ՀԱՊԿ-Ի ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան «Միր 24» ռուսական հեռուստակայանին մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ՀԱՊԿ-ի եւ Երեւանի միջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) ուղղուած չէ ոեւէ մէկուն դէմ։ Այդ պայմանագիրը ստորագրած պետութիւնները ելակէտ ունեցած են կազմակերպութեան գօտիէն ներս անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի այն հաւաքական գօտիին, որ կը գոյանայ համատեղ ջանքերու արդիւնքով։ «Մեր դիրքորոշումը այսպէս է եւ որքան արագ ընթանայ ՀԱՊԿ-ի ժամանակակից իրականութեան յարմարանալը, այնքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն համար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Հարցազրոյցի ընթացքին հարց տրուեցաւ, թէ որո՞նք են ՀԱՊԿ-ին ու մասնաւորապէս Հայաստանին սպառնացող հիմնական վտանգները։ Ի պատասխան Սերժ Սարգսեան յայտնեց. «Արդի աշխարհին մէջ սպառնալիքներն ու վտանգները ի յայտ կու գան զանազան եղանակներով։ Անվտանգութեան սպառնալիքները բազմաշերտ են։ Յստակ մեզի համար սպառնալիք է մեր տարածքաշրջանէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանին, որ կը փափաքի զէնքի միջոցաւ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Մենք Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորն ենք, այս պատճառով մեզի համար առաջին սպառնալիքը, առաջին մարտահրաւէրն է այս մէկը»։
Սերժ Սարգսեան նոյն յայտարարութիւններուն մէջ աւելցուց նաեւ, որ Հայաստան ընդամէնը 400 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի այն տարածքներէն, ուր գործունէութիւն կը ծաւալէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը։ «Սա կը նշանակէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները անուղղակի կապ ունին մեր անվտանգութեան հետ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ ԻՇԻՊ-ի գործողութիւններուն ներգրաւուած են ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներէն բազմաթիւ քաղաքացիներ։ «Վաղ, թէ ուշ մեր տարածքաշրջանին մէջ պիտի յայտնուին մարդիկ, որոնք արդէն ռազմական փորձառութիւն ունին, որոնք կը դիմեն բարբարոսական մեթոտներու եւ կրնան յաւելեալ բարդութիւններ ստեղծել առանց այդ ալ փխրուն կայունութիւնը պահպանելու գործին մէջ։ Մենք, դժբախտաբար, շփման գծի միւս կողմէն կը լսենք արաբերէն խօսակցութիւններ եւ այլ ձայներ։ Մենք կը կարծենք, որ մարդիկ, որոնք հեռացած են Մերձաւոր Արեւելքէն, կը ներգրաւուին մեր տարածքաշրջանի հակամարտութիւններուն մէջ։ Սա, ի հարկէ, շատ վտանգաւոր է։ Ժամանակակից աշխարհի մէջ շատ այլ սպառնալիքներ եւս կան, անոնք շատ են», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Անդրադառնալով ՀԱՊԿ-էն ներս Հայաստանի դերակատարութեան՝ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ երկիրը այդ կազմակերպութեան հիմնադիր պետութիւններէն մին է եւ այս հանգամանքը յաւելեալ պատասխանատուութիւններ կը բերէ Երեւանի ուսերուն։ «Մենք մեր դերը կը տեսնենք կազմակերպութեան կողմէ դրուած պահանջներն ու պարտաւորութիւնները կատարելու մէջ։ Որովհետեւ, ես կը կարծեմ, որ սա առաջին գործն է, պէտք է ընեն իւրաքանչիւր կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրները, որոնք կը փափաքին, թէ տուեալ կազմակերպութիւնը ըլլայ ուժեղ։ Աշխարհ կը փոխուի, քսանհինգ տարի առաջ, հաւանաբար, ոչ ոք կը մտածէր, թէ ահաբեկչութիւնը ընդհանրապէս ի յայտ կու գայ եւ այսքան մեծ ծաւալներու կը հասնի։ Ասոր համար մեր կազմակերպութիւնը պէտք է յարմարի, զարգանայ։ Անցեալ տարի Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի նիստին ժամանակ մենք ընդունեցինք հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութիւնը մինչեւ 2025 թուականը։ Կազմակերպութեան մօտ մեր նախագահութեան սկիզբէն իսկ սա առաջնահերթութիւն էր մեզի համար ու մենք կարողացանք զայն կեանքի կոչել։ Այդ ռազմավարութեան մէջ յստակ մատնանշուած են բոլոր ուղղութիւններով մեր կազմակերպութեան զարգացման հիմնական դրոյթները։ Ես կը կարծեմ, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ միւս հետաքրքրուած անդամներուն համար կարեւոր է ՀԱՊԿ-ի զարգացումը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Սերժ Սարգսեան չփափաքեցաւ բաղդատութիւն մը կատարել ՀԱՊԿ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ։ Իր խօսքերով, որեւէ կազմակերպութիւն ստեղծման պահէն սկսեալ կը հետապնդնէ իր նպատակները, իր առաջադրանքները եւ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն կը կայանայ իւրովի։ «Մենք պէտք է հաշուի առնենք այն ճանապարհը, որով անցած են փորձառու կազմակերպութիւնները։ Որեւէ ամօթ բան չկայ դրական փորձառութիւնը իւրացնելու մէջ։ Ես կը կարծեմ, թէ նպատակներն ու առաջադրանքները, զորս իրենց առջեւ դրած են անդամ պետութիւնները մեր կազմակերպութեան ստեղծման ժամանակ, իրատես են ու ձեռնտու անդամ բոլոր երկիրներուն համար։ Այս պատճառով կը կրկնեմ՝ մեր խնդիրը ՀԱՊԿ-ն զարգացնելն է, մենք պէտք է զարգանանք, որպէսզի ուրիշներ փորձեն մեզ բաղդատել այլ կազմակերպութիւններու հետ», ընդգծեց Սերժ Սարգսեան։