ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը, որու պատուոյ հիւրն էր Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք։ Ինչպէս իսլամաց ծոմապահութեան շրջանին կը կատարուի երկար ժամանակէ ի վեր, այնպէս ալ այս տարի Մեծ պահքի շրջանին նոյն օրինակով կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որ համախմբեց ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։ Սրահէն ներս ստեղծուած մթնոլորտը ինքնին համակեցութեան պատգամ մըն էր։ Բացման աղօթքը արտասանեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ելոյթներով հանդէս եկան Վէյսի Քայնաք, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ։
Ներկաներու շարքին էին Հրէից Րաբունապետ Իսաք Հալեւա, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, քաղաքիս այլ յարանուանութիւններէն հոգեւոր առաջնորդներ եւ փոքրամասնական համայնքներէ ներկայացուցիչներ։ Հրաւիրեալներու կարգին էին մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր։
Ասորի Կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Սաղ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը, իսկ Իսթանպուլի փոխ-միւֆթի Էօմէր Էրտէմ արտասանեց ընթրիքի փակման աղօթքը։
Սեղանակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ եւ լսեցին Վէյսի Քայնաքի ելոյթը։