երաժիշտ:
Զուքերմանի 2016-2017 թուականի համերգաշրջանը արդէն յստակօրէն նա-խագծուած է եւ կը ներառնէ աւելի քան հարիւր ելոյթներ՝ ողջ աշխարհի տարածքին: Ութերորդ տարին է, որ ան կը հանդիսանայ Լոնտոնի Թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր հրաւիրեալ խմբավարը, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի Արուեստներու կեդրոնի նուագախումբին պատուաւոր խմբավարը, որուն երաժշտական տնօրէնը եղած է 1999-2015 թուականներուն միջեւ: 2017 թուականին Զուքերման գեղարուեստական ղեկավարն է Նիւ Ճըրզիի Սիմֆոնիք նուագախումբի «Ձմեռնային փառատօն»ին եւ կրթական ծրագրին: Յառաջիկայ տարիներուն իբրեւ մենակատար եւ խմբավար ան հանդէս պիտի գայ նաեւ Պերլինի եւ Իսրայէլի, Թոքիոյի ֆիլհարմոնիք նուագախումբերուն, Պոսթոնի, Մոնթրէալի, Քլիվլընտի, Փիթսպուրկի, Սիտնիի սիմֆոնիք նուագախումբերուն հետ, Կամերատա Սալցպուրկ, Քորէական սենեկային նուագախումբի ու նշանաւոր դաշնակահար Եֆիմ Փրոնֆմանի հետ՝ սենեկային խումբով:
Պինքաս Զուքերման ծնած է 1948 թուականին, Թել Աւիւ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած է 1962 թուականին, ուսանած է Ճուլիըրտի դպրոցին մէջ անուանի հայ ուսուցիչ՝ Իւան Ղալամեանի քով։ Զուքերման իբրեւ մենակատար նուագած է աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր նուագախումբերու հետ, անուանի խմբավարներու ղեկավարութեամբ:
Ան քսանմէկ անգամ եղած է Կրեմմիի մրցանակի թեկնածու, եւ երկու անգամ՝ մրցանակակիր: Ձայնագրուած է Angel, CBS, Decca, Deutsche Grammophon, London, Philips, Sony, BMG Classics/RCA Victor Red Seal ընկերութիւններուն համար։ 2016 թուականին Deutsche Grammophon եւ Philips ընկերութիւնները թողարկած են քսաներկու ձայներիզիներէ բաղկացած ժողովածոն:
Պինքաս Զուքերման հանճարեղ երաժիշտը եւ մեծ անհատականութիւնը ոգեշնչման աղբիւր է երիտասարդ արուեստագէտերուն համար: Ան Մենհեթընի երաժշտական ակադեմիոյ մէջ կը ղեկավարէ «Պինքաս Զուքերման» կատարողական ծրագիրը: Գանատայի մէջ հիմնադրած է նուագախմբային հետազօտութիւններու NAC եւ Ամառնային երաժշտական հիմնարկները. վերջինս ծրագիրներ կ՚իրականացնէ երիտասարդ արուեստագէտերու, խմբավարներու եւ ստեղծագործողներու համար։
Իբրեւ կատարող, նաեւ հանդիսավար Զուքերման հրաւիրուած է Կրեմմի մրցանակաբաշխութեան արարողութեան, ինչպէս նաեւ՝ Քենետիի Պատուոյ կեդրոն։ 2004 թուականին CBC ընկերութիւնը ձայնագրած է տասը մասէ բաղկացած ժապաւէններու շարք՝ «Քոնցերթ ըստ Պինքասի», որ հեռարձակուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Զուքերմանի ջութակը կը հնչէ «Մակընթացութեան տիրակալը» եւ «Արագացուած խնամք» շարժանկարներուն մէջ։ Իբրեւ սենեկային երաժիշտ ան նուագած է երաժշտական աշխարհի այնպիսի մեծութիւններու հետ, ինչպէս՝ Տանիէլ Պարենպոյմ, Վլատիմիր Աշքենազի, Իսհաք Պեռլման, «Թոքիօ» լարային քառեակը, Եֆիմ Պրոնֆման, Ժագլին տիւ Փրէ։ 2003 թուականին ջութակահարը հիմնած է «Զուքերման սենեկային նուագողներ» համոյթը, որ վերջին չորս տարիներուն ելոյթներ ունեցած է աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր բեմերուն վրայ եւ փառատօններու ժամանակ։
Պինքաս Զուքերման պարգեւատրուած է Իսահակ Սթերնի անուան գեղարուեստական գերազանցութեան մրցանակով, ստացած է «Սողոմոն թագաւոր» պարգեւը: 1983 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն զինք պարգեւատրած է Արուեստի ազգային մետայլով: Ան երաժշտութեան բնագաւառին մէջ «Ռոլեքս մենթոր եւ արուեստի նախաձեռնութեան հովանաւոր» ծրագրի առաջին գործիքային ուսուցիչն է:
Յատկանշական տեղեկութիւն մը Երեւան ժամանած գերաստղին մասին. Պինքաս Զուքերման կը նուագէ 1742 թուականի Կուառներուս տել Ճեզուի «Տուշկին» ջութակով։
«Զուքերման կարծես յաւերժ երիտասարդ գեղագէտ ըլլայ՝ արտայայտչականօրէն ճարպիկ, վարակիչ կերպով երաժշտական, կատարողական ոճով՝ անբասիր, թեթեւասահ։ Ինչպէս միշտ, անոր երաժշտական ընկերակցութեան մէջ ըլլալը մեծ ուրախութիւն է» («Լոս Անճելըս Թայմզ»):
Հայաստան հրաւիրելով նման համաշխարհային մեծութիւնները, փառատօնի գլխաւոր կառավարիչ Սօնա Յովհաննիսեան վստահ է, որ մշակոյթը այս ձեւով կը դառնայ Հայաստանի ամենէն ռազմավարական ասպարէզը, որուն միջոցաւ մենք պէտք է ուշադրութիւն հրաւիրենք մեր միւս հարցերուն վրայ: Կազմակերպիչները վստահ են, որ Հայաստան ունի ամէն ներուժ՝ համաշխարհային անուններու կողքին իր անունը դնելու համար: «Իսկ փառատօնը շարք մը չէ միայն համերգներու, որոնք մէկ շաբաթ տեղի կ՚ունենան եւ կը վերջանայ։ Փառատօնը համակարգ է, գաղափարը, որ կը ներդրուի եւ երբ 2000 թուականին մենք Ստեփան Ռոստոմեանի հետ կը հիմնէինք «Երեւանեան հեռանը-կարներ» փառատօնը, մենք արդէն ա՛յս օրը կը տեսնիէնք, որպէսզի Հայաստանը դառնայ Եւրոպայի մշակութային կեդրոններէն մին», կ՚ըսէ Սօնա Յովհաննիսեան: Ինչ որ իրականութիւն դառնալու ճանապարհին է:
Ի դէպ, Պինքաս Զուքերմանի՝ Երեւան ժամանելու առթիւ «Երեւանեան հեռանը-կարներ» փառատօնի գրասենակին մէջ յիշեցին հետաքրքրական ու յուզիչ դէպք մը, երբ 2013 թուականին Զուքերման Երեւան եկած է, հայ երաժիշտները անոր քով տարած են հայաստանցի տաղանդաւոր ջութակահարուհի, երաժշտական դպրոցի սան Տիանա Ադամեանը, որ այդ ժամանակ տասներեք տարեկան եղած է: Զուքերման լսած է անոր կատարումը, հաւնած է եւ աղջնակը Գանատա տարած է՝ իր կատարողական դպրոցին մէջ ուսանելու համար: Այնուհետեւ երբ Զուքերման Լոնտոնի մէջ համերգ մը պիտի ունենար, «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնը առաջարկած է, որպէսզի իր խումբին հետ նուագէ նաեւ Տիանան։ Զուքերման քիչ մը դժուարութեամբ, բայց ի վերջոյ համաձայնած է եւ այդպէս հայ փոքրիկ աղջնակը նոյն բեմին վրայ նուագած է աշխարհի ամենանշանաւոր ջութակահարին՝ Զուքերմանին հետ: Այնուհետեւ անոնք երկուքով BBC ձայնասփիւռային կայանին մէջ համերգ-հարցազրոյց տուած են։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը
Երեւանեան հեռանկարներ»ը նոր էջ բացաւ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ՝ մեր երկիրը դասելով աշխարհի երաժշտական հսկաներու շարքին:
Ձեւաւորուած իւրայատուկ ստեղծագործական միջավայրը եւ ստեղծուած հնարաւորութիւնները հզօր խթան դարձան մեր կայացած երիտասարդ երաժիշտներու միջազգային յառաջխաղացման համար: Առաջին անգամ մեր երկրին մէջ հանդէս եկան աշխարհի լաւագոյն կատարողական ուժերը՝ նուագախումբեր, խմբավարներ, մենակատարներ եւ երգահաններ, որոնց այցերը բացառիկ էին նաեւ ողջ տարածքաշրջանին համար:
Մշակոյթը մեր երկրին համար ռազմավարական ոլորտ մըն է, որուն հզօրացման մէջ մեծ է «Երեւանեան հեռանկարներ» երաժշտական փառատօնի ներդրումը: Ան դարձաւ մեր երկրի խորհրդանիշերէն մին, որով առաւել ճանչցուեցաւ Հայաստանը եւ կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին շատերու համար սիրելի դարձաւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024