ԿԱԶԶԷՆ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ Է ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ
Փետրուարի վերջին օրերուն պաղեստինեան Կազզէ արձակուած հրթիռը նոր լարուածութեան դուռ կը բանար հակամարտող կողմերուն միջեւ:
Քանի մը ամիսէն իսրայէլեան բանակին եւ Կազզէի պաղեստինեան ջոկատներուն միջեւ «լայնածաւալ» գործողութիւններէն անցած պիտի ըլլան երեք տարիներ: Ու այս ամբողջ շրջանին կողմերէն ոչ մէկը կը թաքցնէ, որ լրջօրէն կը պատրաստուի յաջորդ պատերազմական փուլին, որ պիտի ըլլայ աւելի «մեծ» եւ աւելի «ճակատագրական»:
Յիշեցման կարգով պէտք է նշեմ, որ 2014 թուականի Օգոստոսին սկիզբ առած Կազզէի պատերազմը տեւեց քառասունինն օր: Պատերազմական գործողութիւնները աւարտեցան ի նպաստ ոչ ոքի: Մինչ իսրայէլեան կողմը տուաւ եօթանասուներեք զոհեր (որոնց վեցը քաղաքացիներ էին), իսկ զոհուած պաղեստինցիներուն թիւը հասաւ երկու հազար երեք հարիւրի:
Այդ պատերազմի ամենէն մեծ հարուած կրողները եղան պաղեստինցի եւ ՄԱԿ-ի ԻՒՆԻՍԷՖ-ին պատրաստած տուեալներով՝ Կազզէի վերջին պատերազմին զոհուեցան հինգ հարիւր չորս երախաներ:
Այս բոլորէն զատ մեծ աւերուածութիւններու ենթարկուած Կազզէ քաղաքը ցայսօր ալ չէ յաջողած իր «վէրքերը բուժել»: Քաղաքին մէջ աճ արձանագրած է անգործութիւնը եւ քիչ չէ թիւը այն բանկիչներուն, որոնք տարբեր միջոցներով կը փորձեն հեռանալ իրենց ծննդավայրէն:
Այս բոլորէն անդին «Համաս»ի տիրապետութեան տակ ապրող այդ հատուածին մէջ կը տիրեն բաւականին ծանր պայմաններ: «Աշխարհէն կտրուած» վիճակով գոյատեւող Կազզէն կ՚ենթարկուի կրօնական թեքում ունեցող «Համաս»ի օրէնքներուն, որոնք հեռու են քաղաքացիական պետութեան համակարգով ապրող պետութիւն մը ըլլալու դրուածքէն:
Աւելի՛ն, «Համաս»ի ստեղծած համակարգին մասին յստակ, բացորոշ եւ բացայայտ տեղեկութիւններ չեն հրապարակուիր ու շարժումը կը շարունակէ «իր ոճով» եւ բաւական «մութ» պայմաններու տակ ղեկավարել իրեն բաժին ինկած քաղաքը:
Վերադառնալով անցեալ պատերազմի մասին ընդհանուր գնահատականին՝ հարկ է նշել, որ պատերազմի «արդիւնքները» երբեք ձեռնտու չեղան Իսրայէլի կառավարութեան համար: «Քանդենք բոլոր պաղեստինեան գետնուղիներ»ը կարգախօսով մէջտեղ եկած գործողութիւնը ոչ միայն չյաջողեցաւ դրական արդիւնքներ արձանագրել, այլ ակամայ նպաստեց Կազզէի պաղեստինեան դիմադրութեան անպարտելի ըլլալու դրոյթին կարծրատիպացման:
Իսրայէլեան օդուժին կողմէ երեսուն նկուղներու ոչնչացումը դրական ազդեցութիւն չունեցաւ եւ չսատարեց «Համաս»ի զինուորական թեւին՝ «Ըզ ալ տին ալ Քասամ»ի ջոկատներու «թեւաթափման»:
Ու այդ եօթ շաբաթներու ընթացքին նոյն ջոկատներու անունով հանդէս եկող «Ապու Օպայտա»ի պատկերասփռուած «պատգամ»ները «ահուսարսափ» տարածեցին Կազզէի մերձ գտնուող իսրայէլեան քաղաքներու բնակիչներուն համար:
Այսքանը 2014 թուականի պատերազմին մասին: Ինչ կը վերաբերի այսօրուան ընդհանուր վիճակին, եւ ինչպէս վերը նշեցինք Փետրուարին իսրայէլեան «Ասքալան» շրջանին վրայ Կազզէէն արձակուած հրթիռին վերաբերեալ, ապա պէտք է յստակեցնել երկու կարեւր հանգամանք:
Ա. Հրթիռը դէպի Իսրայէլ արձակող կողմը «Համաս»ը չէր:
Բ. Արձակուած հրթիռին դէմ Իսրայէլի հակադարձումը կը կատարուէր բաւական ուշ, զարմացնելով նոյնիսկ «Համաս»ի ղեկավարները:
Այդ զարգացումէն անմիջապէս ետք «Ալ Քասամ»ի բանբերը՝ Ապու Օպայտա պատկերասփռուած «պատգամ»ով կը յայտարարէր, որ իրենք պատրաստ են պատերազմի: Հակառակ Ապու Օպայտայի այս յայտարարութեան, «Համաս»ի մօտիկ մէկէ աւելի պատասխանատուներ կը յայտնէին, որ Իսրայէլի վրայ նետուած հրթիռը «իրենց կողմէ» արձակուած չէ:
Ու այս առիթով առաջին անգամ յայտնի կը դառնար, որ Կազզէի մէջ բացի «Համաս»էն կան նաեւ այլ կողմեր։ Անոնք նոյնպէս արմատական են եւ գտնուելով «Համաս»ի ազդեցութեան գօտիէն դուրս, կը կատարեն «յատուկ պատուէրներ»:
Այս իրադրութեան մէջ սակայն յստակօրէն երեւելի կը դառնար, որ իր ներքին ընտրութիւններուն պատրաստուող «Համաս» շարժումը շատ ալ «անհանգիստ» չէր այդ հրթիռներու պատմութենէն:
Գալով իսրայէլեան կողմին, պէտք է նշել, որ անցնող շաբաթներուն Իսրայէլի մամուլին մէջ բարձրաձայնուող հիմնական թեման կը հանդիսանար 2014 թուականի պատերազմին ընդհանուր «սայթաքումներ»ուն քննարկումը եւ հոն է նաեւ, որ հանրութիւնը սուր քննադատութիւններ կ՚ուղղէր երկրի զինուորական հաստատութեան՝ բանակին, յաճախ դիտարկելով, որ բանակի «սխալ վարմունք»ին եւ գործելաոճին հետեւանքով ոչ միայն պաղեստինեան դիմադրութեան «գլխաւոր յենարան» հանդիսացող նկուղային անցքերը քանդուեցան, այլ սկսաւ ամրանալ «Ալ Քասամ»ի անպարտելի մարմին մը ըլլալու տեսակէտը:
Այսքանէն անդին յստակօրէն կը բնորոշուէր, որ Իսրայէլի Կազզէի դէմ նոր պատերազմը դարձած է անխուսափելի:
Խաղաղութիւն կերտելու վերաբերեալ երկու կողմերուն սուր տարակարծութիւնները եւ Սպիտակ տան մէջ Նեթանիյահու-Թրամփ հանդիպման լոյսին տակ հրապարակուած վերլուծութիւնները։ Անոնք իրենց կարգին ցոյց կու տային, որ Նեթանիյահուի կառավարութեան Կազզէի դէմ նոր լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու սկսելու գործընթացը ունի քաղաքական «կանաչ լոյս» եւ այսօր պակսողը ամրագրումն է «ժամկէտ»ի մը, որուն շնորհիւ իսրայէլեան բանակը պիտի սկսի իր նոր պատերազմին շուրջ 2 միլիոն բնակչութիւն հաշուող Կազզէի դէմ:
Խօսելով «Համաս»ի մէջ տեղ գտնող եւ հասունցող քաղաքական ընդհանուր ընթացակարգին մասին, պէտք է դիտարկել, որ վերջին շրջանին այս շարժումի Կազզէի նախկին վարչապետը՝ Իսմաիլ Հանիա բաւական արագ քայլերով կը պատրաստուի ընտրուիլ նոյն կազմակերպութեան «քաղաքական գրասենեակ»ի ներկայացուցիչ: Հանիա, որ ընտրուելու պարագային պիտի փոխարինէ Խալէտ Մըշհալը (վերջին տասնմէկ տարիներու շարժումի քաղաքական ներկայացուցիչ), հանրութեան կը ներկայանայ նոր մօտեցումներով: Ու հակառակ Եգիպտոսի իշխանազուրկ նախագահ Մուհամմէտ Մուրսիի բանտարկութենէն եւ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսիի երկրի ղեկը ստանձնելէն ի վեր երկու կողմերուն միջեւ երեւելի դարձած «սառնութեան», այսօր յստակ է, որ Հանիա սկսած է դառնալ Գահիրէի «նախասիրած» գործիչներէն մին:
Սիսի, որ գործնական քայլեր իրականացնելով «փակել տուաւ» Ռաֆահ-Կազզէ բոլոր գաղտնի ճանապարհները, ներկայիս ալ յստակ քայլերով կը փորձէ իր ձեռքին մէջ պահել «պաղեստինեան խաղաքարտ»ը:
Մինչ մէկ կողմէ Գահիրէ «տուն կու տայ» եւ իր մօտ «կը պահէ» Ֆաթհի առաջին դէմք ըլլալու յաւակնորդ Ահմատ Տահլանը, այսօր ալ յստակ է, որ միւս կողմէ կը նայի «Համաս»ին ու անոր նոր առաջնորդին հետ «լեզու գտնելէ» ետք պիտի փորձէ պաղեստինեան երկու կողմերուն տնօրինող «հայրը ըլլալ»:
Այս տուեալը նշեցի, որովհետեւ Իսրայէլ-Պաղեստին որեւէ բախումի պարագային եւ ինչպէս միշտ կարեւոր դեր եւ ընելիք պիտի ունենայ Գահիրէն:
Այդ մէկը բնականաբար չի վերաբերիր զինուորական երեսակին, այլ խօսքը լարումը մեղմացնելու համար ըլլալիք հարթակ մը ստեղծելու մասին է ու չի բացառուիր, որ Գահիրէ, ինչպէս 2014 թուականին, այսօր ալ կարեւոր դեր մը ստանձնէ:
Վերը խօսք գնաց ամերիկեան «կանաչ լոյս»ին մասին ու գաղտնիք ալ չէ, որ ամերիկեան «այո՛»ն պայմանաւորուած է ոչ միայն տեղ տալով իսրայէլեան կողմի պատերազմի սկսելու «բուռն փափաքներուն», այլ հաշուի առնելով արաբական ընդհանուր գետինը ու այս փուլին մասնաւորապէս Գահիրէի կեցուածքը, որ մինչեւ այս պահը շրջանին մէջ հանդէս կու գայ բաւական հաւասարակշռուած եւ «խաղաղութեան համար պայքարող»ի դիրքերէ:
Ամէն պարագայի չի բացառուիր, որ Կազզէն դարձեալ թիրախ դառնայ իսրայէլեան նոր եւ անցեալ անգամներէն շատ աւելի արիւնալի պատերազմի մը:
Իսրայէլի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս կարեւոր հանդիսացող զինեալ բախումներ ունենալու օրակարգը վերջին տարիներուն դարձած է նախընտրանք քաղաքական իշխանութեան մը համար, որ «նեղը մնալու» պահուն իր պահարանէն կը հանէ պատերազմի շեփորը։ Ան յառաջացած ծանր ու քաոսային դրութեան մէջ կ՚օգտուի ստեղծուած վիճակէն ու իր հանրութեան մօտ հակապաղեստինեան զգացումներու հրահրումով կը ստանայ համապատասխան արձագանգ:
Այդ արձագանգը անշուշտ լսելի պիտի դառնայ իսրայէլեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որոնք նախատեսուած են 2019 թուականին:
Ամէն պարագայի երկու կողմերուն համար լուծում չբերող որեւէ պատերզամի անմիջական զոհերը պիտի դառնան անզէն բնակչութիւնը եւ ինչպէս միշտ, անպաշտպան դրութեան մէջ ապրող Կազզէի խաղաղ բնակչութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան